Ճատրակ. Միացեալ Նահանգներու Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Տաթեւ Աբրահամեան Տիրացաւ Պրոնզ Մետալին
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն (armchess.am) կը տեղեկանանք, որ Ս. Լուիզի մէջ տեղի ունեցած Միացեալ Նահանգներու աղջկանց ճատրակի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած Տաթեւ Աբրահամեան, առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 6,5 կէտ, տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Տիտղոսին տիրացաւ Իրինա Քրուշ, որ ապահովեց 8 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի տղոց ախոյեանութեան, տիտղոսակիրին անունը պիտի որոշուի, երբ թայ-պրէյքի մրցումը տեղի ունենայ Կաթա Քամսքիի եւ Ալեխանտրօ Ռամիրեսի միջեւ: Անոնք ապահոված են 6,5-ական կէտ:
Ինչ կը վերաբերի հայ մասնակցողներուն, անոնք ապահովեցին հետեւեալ կէտերը. Վարուժան Յակոբեան` 5, Սամուէլ Սեւեան` 4 եւ Մելիքսէթ Խաչիեան` 3:
CATEGORIES Մարզական

