Մանչեսթըր Սիթի Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը` Մանչինին
Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Մանչեսթըր Սիթի ֆութպոլի ակումբը յայտարարեց, որ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` իտալացի Ռոպերթօ Մանչինին, այս տարեշրջանին խումբին արձանագրած արդիւնքները նկատելով բաւական ձախող:
Այս տարեշրջանին աւարտէն չորս հանգրուան առաջ Մանչեսթըր Եունայթըտ տիրացաւ տիտղոսին, մինչ Մանչեսթըր Սիթի նախորդ շաբաթավերջին Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտականին 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Ուիկըն Աթլեթիքէն:
Ասիկա նկատի առնելով Սիթիի Ապու Տապիի սեփականատէրերը որոշեցին պաշտօնանկ ընել 35 տարեկան Մանչինին, որ իր պաշտօնը ստանձնած էր դեկտեմբեր 2009-ին` լքելով Ինթեր Միլանը եւ փոխարինելով Մարք Հիուճը:
Նշենք, որ տարեշրջանին վերջին երկու մրցումներուն Մանչինիի օգնականը` Պրայըն Քիտ, պիտի լեցնէ անոր ձգած բացը, ինչպէս նաեւ պիտի ստանձնէ ժամանակաւոր մարզիչի պաշտօնը, երբ խումբը բանակումի համար մեկնի Միացեալ Նահանգներ: