Արուեստի Աշխարհէն. Կը Ներես, Միրեն, Բայց Բազմութիւնները Հաճոյացնելով` Խախտեցիր Դերասանութեան Ոսկի Օրէնքը

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Հելեն Միրեն` թմբկահարներուն հետ բախելով:

ՇԱՏԵՐ ԾԱՓՈՂՋՈՅՆՆԵՐՈՎ ԴԻՄԱՒՈՐԵՑԻՆ ՀԵԼԵՆ ՄԻՐԵՆԻ ԱՐԱՐՔԸ: ՍԱԿԱՅՆ ԳԷԹ ՄԷԿ ՀՈԳԻ ԱՅԼ ԿԱՐԾԻՔԻ ԷՐ. «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ»-Ի ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐԷՆ` ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԽՄԲԱԳԻՐ ՏԷՅՎԻՏ ԼԻՍԹԸՐ ԽՈՐ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՎԵՐԼՈՒԾԵԼՈՎ ԿԸ ՄՏԱԾԷՐ, ԹԷ ՄԻՐԵՆ «ԿՈՏՐԱԾ» ԷՐ ՇԱՏ ԿԱՐԵՒՈՐ ԲԱՆ ՄԸ…

Հաւանաբար հրաշալի էր այն պահը, երբ Հելեն Միրեն «Տի օտիընս» թատերախաղին դադարին փողոց իջաւ եւ կշտամբեց խումբ մը թմբկահարներ, որոնք իրենց աղմուկին մէջ թաղած էին իր ձայնը: Հրաշալի էր պատմութիւնը. Նորին Վսեմութեան կերպարանքով կին մը բախում կ՛ունենար փառատօն մը ծանուցող թմբկահարներու հետ: Այժմ հաւանաբար անոնք կը ցանկան, որ նոյնպիսի մեծ աղմուկով փառատօն մը ծանուցէին Տոնմար թատերասրահին մուտքին, ուր Նիքոլ Քիտման կատարած էր իր հռչակաւոր մերկ դերը: Այս մէկը շատ աւելի հետաքրքրական բախում մը պիտի ըլլար, որեւէ թմբկահարի երեւակայութենէն անդին:

Միրենի միջամտութիւնը դիմաւորուեցաւ ծափողջոյններով: («Տի Ինտիփենտընթ» թերթին մէջ լոյս տեսաւ յօդուած մը` հետեւեալ վերնագիրով. «Հելեն Միրեն թագուհիին ճառին մէկ տարբերակը արտասանեց, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է օրինակ առնէ»): Անոր միջամտութենէն ետք թատերասրահին լոյսերը մարեցան, ապա ան հանդիսատեսներուն բացատրեց, թէ ի՛նչ ըրած էր դուրսը. «Յայտնապէս վատ գիշեր մը կ՛անցընենք: Լսեցի՞ք թմբուկներուն ձայնը: Իրականութեան մէջ դուրս ելայ թագուհիի հանդերձանքով եւ ոչ այնքան քաղաքավար ոճով ըսի, որ երթան»:

Սակայն ես չծափահարեցի իրեն: Չեմ ուզեր քննադատել ազգային արժէք մը, սակայն ինծի համար թատրոնի աշխարհին մէջ չկայ աւելի մեծ մեղք, քան` երբ դերասան մը կամ դերասանուհի մը իր մարմնաւորած տիպարէն դուրս կու գայ ներկայացումի մը ժամանակ:

Վերջին տարիներուն ականատես դարձած ենք նման իրադարձութիւններու: Ռիչըրտ Կրիֆից, որ մահացաւ քանի մը ամիս առաջ, միշտ ալ պիտի յիշուի իբրեւ այն դերասանը, որ «միրենեան» ոճով յանդիմանեց հանդիսատես մը, որուն բջիջային հեռաձայնը բաց էր: Զուարճալի է, բայց ես դարձեալ համաձայն չէի:

Նոյնիսկ քիչ մը անհանգիստ կը զգամ, երբ դերասաններ Թուիթըրի վրայ կը յայտնուին յաճախ եւ կը խօսին իրենց մարմնաւորած տիպարներուն մասին, մեծ մասամբ` հեռաւորութիւն մը պահելով եւ կատակելով:

Բարձր վարկ վայելող Տեն Սթիւընզ պարբերաբար այս ոճով կը նկարագրէր իր դերը իբրեւ «Տաունթըն Էպի»-ի գլխաւոր վիպերգական տիպարը: Երբեք մի գերագնահատէք մեզ` ակնդիրներս: Մենք թաքուն կը ցանկանք հաւատալ, թէ նման տիպարներ իրական են:

Յատկապէս թատրոնը կախեալ է տուեալ պահի մը կախարդանքէն, այն կախարդական հաւատքէն, թէ կը դիտենք տիպար մը, եւ ոչ թէ` դերասան մը, որ կը ձեւացնէ, թէ տուեալ տիպարն է:

Այն պահուն, երբ Հելեն Միրեն առջեւ եկաւ բեմին վրայ` հանդիսատեսին հետ խօսելու համար իբրեւ Հելեն Միրեն, այդ գիշեր ներկաներուն համար քիչ մը դժուար եղաւ անմիջապէս կատարել անցումը եւ յիշել, թէ ան Էլիզապէթ Բ.ն էր: Ինչ կը վերաբերի դուրսը աղմկողներուն, արդեօք բեմի պատասխանատու մը չէ՞ր կրնար նոյն բանը հասկցնել թմբկահարներուն, նոյնինքն` Միրենի ուժգնութեամբ եւ համեմաւոր ոճով:

Այդ գիշեր թմբկահարները միակ անբաղձալի աղմկարարները չէին քաղաքին մէջ: Անդին` Շէյքսփիրի Կլոպ թատերասրահին մէջ, ուր Ռոճըր Ալամ «Տը թեմփեսթ» թատերախաղին մէջ կը կատարէր Փրոսփերոյի դերը, օդանաւեր եւ ցածէն թռչող ուղղաթիռներ կը սաւառնէին դուրսը: Ինչպէս մեր թատերական քննադատը կը պատմէ, երբ ուղղաթիռները շատ ցած իջած են, Ալամ «ստեղծած է ինքնախորհրդածութեան հրաշալի պահ մը, լուռ ծամածռած է դէմքը Անգլիոյ ի տես, ապա իր բանաստեղծական տողերը արտասանած է նոր կորովով եւ ձաղկումի հմայքով»: Կ՛ենթադրեմ, թէ պիտի նախընտրէի այս ձեւը, քան թէ` տեսնել Ալամը, որ վայրկեանի մը համար մէկ կը կողմ կը շպրտէր Փրոսփերոն, առջեւ կու գար բեմին վրայ եւ կը յայտարարէր. «Ա՛խ այս ուղղաթիռները, զզուելի չե՞ն»: Սակայն փոխարէնը` ան ընդլայնած էր իր տիպարը, խաղցած էր իր տիպարին հետ, սակայն չէր հեռացած իր տիպարէն:

Ինչպէս արդէն նկատեցիք, այս կէտին մէջ ես համաձայն չեմ Հելեն Միրենի: Կասկած չունիմ, թէ ան նոր երկրպագուներ շահեցաւ իր անընկճելի ոգիով, համեմաւոր ոճով, երգիծանքով եւ շռայլ արարքով: Սակայն բեմին վրայ ան դուրս եկաւ իր տիպարէն, եւ կախարդանքը վերացաւ:

 

Share this Article
CATEGORIES