Տապանի Լերան Վրայ` Հայերու Եւ Քիւրտերու Միջեւ

ԱԶԱՏ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Երբ կը կորսնցնենք մեր մտերիմ ընկերը, որդին կամ ծնողը, դատարկութեան եւ լքուածութեան զգացում մը կ՛ապրինք: Կեանքիս գրեթէ կէսը նուիրած եմ պատմահնագիտական հետազօտութիւններու եւ այդ տարիներուն ընթացքին յաճախ կորսնցուցած եմ ինծի համար թանկ ու հարազատ ընկերներ: Անոնց հեռանալուն պէս ինքզինքս զգացած եմ դատարկ, միայնակ եւ անկարող` շարունակելու համար ապրիլ ու գործել: Կը յիշեմ մօրս խօսքերը, որոնք նման պահերուն զիս քաջալերելով եւ կարծես խոր քունէն արթնցնելով` ոտքի կը հանէին: Սակայն ինձմէ հեռացաւ նաեւ մայրս` ձգելով զիս անասելի դատարկութեան եւ խոր լռութեան մէջ: Չէ՞ որ մայր կորսնցնելը բոլորովին այլ բան է: Այսպէս, որոշեցի երկար տարիներու յուշերս յանձնել թուղթին եւ ներկայացնել ընթերցողին:

Երազներուս մէջ յաճախ կը տեսնեմ Արարատ լերան հարաւային կողմը` երեք հազար մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող քրտական այն վրանը, որ ինծի պատահած ողբերգական իրադարձութիւններէն ետք դարձած էր առաջին տունս: Ընտանիքի մայրը, որ հիւանդութիւններու պատճառով կորսնցուցած էր իր ութ զաւակները, դեռ ունէր վեց դուստր եւ մէկ որդի: Անոր մեծ մայրը հայ էր: Փրկուած էր 1915-ի կոտորածի ժամանակ քիւրտ հովիւներու կողմէ: Ուսումնասիրութեանս համաձայն, հայերու ցեղասպանութեան տարիներուն Արարատ լերան վրայ ապրող շատ հայեր բռնի կերպով իսլամացած եւ քիւրտ ընտանիքներու մաս կազմած են: Ամենեւին հեշտ չէր արգիլուած գօտիի մէջ հետազօտութիւններ կատարելը, ուր թրքական զօրքի եւ քիւրտերու միջեւ ռազմական բախումները շարունակական բնոյթ կը կրեն, եւ հրաձգութիւններն ու ձերբակալութիւնները կարծես վերջ չունին: Խաղաղութիւնս կը գտնէի ինծի ծանօթ քիւրտ ընտանիքի մը վրանին մէջ:

Արարատի հարաւային կողմը` 3500 մեթր բարձրութեան վրայ այս ընտանիքը ունէր ամենաբարձր արօտավայրը: Անոնց համար գնեցի դմակաւոր ոչխարներ: Գիշերները կովկասեան հուժկու քամիի սուլոցին հետ ականջիս կը հասնէին հինգ հարիւր ոչխարներուս մայիւնը: Կէսօրին, երբ կը մագլցէի վայրի լեռը, լաւաշի անուշ բոյրը կարծես զիս կ՛արթնցնէր քունէն` ստիպելով հայեացքս պահ մը դարձնել լերան հիւսիսարեւմտեան կողմը, ուր Արաքս գետէն այն կողմ բարեբեր Հայաստանն էր` երկրորդ հայրենիքս: Այնտեղ եւս հացը նոյնն էր, նոյն անունն ունէր, եւ կեանքն ալ հայ հովիւներուն համար Արագած լերան վրայ դիւրին չէր այնպէս, ինչպէս Արարատ լերան վրայ իմ քիւրտ ընկերներուս համար: Ձուկերով հարուստ Արաքսը` գետի ափերուն պտղատու ամէն տեսակ իր ծառերով, դարձած է անիմաստ եւ աւելորդ, անանցանելի սահման երկու ժողովուրդներու միջեւ: Քսանհինգ դար շարունակ Արարատը յանձնուած էր իր հայ խնամակալներուն, որոնք լերան մինչեւ 2500 մեթր բարձրութեան վրայ ժամանակին հողամշակութեամբ կը զբաղէին, որուն մասին կը վկայեն լերան բարձունքներուն իմ կողմէս յայտնաբերուած հսկայական ալրաղացները: Տխուր փաստ է այն, որ այդ տեղանքները այսօր անմշակ են եւ բնակեցուած` սողուններով: Առաջին տարիներու կատարած հետազօտութիւններս պարզեցին, որ հայաստանեան թանգարաններու մէջ եւ, յատկապէս, Վենետիկի Ս. Ղազար հայոց կղզիին մէջ Արարատի եւ Նոյեան Տապանի վերաբերեալ բազմաթիւ հին ձեռագիր մատեաններու եւ քարտէսներու մէջ մատնանշուած է Նոյեան Տապանին ճշգրիտ վայրը, ուր հայերու կողմէ դարեր շարունակ գաղտնի կերպով ուխտագնացութիւններ իրականացուած են` քահանաներու ուղեկցութեամբ: Այս հին ձեռագիրներն էին, որ զիս ուղղորդեցին դէպի աստուածաշնչական լերան քարանձաւները: Գրի առի այն հայ հովիւներուն վկայութիւնները, որոնք 1915 թուականէն սկսեալ մասնակցած էին նման ուխտագնացութիւններու: Անոնց վկայութիւններէն շատերը կը զուգադիպէին իրարու, եւ ես փորձեցի գտնել լերան վրայ գտնուող համապատասխան այդ վայրերը, յատկապէս` 1916 թուականին ցար Նիկոլայ երկրորդի շուրջ 150 մարդոց վկայութիւնները Արարատի վրայ սեւ խորխորատի վերաբերեալ: Ասոնք մարդիկ են, որ զիրար չեն ճանչցած իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին, սակայն անոնց պատմած մանրամասնութիւնները ակնյայտ նոյնանման էին: Օրինակ այն, որ տեղանքը միակողմանի ուղղաձիգ կիրճ էր, որուն ծայրը տապանն էր կամ` տապանին մնացորդները…

