Մեծն Արամ Խաչատրեանի Ծննդեան 110-Ամեակին Եւ Արին Չերչեանի Անթառամ Յիշատակին` ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» Պարախումբի Նուէրը Լիբանանի Հայութեան` «Լեռներու Կանչը» Հայ Երաժշտութեան Ու Պարարուեստի Անմոռանալի Ներկայացումով

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Լիբանանի արուեստասէր ընտրանին, պետական ու նախկին խորհրդային դիւանագիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին գլխաւորութեամբ մայր հայրենիքի դեսպանութեան անձնակազմը, ազգային եւ մշակութային հանրայայտ գործիչներ` հայ երաժշտութեան եւ պարարուեստի նուիրեալներ, հաւաքուած էին շաբաթ, 11 մայիս 2013-ի երեկոյեան Էմիլ Լահուտի անուան հանդիսասրահը` ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Արին» պարախումբի «Լեռներու կանչը» խորագրեալ ներկայացում-համերգին համար, որ հիացմունքի եւ գնահատանքի որոտընդոստ ծափեր խլեց ծայրէ-ծայր լեցուն հսկայական դահլիճէն…:

Արցախի ազատագրութեան պայքարին մասնակից, ջաւախեցի պարուսոյց-պարահաւաք Գագիկ Գինոսեան եւ տաղանդաշատ արուեստագիտուհի Գայեանէ Մածունեան կրցած էին կարճ ժամանակի մէջ սիրողական մակարդակէն անցնիլ արհեստավարժութեան դժուարին աշխարհը` երիտասարդ-երիտասարդուհիներէ, պատանիներէ եւ մանուկներէ կազմուած այս մեծ պարախումբը պատրաստել նուաճումի մը, որուն ականատես եղանք ու եղան բոլոր խստապահանջ ներկաները:

Համերգ-ներկայացման առաջին մասը հայ ազգագրական եւ ազգային պարերն էին, որոնք դարեր շարունակ գոյութիւն ունեցած են Արեւմտեան Հայաստանի, Ջաւախքի եւ Արեւելեան Հայաստանի, Արցախի մէջ` զարդարելով հարսանիքները, տօնախմբութիւնները, յաղթական ճակատամարտները… «Եարխուշտա», «Սղերդի Քոչարի», «Շատախի Ռազմապար», «Փափուռի» եւ այլ խմբապարեր, որոնք հիանալիօրէն ներկայացուեցան «Արին» պարախումբի բազմազան տարիքներու մէջ ծաղկող` խոստմնալից արուեստագէտ-արուեստագիտուհիներու կողմէ:

Ընդմիջումէն ետք հանդիսականներուն վերապահուած էր փառաշուք «նուէր»-անակնկալ մը` հայ դասական երաժշտութեան տիտան Արամ Խաչատրեանի 110-ամեակին առիթով, երաժշտութիւն եւ պար, Խորհրդային Հայաստանի պատմութեան զանազան հանգրուանները տեսահոլովակի ցուցադրութեամբ տողանցեցին բեմին վրայ` ծափահարութեան ալիքներ խլելով ներկաներէն: Թիֆլիսէն Մոսկուա, ապա դարձեալ Հայաստան, ուսանողութեան եւ առաջին նուաճումներու տարիները Մեծն Արամ Խաչատրեանին` Համայնավար յեղափոխութեան, Հայաստանի խորհրդայնացման տարիներուն: Ծնունդ առին եւ մեր բոլորին առաջ, «Արին»-ի պատանի ու երիտասարդ «աստղ»-երուն կողմէ հրամցուեցան «Աստղի մը ծնունդը» («Գայեանէ» պալէ – 1942), «Աշխատանքի արշալոյսին» (1935), ապա «Մուրճ եւ մանգաղ»-ը, «Հոկտեմբերիկները» եւ այլ ուրախ թատերականացած պարային տեսարաններ, կը ներկայացուի նաեւ Նինա Մաքարովան` Արամ Խաչատրեանի երաժշտագէտ կինը, իր գլխաւոր նեցուկը` նուաճումներու թէ «անձի պաշտամունքի» դժուարին օրերուն` «Հարսանեկան պար»-ով: Հայրենական մեծ պատերազմը, մահ եւ աւեր, քարուքանդ երկիր ու բիւրաւոր նահատակներ: Սակայն, այդ դժոխային օրերուն իսկ, Արամ Խաչատրեան եւ իր «գործընկերները» կը շարունակեն ստեղծագործել` ոգեշնչելով նացիական հորդաներուն դէմ հայ թէ խորհրդային զինուորներու ահեղ պայքարը, որ 1945-ին պսակուեցաւ յաղթանակով: «Մեծ օրեր», «Պայքար», «Ձնծաղիկներ», «Յաղթանակի օր», «Յարգանք» եւ այլ խմբապարերով, որոնք իրենց գագաթնակէտին կը հասնին «Յաղթական սլացք»-ի, «Սպարտակ» ազատութեան թռիչքներով եւ «Սուրերու պար»-ով, որոնք համաշխարհային հռչակ բերին հայ մեծանուն երաժշտահանին` մեր երկրագունդի չորս ծագերուն:

Անմոռանալի համերգի աւարտին, ՀԵԸ-ի Շրջանակային վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան, շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ ու պարգեւատրեց ինչպէս պարուսոյցներ Գագիկ Գինոսեանն ու Գայեանէ Մածունեանը, նաեւ ՀԵԸ-ի պարախումբի ժրաջան վարչութիւնը` այս հսկայական աշխատանքին համար, գլխաւորութեամբ ատենապետ Անի Պոտրումեանին. լաւագոյն տպաւորութիւններով` երաժշտութեան եւ պարի «փառատօն»-ին մասնակիցները ակամայ բաժնուեցան դարձեալ հանդիպելու ցանկութեամբ:

 

Պէյրութ

 

 

Share this Article
CATEGORIES