Մայիս, Մայրերու Ամիս. Մայրերու Օրը «Թռչնոց Բոյն»-ին Մէջ
Ս. Պ.
Տարին մէկ անգամ «Թռչնոց բոյն»-ի Տիկնանց յանձնախումբը կը հրաւիրէ մեր գաղութին մայրերը Ժիպէյլ քաղաքի «Թռչնոց բոյն»-ը` ներկայ ըլլալու մայիսեան մայրերու օրուան տօնակատարութեան: Ժամադրութիւնը յարգուեցաւ 7 մայիս 2013-ին: 250 հայուհիներ, մայրեր ներկայ եղան հաստատութեան սեղանատան սրահին մէջ` ներկայացնելու իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը, գնահատանքն ու յարգանքը` կատարուած աշխատանքին: Բոլորս գիտենք, թէ այս 90 տարեկան որբանոցին մէջ դանիացի Ճէյքըպսըն Մարիա եւ Աննա քոյրեր հրաշքներ գործած են իրենց անսակարկ նուիրումով` պահելու համար հազարաւոր որբեր, ծնողազուրկ մանուկներ, օսմանեան տիրապետութեան սարքած 1915-1920 թուականներու ցեղասպանութեան:
Ներկայիս «Թռչնոց բոյն»-ի հովանաւորութիւնը եւ հոգատարութիւնը ստանձնած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը` Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրական օրհնութեամբ:
Համախմբուած ենք ընդարձակ սեղանատան մէջ, սեղաններու շուրջ: Օրուան նախագահուհին` բժշկուհի Անժելա Յարութիւնեան-Չեմպերճեան ներկայ է իրեն ընկերացած յարգարժան հայուհիներով: Յանձնախումբին անունով «Բարի եկաք»-ի իր խօսքը կը ներկայացնէ Ազատուհի Խանզատեան, որ շնորհակալութիւն կը յայտնէ օրուան նախագահուհիին` իր ազնուաշուք ներկայութեան համար:
Վեհափառ հայրապետ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Մասիս ծ. վրդ. Զոպուեանի եւ Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեանի ներկայութեան ուղղուած բարի գալուստի խօսքէն ետք, հանդիսավար Ա. Խանզատեան կ՛անդրադառնայ մեր մայրերուն նուիրումին եւ անոնց օժանդակութեան, սրտաբուխ նուիրաբերումին` հանդէպ «Թռչնոց բոյն»-ին, սիրտէ սիրտ կամրջուած հոգեհարազատ գիտակցութեան:
Այս ուրախ առիթով պատրաստուած էր գեղարուեստական յայտագիր` արտասանութեամբ, երգով եւ հաստատութեան դպրոցին «թռչնիկներուն» մասնակցութեամբ: Հաճելի եւ նոյն ատեն` յուզիչ պահ մը:
Արտասանելու կը հրաւիրուի Մարինէ Եսայեան, որ կը ներկայացնէ երկու բանաստեղծութիւն` Աւետիք Իսահակեանէն եւ Պարոյր Սեւակէն:
Օրուան յայտնութիւնը եղաւ արուեստագիտուհի, բեմադրիչ-դերսանուհի Յասմիկ Թաշճեան-Պերթիզեանի երգարուեստի մատուցումը: Յասմիկ նոյն ատեն օժտուած է ձայնային ուշագրաւ շնորհքով: Ան քաղցրանուշ սոփրանօ մըն է դասական ու ժողովրդային երգերու ինքնուրոյն մեկնաբանութեամբ: Առիթը յարմար կը նկատենք կատարելու այս ակնարկը, Հայաստանի գեղարուեստա-թատերական ակադեմիայէն շրջանաւարտ Յասմիկ Թաշճեան-Պերթիզեանի երգարուեստի տաղանդին վերաբերեալ: Ան ոգեւորեց ներկաները ոչ միայն երգերով, այլեւ` ասմունքային արուեստով:
