ՎԱՆ ՊՈՄԵԼ ԻՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ Ա. ՍԷ. ՄԻԼԱՆԻ ՀԵՏ
Իտալիոյ ախոյեան Ա. Սէ. Միլանի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ հոլանտացի միջնապահ Մարք Վան Պոմել իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ յունիս 2012:
34 տարեկան Պոմել, որ յունուարին Պայէրն Միւնիխէն միացաւ Ա. Սէ. Միլանի, թէեւ խումբին հետ իր կատարած առաջին մրցումին կարմիր քարտ մը ստացաւ, սակայն յաջորդ մրցումներուն իր տպաւորիչ ելոյթներով խումբին արձանագրած յաջողութիւններուն մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ:
Նախքան իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելը, կը խօսուէր անոր Անգլիա փոխանցման մասին:
Անոր կողքին իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց նաեւ պրազիլցի յետսապահ Թիակօ Սիլվա, որ համաձայն գտնուեցաւ իտալական ակումբին մաս կազմել մինչեւ 2016: Յաւելեալ մէկ տարիով իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց նաեւ պահեստի բերդապահ Ֆլաւիօ Ռոմա:
Սակայն վեթերան միջնապահներ Քլարենս Սիտորֆի, Անտրէա Փիրլոյի եւ Մասսիմօ Ամպրոսինիի ճակատագիրները կը մնան անորոշ: