Ա՛լ Կը Բաւէ
ԱՅԲ
Փակ խանութներ, մոմավառութիւն, հսկում, եկեղեցական արարողութիւններ, բաժնուած դաւանանքներու խօսքեր, քայլարշաւներ, ձեռնարկներ, համատարած սուգ…
Ահա ապրիլ 24, նոյն ապրիլ 24-ը, 50-ամեակ, 80-ամեակ, 90-ամեակ եւ ահա` 98-ամեակ…
Քաղաքակիրթ լոզունգներ, արդարութեան խնդրանքներ, կոչեր… բոլորը` թուղթի վրայ մելան… ի՞նչ փոխուած է, միջազգային ճանաչո՞ւմ, այո՛, բանաձեւեր` աշխարհի չորս ծագերուն, Սեւրի նման թուղթերու վրայ մնացած գիրեր եւ անիմաստ խօսքեր` արտասանուած խորհրդարաններու մէջ, որոնք կ՛արձագանգեն պատմութեան ու մոռացութեան սահմաններուն…
Պայքար ու պահանջատիրութիւն. երկու բառեր, որոնք կ՛արտասանենք 98 տարիէ եւ աւելի, բայց արդեօք անոնց իմաստը մոռացութեան ալիքներո՞ւն յանձնած ենք…
Պահանջը ներկայացնել ու ատոր տէր կանգնիլ, պայքարիլ դատի համար… բայց ինչպէ՞ս…
Րաֆֆին գծեց ուղին, հարթեց ճամբան, պոռթկաց, արեան դիմաց արիւն պահանջեց, զէնքի դիմաց զէնքի կոչ ուղղեց, արթնցուց ժողովուրդը, եւ արմէնականներ, հնչակեաններ ու դաշնակցականներ ոտքի կանգնեցան ամբողջ ժողովուրդի մը դատը իրենց ուսերուն առնելով, ընդդէմ բռնակալ թուրքին, մինչ Պոլսոյ ամիրաները, ազգային ջոջերն ու իշխանութեան մանկլաւիկները անձնական շահերէ մեկնած, նիւթական փառքերով եւ ինչքեր կորսնցնելու վախէն կուրացած, «շուն յեղափոխականներ» երգելով քաղաքակրթութիւն ու արդարութիւն քարոզելով` փորձեցին մահաքունի մտցնել մեր քաղաքակիրթ ժողովուրդը…
Ահա հասաւ 1915-ը, թուրք եղբայրը, որ չէր յանդգներ Զոհրապին դպչելու, ճզմեց անոր գլուխը, իսկ Սիամանթոն թքնե՛ց մարդկային արդարութեան ճակտին` թքնելով նաեւ քաղաքակրթութիւնը եւ զայն ներկայացնող քաղաքակիրթ աշխարհի ճակտին…
Մեր խեղճ ու կրակ մորթուած ժողովուրդի մնացորդացը ննջեցելոց երգեց 50 տարի շարունակ, մինչեւ որ Սիամանթոյի թուքը տեղ գտաւ, ու թքնեց նաեւ ժողովուրդը, եւ վերջապէս վրիժառու բազուկները շարժեցան, արթնցան Սագոն, Սիմոնը, Վաչէն, Արան ու Սեդրակը, արթնցան Համբիկը, Րաֆֆին, Գէորգն ու Յովիկը… եւ արթնցան շատեր` կրկին արեան դիմաց արիւն, վրէժ…
Օշականը գոռաց. «Հէ՜յ պարոն վրէժ…»
Եւ ահա 98-ամեակ, 98 տարի, եւ այսօր մեր լիբանանահայ գաղութին մէջէն տակաւին ամիրաներ իրենց «չհաշուելիք դրամը կը հաշուեն ու կը հաշուեն», ազգային ջոջեր Սիամանթոյի անէծքները մոռցած` կրկին քաղաքակրթութիւն ու մարդկութիւն կը քարոզեն, ստորակայութեան բարդոյթներու ծովերուն մէջ խեղդուած մանուկներ հայութեան դասեր կու տան, այսօրուան պոռթկացող երիտասարդութեան խորհուրդ կը բաշխեն…
Երիտասարդութիւնը պոռթկաց, ձանձրացաւ այլեւս քաղաքակրթութենէն, թուղթի վրայ մելաններէն, սուտ պայքարի քարոզչութենէն, այն երիտասարդը, որ ամբողջ սրտով կ՛երդնու անբիծ պատուովը Լիզպոնին, ընդարձակել պայքարը հայուն, ձանձրացաւ Սագոյի, Սեդոյի, Արայի, Սիմոնի, Վաչէի սերնդակիցներուն քաղաքակիրթ պայքարէն, որոշեց պոռթկալ, պայթիլ, հայհոյել այն թուրքին, որ բռնաբարեց իր նախնիները, որոշեց վերադարձնել իմաստը պոռթկումին, մերժեց պարզապէս սգալ, մերժեց քաղաքակրթութիւնը, սորվեցաւ, դարեր կրկնուած իրականութիւնը «օտարից մեզ ֆայտա չկայ», որոշեց պարտադրել թուլամորթ հայուն պոռթկալ, որոշեց աշխարհին առջեւ այրել թրքական դրօշը, նոյն աշխարհին, որ մեր ցեղասպանները քաղաքակիրթ կը համարէ: Կը ներէ՛ք, բայց այսօրուան երիտասարդութիւնը չ՛ընդունիր նոյն քաղաքակրթութեան մէջ դասուիլ, եւ հրապարակաւ, Անթիլիասէն Պուրճ Համուտ, մինչեւ Հաճըն, մինչեւ Նահատակաց հրապարակ անիծեց թուրքին, հայհոյեց անոր ե՛ւ անոր մօրը…
Եւ, կրկին մեր նոր հանճարները, նոր պիտակներ գտան այս երիտասարդութեան` խուլիկաններ, փողոցայիններ… յիշեցուցին «շուն յեղափոխական» անուանումը… սխալ չհասկնաք, զինեալ պայքարը եւ այս տարի դրսեւորուած արդար ջղայնութեան արտայայտութիւնները չեմ նոյնացներ, բայց կ՛արդարացնեմ…
Աւելի՛ն. ժամանակավրէպ առաջարկներ լսելով` կը խնդամ ու կը վրդովիմ… 10-12 տարեկան մանուկներ դեսպանատան առջեւ կոչեր… Յիշեցնեմ «Նիր իսթ ռիլիֆ»-ի նկարը, տակաւին սեւ ճերմակ, ուր մեր որբերը հազարներով աստղ կազմեցին ամբողջ աշխարհին դիմաց, յիշեցնեմ նաեւ մեր խեղճ որբերը, թաղուած «Թռչնոց բոյն», Այնթուրա… Անոնք վերջին շունչով քաղաքակրթութի՞ւն պոռացին, կամ մեզի նման, զիրենք անմայր ու անհայր ձգող շուն թուրքին մօրը հայհոյեցին… Այդ եօթանասունը անց ծերունիները, զորս կ՛առաջարկէք դեսպանատուն ղրկել, արդեօք քանի՞ տարի իրենց կեանքէն անցուցին քալելով, կոչերով, կանչերով ու քաղաքակրթութիւնը խաղալով, բայց տակաւին հեռու են մայրենի հողէն…
«Պայքարը մեռեալ է, երբ սուգը յաւերժ է». ձեր աչքով դիտուած պայքարը մեզի համար սուգ է ու ամօթ, այն, ինչ որ դուք պահանջատիրութիւն կ՛անուանէք, մենք կը կոչենք խնդրանք, աղաչանք, իսկ ձեր անուանած փողոցայնութիւնը մեր ջղայնութեան, պոռթկումի արդար զայրոյթի արտայայտութիւնն է…
Թո՛ղ այպանէ մեզ օտարը, թող անքաղաքակիրթ կոչէ, նոյն օտարը չէ՞, որ թուրքը քաղաքակիրթ կը համարէ, նոյն օտարը չէ՞, որ կը քծնի անոր… Կոչեցէք մեզ խենթեր, մենք կը մնանք չակերտեալ «խենթեր», Արային ականջը խօսի… նոյն օտարը չէ՞, որ մեզ կոչեց տեռորիստներ… մինչ հայ ազգի զաւակներ արիւն կը թափէին, անփառունակ հայեր, իրենց ճամբորդութեան դրուելիք արգելքէն կը վախնային… մինչ ազնիւ ու համեստ հայեր իրենց եւ իրենց ընտանիքին բերաններէն օրուան հացը կը կտրէին, ուրիշներ իրենց օրականին կարօտով կը զբաղէին, իսկ ուրիշներ հազար պատճառաբանութիւններու ետեւ պահուըտած` դրամին կը քծնէին…
Ա՛լ կը բաւէ, կը բաւէ` քննադատենք, կը բաւէ` կեղծ վանդակներու մէջ ապիկարութիւններով զբաղինք, մեր մայրերն ու քոյրերը բռնաբարող թուրքին չհայհոյելը ո՞րն է, քաղաքակրթութի՞ւն կը պոռաք, երբ թուրքին եաթաղանը կը հասնի քու սուրիահայ եղբօրդ վիզին, երբ թուրքին փամփուշտը կը հարուածէ Ղարաբաղի հայ եղբօրդ ճակտին, երբ քաղաքակիրթ աշխարհը կը յիշէ քու թափած արիւնդ ու կեղծ բանաձեւերով կը շփացնէ քեզ…
Հազա՛ր փառք մեր «խուլիկաններուն», «խենթերուն», «փողոցայիններուն» ու «տեռորիստներուն»:
Ո՛վ քաղաքակիրթ ընթերցող, ահա քեզի արծաթեայ ափսէով առիթը կ՛ընծայեմ զիս ալ այպանելու… «Ազդակ»-ի բեմերէն ճակատաբաց կ՛ըսեմ. մայրը ****** թուրքին, որ բռնաբարեց մեր մայրերը, բացաւ անոնց փորը, չծնած զաւկին աչքերը փորելով ամենայն «քաղաքակրթութեամբ», կերցուց անոր հօրը եւ մորթեց զայն…
Մայրը ****** այդ թուրքին, թող հազար անէծք իջնէ անոր ու իր ընտանիքին, թո՛ղ կրակ թափի անոր գլխուն ու իր աչքով տեսնէ այն բռնաբարումը, նո՛յն անմարդկայնութիւնը, նո՛յն քաղաքակրթութիւնը, ի՛ր զաւակներուն, ի՛ր աղջիկներուն, ի՛ր մայրերուն…
Կը կրկնեմ, մայրը ****** այդ թուրքին…