Շատ հետաքրքրական էր լսել 1970 թուականի մահէն քիչ առաջ, հայ հովիւի` Գէորգ Յակոբեանին վկայութեան ձայնագրութիւնը այն մասին, թէ ինչպէս երեխայ ժամանակ` 1902 եւ 1904 թուականներուն, երկու անգամ տապանին վրայ եղած է: Ուխտագնացութեան ժամանակ, հօրեղբօր հետ միասին, յաջողած է քալել աստուածաշնչական տապանի տանիքին վրայ: Պարզեցի, որ այդ տեղանքը Ահոր եւ Պառոտ կոչուող կիրճերուն միջեւ է, որ ժամանակին հետազօտած եմ: Ցաւալի պատահարը, որ տեղի ունեցաւ լերան 4000 մեթր բարձրութեան վրայ, կանգնեցուց զիս, սակայն յաջորդ տարի վերսկսելով հետազօտութիւններս` վերջապէս կրցայ գտնել հայերու գաղտնի կայքը: Այդ կախարդական վայրին յիշողութիւնը` 1915 թուականին, լերան վրայ քրիստոնեայ հայերու բնաջնջումէն ետք անհետացած էր: Մինչ այս, անցեալին փայտէ զանազան հին գերաններ գտած էի լերան բարձունքներուն: Հետաքրքրաշարժ է այն փաստը, որ բոյսերէ զուրկ այս լեռը, աւելի քան 4300 մեթր բարձրութեան վրայ կը կրէ Միջագետքին բնորոշ բոյսերու մնացորդներ, 2700 տարուան հնադարեան նետեր եւ հինաւուրց կուռք` աւելի քան 4000 մեթր բարձրութեան վրայ: Պատմական հնագոյն ձեռագիրները եւ այս դաշտին մէջ կատարած հետազօտութիւններս խաչուելով իրարու` վերջապէս ցոյց տուին իրենց անհաւատալի արդիւնքները: Կազմակերպուեցան շարք մը գիտաժողովներ, նաեւ` միջազգային:

Արարատին նուիրուած ցուցահանդէսները` սկսած Վենետիկ քաղաքէն, այս ամէնը, կրնային ըլլալ տարիներու կատարած աշխատանքիս վարձատրութիւնները: Լերան վրայ իմ կողմէս յայտնաբերուած ալրաղացները միակը չէին, որ կը վկայէին հայ հին ժողովուրդին մասին, այլ գտայ նաեւ գիւղեր եւ փոքրիկ քաղաքներ Արարատի բոլոր լանջերուն, մինչեւ իսկ` լերան բարձունքներուն: Գիւղերէն մէկուն մէջ, լերան 2700 մեթր բարձրութեան վրայ յայտնաբերեցի կարպետներէ պատրաստուած մանուկի օրօրոց, որով Ցեղասպանութենէն առաջ հայ հովիւները ձիերու վրայ երեխայ տեղափոխած են: Լերան այլ տեղանքներու մէջ գտայ նաեւ զանազան զարդեր, ապարանջաններ եւ յուռութներ: Հնագոյն քրիստոնէական եկեղեցիները, ոռոգման ջրատարները, ախոռները եւ բակերը կը խօսէին լաւ կազմակերպուած եւ զարգացած քաղաքակրթութեան մասին: Հնագոյն եկեղեցիներու ոճը նոյնն էր, ինչ որ տեսած էի Հայաստանի մէջ: Քրիստոնէական այս կառոյցները շատ են Անատոլուի մէջ` մինչեւ Վանայ լիճ: Անոնցմէ շատերը այսօր ալ լաւ պահպանուած վիճակի մէջ են: Քիւրտ զինեալներու ուղեկցութեամբ այցելեցի այն քարանձաւները, որոնք ծառայած էին որպէս հաւաքական գերեզմանոցներ: Ահա աչքիս առջեւ էր այն, ինչ որ շուրջ մէկ դար արդէն կը թաքցնեն թուրքերը: Հազարաւոր հայերու` կիներու եւ երեխաներու ոսկորներ… Այդ քարէ սպանդանոցին մէջ հայերէն շատերը սպաննուած էին հիմնականին մէջ դաշոյններով:

Այս ամէնը լուսանկարեցի եւ տեսանկարեցի, քարտէսագրեցի այդ տեղանքները, ինչ որ հետագային ներկայացուցի տարբեր մակարդակի գիտաժողովներու ընթացքին: Բոլորը կ՛ապշէին, երբ կը տեսնէին քանի մը տարուան հաւաքած աշխատանքիս պտուղները` լուսանկարները եւ փաստերը: Հայ ժողովուրդը կատարելապէս անտեղեակ էր Արարատի վրայ նման տեղանքներու եւ այնտեղ կատարուած ողբերգական մանրամասնութիւններու մասին: Մեծագոյն ուրախութիւն էր ինծի համար ջերմօրէն ընդունուիլ հայ հասարակութեան մէջ, հայկական համալսարաններու մէջ, վեհափառ հօր` կաթողիկոսի մօտ: Ցեղասպանութեան յիշողութիւնը ամենեւին ալ մարած չէ եւ արիւնն ալ, որ թափուած է այդ աստուածշնչական սուրբ լերան վրայ, այլեւս չի կրնար լռել, այլ այսօր արդէն յետմահու արդարութիւն կը պահանջէ:

Արարատ լերան վրայ վերջին հետազօտութիւններու ժամանակ յայտնաբերեցի պատմական հին ձեռագրերու մէջ յիշատակուող Սուրբ Յակոբի հնագոյն աղբիւրը: Կը պատմուի, որ մինչ Նոյեան Տապանի մնացորդներուն հասնիլը, հայ ուխտաւորները կը խմէին այդ աղբիւրէն: Այս զարմանահրաշ աղբիւրին ջուրը յայտնի էր իր բուժիչ յատկութիւններով: Ըստ աւանդութեան, ան կը բուժէր նաեւ մարդոց ամլութիւնը: Աղբիւրը կը գտնուի Ահոր կոչուող տեղանքին մէջ, ուր քիչ հեռու ալ ճգնաւոր Յակոբ Մծբնեցի հայրապետին գերեզմանն է: Ըստ աւանդութեան, դէպի Նոյեան Տապան ուղեւորուող ուխտաւորները սովորութիւն ունէին քար դնել Ս. Յակոբի գերեզմանի մօտ ու խնդրել անկէ, որ դիւրացնէ Տապան տանող դժուարանցանելի ճանապարհը: Գերեզմանէն քիչ հեռու խաչքար է, ուրկէ ալ կը սկսէր Տապան տանող ուղին:

Արդէն հրատարակուած կան շարք մը գիրքեր, որոնց կարգին` «Արարատ, խորհրդաւոր լեռը» խորագրով, իտալերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Նոյն խորագրով հրապարակուեցաւ փաստավաւերագրական տեսաժապաւէն մը` իտալերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Շուտով պատրաստ կ՛ըլլան նաեւ սպաներէն եւ հայերէն: Ժապաւէնին բեմադրիչն է Ռոպերթօ Սորամայէն: Ժապաւէնին մէջ հաւաքուած են աւելի քան քսան տարիներու հետազօտութիւններս Արարատ լերան վերաբերեալ: Մանրամասն տեղեկութիւններու համար այցելել www.noahsark.it

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )