Արուեստի Աշխարհէն. Միրեն Թատերասրահէն Դուրս Կը Խուժէ` Թագուհիի Հանդերձանքով
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԲՐԻՏԱՆԱՑԻ ԴԵՐԱՍԱՆՈՒՀԻՆ ՄԱՅԻՍԻ ՍԿԻԶԲԸ ԻՐ ԶԱՅՐՈՅԹԸ ԹԱՓԵՑ ՓՈՂՈՑԻՆ ՄԷՋ ՆՈՒԱԳՈՂ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԹՄԲԿԱՀԱՐՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ԽԱՆԳԱՐԷԻՆ ՈՒԵՍԹ ԷՆՏԻ ՄԷՋ ԻՐ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ: ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՇՈՒՇՏ ՎԵՐՆԱԳԻՐՆԵՐ ԽԼԵՑ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԵՒ ՀԱՃԵԼԻ ԺԱՄԱՆՑԻ ԲԱԺԻՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԵՒ «ԵԱՀՈՒ» ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ՀԱՄԱԴՐԵՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ԿԷՏԵՐԸ:
«Տի օտիընս» թատերախաղին առաջին արարին վերջաւորութեան 67 տարեկան Հելեն Միրեն թագը գլխուն եւ մարգարիտներ կուրծքին` բացաւ Լոնտոնի Կիլկատ թատերասրահին դուռը եւ խուժեց դէպի 25 թմբկահարներ, որոնք կը ծանուցէին միասեռականներու երաժշտական փառատօն մը: Դերասանուհին ենթադրաբար բազմաթիւ հայհոյանքներ ուղղած է, երբ բարկութեամբ յառաջացած է դէպի խումբը:
Աւելի ուշ Միրեն ընդունած է, թէ քանի մը «թատերական» բառեր գործածած է, սակայն աւելցուցած է, թէ «շատ վատ» զգացած է անկէ ետք:
«Կարծեմ քանի մը «թատերական» բառեր գործածուեցան,- ըսած է ան «Տը Տէյլի Թելեկրաֆ» թերթին:- Շատ խիստ թագաւորական յանդիմանութիւն մը ստացան: Բայց պէտք է ըսել, թէ շատ քաղաքավար էին եւ անմիջապէս դադրեցուցին նուագը»:
«Պարզապէս թմբուկի հարուածները աստիճանաբար սկսած էին բարձրանալ, ապա ամէնէն բարձր սկսան հնչել բեմին դրան առջեւ»:
Միրեն դժուարութեամբ իր աւարտին հասցուցած է առաջին արարին վերջին զգացական տեսարանը, ուր թագուհին կը կորսնցնէ թագաւորական «Պրիթանիա» պերճանաւը: Հետեւաբար ան որոշած է անձամբ լուծել հարցը:
«Այնքա՛ն ջղայնացայ Փոլի հետ այս տեսարանը դժուարութեամբ կատարելուս համար, որ բառին բուն իմաստով ուղղակի խուժեցի բեմէն դուրս, ուղղակի խուժեցի դէպի աստիճանները եւ ուղղակի` դէպի դուռ», կը բացատրէ Միրեն:
«Հրմշտկելով արշաւեցի բազմութեան մէջէն, որ կը դիտէր տեսարանը եւ ըսի. «Լռեցէ՛ք, պէտք է իսկոյն լռէ՛ք»: Միայն թէ աւելի ծանր բառեր գործածեցի հաւանաբար»:
«Շատ քաղաքավար էին թմբկահարները եւ լռեցին այն վայրկեանին, երբ անդրադարձան, թէ բախուկ ծեր կին մը չէի, որ շաբաթ գիշեր խիստ ոճով զիրենք կը հալածէր Սոհոյի փողոցներուն մէջ»:
Այնուհետեւ Միրեն փափաք յայտնած է գտնելու թմբկահարները եւ զանոնք հրաւիրելու իր թատերախաղին:
Թմբկահարները կը ծանուցէին «Էզ ուան ին տը փարք» փառատօնը, որուն կազմակերպիչներէն Ճէյմս Հարաքս ընդունած է, թէ երաժշտութիւնը «շատ բարձր էր», սակայն նաեւ աւելցուցած է, թէ` «թատերասրահին պատերը շատ բարակ էին»:
Հարաքս «Սքայ Նիուզ»-ի ըսած է, թէ Միրեն «ամօթալի մթնոլորտ ստեղծեց» իր լեզուով, եւ անոնք, որոնք ականատես եղան իր զայրոյթին, «շատ ցնցուեցան»:
Այսուհանդերձ, հրաւիրատոմսեր տալու անոր առաջարկը «շատ ազնիւ է», ըսած է ան:
Ռուֆըս Ճերարտ-Ռայթ, որ թատերախաղին մէջ կը կատարէ Տէյվիտ Քամերոնի դերը, բախումը նկարագրած է իբրեւ «զգայացունց»:
Թուիթըրի վրայ ան գրած է. «Կ՛արժէ՛ր տեսնել Հելենը: Ան դուրս ելաւ թագուհիի ամբողջական հանդերձանքով եւ պոռաց թմբկահարներուն: Անկեղծօրէն, զգայացունց էր»:
«Տի օտիընս» թատերախաղը կը վերաբերի Պաքինկհամ պալատին մէջ Էլիզապէթ Բ. թագուհիին շաբթական գաղտնի հանդիպումներուն` իրերայաջորդ վարչապետներու հետ:
Դէպքէն մէկ շաբաթ առաջ Հելեն Միրեն արժանացած էր լաւագոյն դերասանուհիի «Օլիվիէ» մրցանակին:


