ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԵՐՄԻՆԷ ՓԵՐՏԵՃԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Բարի առաւօտ, բարի ծագեա,
Բարի ողորմութեամբդ դռներդ բանաս,
Դուն չարերէն փորձանքներէն պահեա:

Սպիտակահեր, տարիներու բերան տակ կքած, յոգնած ու բեռնաւորուած բազմապիսի ու բազմաբնոյթ, բարի, դրական գործերով, շէնշող բնաւորութեամբ, մնայուն ժպիտով, հայ մօր ամրակուռ հաւատքով, անանձնական սիրոյ ապրումներով եւ միշտ ապագայի հանդէպ վառ յոյսերով, կ՛արտասանէր այս աղօթքը Էշրեֆիէի Ժեհթաուի թաղին «մաման»` Հերմինէ Փերտեճեանը: Հովուական այցելութեանս յատկացուած օրագրութեան տետրակին մէջ արձանագրուած են վերոյիշեալ տողերը, որոնց ներքեւ նաեւ գրուած են «իր մօրը կողմէ սորվեցուցած աղօթքները. այս մէկը` եւ ապա մեր` Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ գիշերային ժամերգութենէն` «Տէր, եթէ զշրթունս իմ բանաս, բերան իմ երգեսցէ զօրհնութիւնս քո» եւ առաւել 23-րդ Սաղմոսը. «Տէրն է հովիւս. կը հոգայ պէտքերս…»: Եւ ամբողջը անթերի ու անսխալ կ՛արտասանէր: Արտասանելէ ետք այս աղօթքները, կ՛ըսէր «այս բոլորը մօրմէս սորված եմ»: Էր երբեմն, այո, մայրերը այսպիսի աղօթքներով կը լեցնէին իրենց զաւակներուն հոգիները, կը սնուցանէին զանոնք այսպիսի հոգեւոր եւ կրօնական ոգիով:

Այդ սերունդի առաջին թոթովանքը կը սկսէր «աղօթքով» եւ «խաչակնքումով»: Այս օրերուն ափսոսանք մը եւ փնտռտուք աղօթասաց մայրերու եւ այլ հոգեւոր ու ազգային արժէքներու նահանջին դիմաց:

Հերմինէ Փերտեճեանը եւ իր ժամանակահատուածի սերունդը ունէր եզական, տարբեր ոգեղինականութիւն անհատական թէ հաւաքական կեանքի հանդէպ, տարբեր մտածողութիւն` հոգեւոր, ազգային եւ մարդասիրական հաստատութիւններու հանդէպ, ոգեղինացած սէր, նուիրում, զոհողութիւն:

Ռոտոսթոյէն Պէյրութ ապաստանած հայու բեկորը պիտի սկսէր իր հոգեւոր ու ազգային ծառայութեան դեռատի տարիքէն: Մանկամարդուհի` կը սկսէր իր հոգիով, մտքով եւ շունչով թրծել հայ մանուկներու հոգին ու նկարագիրը` հայեցի ու քրիստոնէական ոգի ներշնչելով հայ աշակերտութեան Սրբոց Քառասնից Մանկանց Ազգային վարժարանին մէջ 1936-1937 տարիներուն: Այնուհետեւ նահապետական ընտանիքի մը մէջ քրիստոնէական ու հայեցի ամրակուռ ըմբռնումներով կը կազմէր իր բոյնը: Աստուծոյ պարգեւը` պտուղները կեանքին, ընտանիքի ծառէն կ՛ընձիւղէին: Բազմանդամ ու նահապետական ընտանիքին մէջ կը հնչէր կանչը եկեղեցւոյ եւ ազգային ծառայութեան: Հարազատները քաջալեր կը հանդիսանային: «Գնա՛, ծառայէ՛ մենք կը խնամենք ու կը հոգանք երեխաները:

1953-ին, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ երբեմնի հայահոծ թաղի համար այլեւս Ս. Աստուածածին թիթեղաշէն տախտակաշէն եկեղեցիին տեղ պէտք էր նորը, քարաշէնը սլացիկ գմբէթներով եկեղեցի հայկականը պէտք էր կառուցուէր: Այդ օրերուն եկեղեցաշէն ոգիով խանդավառ բազում այլ թաղեցիներու հետ, եռանդագին գործի լծուած էին հայորդիք: Անոնց մէջ էր Հերմինէ Փերտեճեան, որ Տիկնանց միութեան վարչութեան սիւներէն մին ըլլալով անդուլ աշխատանքի լծուած էր: Ոչ միայն աշխատանքի ներդրում, այլեւ բարերարութիւն կ՛ընէ: Յաջորդող տարիներուն եկեղեցւոյ աշխատանքներու կողքին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մարդասիրական ծառայութեան մէջ է: Միշտ խոր հաւատքով, միշտ հաւատալով, որ «հաւատքը առանձին, առանց գործերու` մեռած է: Մարդ կայ` որ հաւատք ունի, մարդ ալ կայ` որ գործեր ունի»:

Եկեղեցւոյ կառուցումէն եւ օծումէն յիսնամեակ մը յետոյ` ճանչցայ ու ծանօթացայ «Հերմինէ» մայրիկին, նոյն անկոտրում ու անսասան հաւատքով, նոյն բարոյական ըմբռնումներով, նոյն ազգային հայու պատկանելիութեան ոգիով, ինք եւ իր ողբացեալ կեանքի ընկերը` Սահակ Փերտեճեանը: Զաւակներով, թոռներով, ծորերով ուրախ-խանդավառ, սպիտակահեր արդէն, սակայն երիտասարդ ոգիով, հոգիով, նախանձախնդրութեամբ, արդի ժամանակուան ըմբռնումներուն` անհաշտ, խոտոր, որոնք իր եւ իրենց ներաշխարհին համաձայն չէին:

Ան ոչ միայն իր ընտանիքին դաստիարակը եղաւ, այլ նաեւ թաղեցիներուն: Բոլորին ունկնդրեց ծով համբերութեամբ, լսեց այլոց ցաւերը, դժուարութիւնները, տառապանքները փորձեց ամոքել: Լսեց նաեւ բանբասանքներու զրպարտութիւնները բայց խորունկ հորի նման պահեց իր մօտ, փորձեց սառ ու կարծր սրտերը, չքացնել սիւներն ու քէները: Նոյնացաւ բոլորին հետ, մեծ ու պզտիկ իր մշտական ու քաղցր ժպիտով, խրատներով ու եղաւ իր եւ թաղին զաւակներուն «մաման»: Բոլորին միացնող ու զօդող միութիւնը եղաւ:

Յիշատակը օրհնեալ ըլլայ:

ՄԵՍՐՈՊ ՔՀՆՅ. ՔԵՐՔԷԶԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES