ՍԻՐԵԼԻ ՀՕՐԵՂԲՕՐՍ ԱՒՕ ԲՈՐԲՈՍԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Տարի մը առաջ էր միայն, որ առաջին անգամ ըլլալով հանդիպեցայ հօրեղբօրս Աւոյին, որ 22 տարիներ առաջ գաղթած էր Քանատա` կեանքի պայմաններու բերմամբ: Իր առաջին այցելութիւնը եղած էր Լիբանան իմ մեծ հօրս մահուան առիթով, երբ ես երկուքուկէս տարեկան էի. այդ պատճառով ալ ես զինք չեմ յիշեր:

2010-ի ապրիլին հօրեղբայրս Աւոն այցելեց Լիբանան: Իմ երազս էր մօտէն ծանօթանալու անոր, որովհետեւ հօրեղբօրս մասին լսածներս ուրախութիւն եւ հպարտութիւն կը պատճառէին ինծի: Սիրելի՛ հօրեղբայր, չեմ կրնար մոռնալ այն երեք շաբաթները, զորս անցուցինք միասնաբար` լաւապէս ճանչնալով քեզ: Քու անկեղծ սէրդ, գուրգուրանքդ, համեստութիւնդ եւ խրատներդ ինծի հանդէպ, անմոռանալի են: Սակայն 40 օրեր առաջ Թորոնթոյէն մեզի հասաւ չարափաստիկ անհաւատալին, որ արկածի մը հետեւանքով մահուանդ լուրը կը գուժէր: Ինչպէ՞ս հաւատայի, երբ տակաւին շաբաթ մը առաջ միասնաբար կը ծրագրէինք իմ այցելութիւնս Քանատա. մօտէն ծանօթանալու հօրեղբօրս զաւակներուն: Քու կորուստովդ ամբողջ երազ մը կը փլէր մէջս, չէի ուզեր հաւատալ պատահածին:

Սիրելի՛ հօրեղբայր, վստահ եղիր, որ դուն իմ սրտիս մէջ շատ մեծ տեղ ունիս, երբեք պիտի չմոռնամ քեզ, պիտի շարունակեմ սիրել եւ միշտ յիշել քեզ իմ բոլոր կեանքիս ընթացքին եւ մանաւանդ կ՛ուզեմ ապրիլ քու օրինակովդ` քու ազգիդ եւ կուսակցութեանդ ծառայողի: Թորոնթոյի մէջ եւս շարունակած էիր ծառայել ազգիդ, ինչպէս կը ծառայէիր Պէյրութի Սարդարապատ կոմիտէի մէջ: Յիշատակդ անթառամ մնայ իմ մէջս:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

ՄԵՂՐԻ

Share this Article
CATEGORIES