ԷՍԻԵՆ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ՂԱՆԱՅԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲ

Միքայէլ Էսիեն

18 ամսուան բացակայութենէ մը ետք, Միքայէլ Էսիեն կը վերադառնայ Ղանայի ֆութպոլի ազգային խումբ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար յառաջիկայ 3 յունիսին Քոնկոյի դէմ տեղի ունենալիք Ափրիկեան երկիրներու ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումին:

Չելսիի մաս կազմող Էսիեն ազգային խումբին հետ իր վերջին մրցումը կատարեց 2010-ին` նոյն այս մրցաշարքին գծով: Ան բացակայեցաւ 2010-ի Մոնտիալէն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:

Երբ Ղանայի մարզիչ Կորան Սթեֆանովիչ հրապարակեց իր 24 մարզիկներուն անունները, նկատի առաւ նաեւ Սանտըրլենտի յառաջապահ Ասամոա Ճիանը: Վերջինս թէեւ Քոնկոյի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին դաշտ պիտի չներկայանայ (կախակայուած ըլլալուն պատճառով), սակայն ասիական շրջապտոյտին նկատի առնուած է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES