ՀԵՐՄԻՆԷ ՓԵՐՏԵՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ (ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Ազնուազարմ հայուհի մը ընդմիշտ բաժնուեցաւ մեզմէ քառասուն օրեր առաջ` ետին թողած յիշատակելի անթառամ յուշեր:

Հերմինէ Սէթեան-Փերտեճեան ներկայութիւն էր Էշրեֆիէի շրջանի հայկական մեր կեանքին մէջ` իբրեւ եկեղեցասէր եւ ազգային արժէքներու հաւատարիմ հայուհի մը:

Երիտասարդութեան վաղ տարիներուն ուսուցչական պաշտօն ստանձնած է Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ, ուր աշակերտած եմ իրեն: Գեղեցկուհի օրիորդ մըն էր, կը հիանայի իր գեղեցկութեան եւ իր խանդավառ հեղինակութեան: Բարձրահասակ, գեղուղեշ մարմին մը, ուսերուն վրայ ծփացող սեւ մազերով, որ իր կաթնաթոյր դէմքին կու տար գեղեցիկ շրջանակով եզերուած նկարի մը տեսքը:

Մանկութեան օրերու տպաւորութիւնս կը մնայ անթերի, երբ տիկին Հերմինէն կը տեսնեմ իր ծերութեան տարիներուն, այս անգամ` յարգանք պարտադրող ուրոյն գրաւչութեամբ: Հիւրասէր էր: Երկար տարիներ ետք վերագտած էի զինք Լիբանանահայ օգնութեան խաչի շրջանակին մէջ, նուիրեալ ծառայութիւն մատուցող իր դստեր` Նանիկին ծանօթանալէս ետք: Նման հանդիպումներու ընթացքին աչքառու տպաւորութիւն գործող կերպարներու կը ծանօթանանք: Անոնցմէ էր Նանիկը: Այս ինչ անուն է այս խանդավառ զրոյցի բռնուած ընկերուհին, ու կը մօտենամ.

– Բարեւ, ո՞ր մասնաճիւղէն էք:

– Էշրեֆիէի «Կարս» մասնաճիւղէն: Փոխադարձ ծանօթացում մը, ու երբ իմացաւ, թէ Նոր Մարաշի ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղին անդամ եմ, ըսաւ,

– Ես կը սիրեմ Պուրճ Համուտը: Մայրս ուսուցչուհի եղած է Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ: Ան միշտ կը յիշէ այս դպրոցին մէջ անցուցած քանի մը տարիները:

Հետաքրքրուած` կը հարցնեմ անունը իր մօր:

– Հերմինէ…

Զարմացայ: Նախակրթարանը աւարտելէ ետք կորսնցուցած էինք օրիորդ Հերմինէին հետքը: Ամուսնացած է Սահակ Փերտեճեանին հետ, աշխարհ բերած է երեք մանչ, երկու աղջիկ, իւրաքանչիւրը` բարձրագոյն ուսման տիրացած անձեր, ազգանուէր ծառայութեամբ:

– Եթէ ձեր մօրը երիտասարդութեան ժամանակ գեղեցկութեան թագուհի ընտրելու միջոցառումներ ըլլային, ան կրնար ընտրուիլ գեղեցկութեան թագուհի…

– Ի՛նչ կ՛ըսէք,- ըսաւ Նանիկ` իր կարգին հիացած իմ հիացումիս եւ թարմացած վերյիշումիս:

Այս ծանօթութիւնը պատճառ եղաւ, որ ես այցելեմ մանկութեանս ուսուցչուհիին: Ծայր աստիճան հիւրասէր էր: Կը խօսէր մեր ազգային կեանքին բարօրութեան, իր եկեղեցիին, հայկական աւանդութիւններու պահպանման մասին: Մեր զրոյցները կը շարունակուէին նոյն տարողութեամբ, իւրաքանչիւր այցելութեանս նորութիւն մը լսելով: Կ՛իմանայի, թէ ինք եղած է Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ կառուցման ընթացքին նուիրատու բարերարուհի, ապա եղած է հիմնադիրներէն համանուն եկեղեցւոյ եկեղեցասէր Տիկնանց միութեան: Նոյնպէս մաս կազմած է ԼՕԽ-ի Էշրեֆիէի մասնաճիւղին հիմնադիր անդամներու շարքին, շարունակած է մնալ նոյն մասնաճիւղին «Կարս»ին հաւատաւոր անդամուհին:

Ամբողջ կեանքը եղաւ հայկական անցեալն ու ներկան իրարու կամրջող, մեր ապագայով ու նոր սերունդին դաստիարակութեամբ մտահոգ հայուհին, լաւագոյնին ցանկութեամբ: Միշտ պատրաստ` նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեան: Ան էր նաեւ իր գերդաստանին արժանաւոր սիրելին, միշտ յարգելի: Ան իր աչքերը փակեց խոր ծերութեան մէջ, իր զաւակներուն եւ թոռներուն համբոյրներով, ամենայն գոհունակութեամբ:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Share this Article
CATEGORIES