ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ՍԻԹԻ ԿԸ ՅՈՒՍԱՅ ԻՐ ԿԱԶՄԻՆ ՄԻԱՑՆԵԼ ՉԱՒԻՆ
Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի խումբերէն` Մանչեսթըր Սիթի կը յուսայ իր կազմին միացնել Պարսելոնայի միջնապահ Չաւին` անոր առաջարկելով շաբաթական 150 հազար սթերլինի գումար մը:
Ըստ անգլիական մամուլին, կը կարծուի սակայն, թէ սպանացին համաձայն չգտնուի նոր երկրի մը ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերելու` նկատի ունենալով, որ շատ գոհ է Սպանիոյ ախոյեանութենէն:
CATEGORIES Մարզական