Ներկաները ճաշակեցին հաստատութեան խոհանոցին համեղ ճաշերը եւ իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին գնահատանքի ծափերով եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններով:
Օրուան խորհուրդին` մայրերու անգնահատելի նուիրումին մասին խօսելու հրաւիրուեցաւ Շահանդուխտ, որ նախ յիշեց դանիացի միսիոնարուհիներու հայանուէր առաքելութիւնը, ապա խօսեցաւ որբերու այն սերունդին մասին, որոնք «տուն շինեցին» որբանոցներու մէջ հասակ առնելէ ետք: Ան բաղդատական մը ըրաւ յետեղեռնի եւ մինչեւ 1970-ական թուականներու հայ մօր դերակատարութեան, ընտանիքին հայակերտման մթնոլորտը առողջ պահպանող սերունդին եւ ներկայ օրերու մայրերու մասին: Շահանդուխտ շեշտը դրաւ մեր թուաճին նահանջին: «Մայրութիւնը կ՛արդարանայ որդեծնունդով, ինչո՞ւ այսքան անտարբերութիւն` նոր օրերու մայրերուն վերաբերումին մէջ: Մեր թիւը կը պակսի շատ, նաեւ` խառն ամուսնութիւններու պատճառով: Մայրերն են մեր ազգին աճումին ախոյեանները, անոնց բացակայութեան դիւրութեամբ կ՛երթանք դէպի կորուստ: Ո՞ւր մնաց հայ ազգին տրուած «բազմածին» գնահատանքը, ըսաւ ան:
Յաջորդաբար խօսք առին հաստատութեան տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` իրենց աջակցութեան համար:
Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քերքեզեան հրաւիրուեցաւ իր սրտին խօսքը ուղղելու: Ան իր կարգին անդրադարձաւ բազմածնութեան անհրաժեշտութեան, ապա յիշեց Այնթուրայի բարձունքի Լազարեան միաբանութեան դպրոցին եւ երբեմնի օսմանեան որբանոցին, ուր Հալիտէ Էտիպ թրքուհի տնօրէնուհին սովամահութեամբ եւ դաւանափոխութեամբ չարչարեց մեր որբուկները: Անոնցմէ 300 որբերու գերեզմանները կան հոն, այցելեցէք` յիշելով նաեւ զանոնք ծնած եւ նահատակուած մայրերը:
Հուսկ` հրաւիրուեցաւ Մասիս ծ. վրդ. Զոպուեան` ներկայացնելու իր օրհնաբեր խօսքը: Հայր սուրբը գնահատեց «Թռչնոց բոյն»-ի առաքելութիւնը, հաստատութեան հովանաւոր Արամ Ա. կաթողիկոսին հետեւողական գուրգուրանքը նկատեց հայրական օրհնութիւն հաստատութեան խաղաղ եւ բարօր պահպանման: Ան դրուատեց մեր հայ մայրերուն նուիրումը ազգային դաստիարակութեան տեսակէտէն: Շեշտեց կարեւորութիւնը հայ ընտանիքներու հայակերտման աշխատանքին, որով կարելի պիտի ըլլայ միայն փրկել օտարամուտ բարքերու հետեւորդները: Հոգեմտաւոր դաստիարակութեան ճամբով հայը հայ պահելու առաջադրանքը համարեց կենսական, ամուր եւ անսասան մնալու համար մեր մշակութային եւ հոգեւոր արժէքներու պահպանման ճանապարհին, ըսաւ Մասիս ծ. վարդապետ:
Ներկաները ջերմ ծափերով արտայայտեցին իրենց գոհունակութիւնը:
Օրուան նախագահուհին, ներկայ մայրերը եւ կնոջական միութիւններու ներկայացուցիչները իրենց նուիրատուութիւնները կատարեցին: Մեկնեցան գոհունակ սրտով` իրենց հետ տանելով Աստուածամօր նուիրուած աղօթքի թերթիկներ, ծաղիկներ եւ Համբարձման տօնը խորհրդանշող ջան գիւլիւմի քառեակներ:

