ՅԵՏ ՄԱՀՈՒ ՆԱՄԱԿ` ԹԱՆԿԱԳԻՆ ՀՕՐՍ
Պայքար եղաւ կեանքդ: Հազիւ պիտի հանգստանայիր կրած բոլոր դժուարութիւններէդ, ընտանիքդ պահելու, պահպանելու ծանր բեռէն, հազիւ ժամանակը հասած էր հնձելու բոլոր ցանած սերմերդ, ահաւասիկ սարսափազդու հիւանդութիւնը վերջ դրաւ այդ բոլոր երազներուն: Չյանձնուեցար սակայն, չընդունեցիր նոյնիսկ հիւանդութեան գոյութիւնը, շարունակեցիր ապրիլ այնպէս, կարծես ոչ մէկ բան պատահած է: Կարծես` լուռ մրցում մը տեղի կ՛ունենար քու եւ այդ արիւնաքամ հիւանդութեան միջեւ. սակայն միշտ ալ դո՛ւն էիր յաղթողը: Այդ վատ հիւանդութիւնը խնայեց ոչ մէկ ձեւ, ոչ մէկ միջոց` խեղդելու համար քու պայքարող հոգիդ, փշրելու` քու երկաթեայ մարմինդ եւ խորտակելու` քու պողպատեայ կամքդ: Չյուսահատեցար, չտրտնջացիր նոյնիսկ մէկ վայրկեան. լուռ տառապեցար, փառք տուիր Աստուծոյ մինչեւ վերջին շունչդ:
Այո՛, վերջ ի վերջոյ մարմինդ տկարացաւ, յանձնուեցաւ, բայց հոգի՛դ, մի՛տքդ միշտ ալ յաղթեցին: Այդ վատ հիւանդութիւնը ոչ մէկ անգամ կրցաւ նուաճել քու հոգիդ, որ մնաց միշտ թարմ, երիտասարդ, ազնիւ ու պայքարող:
Անուշ հայր, դուն տիպար մը եղար մեզի` քու զաւակներուդ համար: Ապրելակերպդ, դժուարութիւններ ընդունելու տոկուն կամքդ, քաջութիւնդ, վարդապետութիւն մը եղան մեզի համար: Մենք միշտ ալ պիտի փորձենք նմանիլ քեզի, բայց չենք խոստանար, որ պիտի հասնինք այդ գերազանցութեան:
Մենք միշտ հպարտ ենք, որ քեզի պէս հայր մը ունինք. քու յիշատակդ միշտ անթառամ պիտի մնայ մեր մէջ: Մենք ալ մեր կարգին պիտի փորձենք քեզ հպարտ պահել մեզմով:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, քա՛ղցր հայր:
ՄԱՐԱԼ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ-ՉԻՒՐԻՒՔԵԱՆ