ՏԸ ԼԱ ՓԵՆԻԱ ԱՅՍՕՐ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԷ ԻՐ ՎԵՐՋԻՆ ՄՐՑՈՒՄԸ
Էսփանիոլի միջնապահ Իվան Տը Լա Փենիա այսօր` շաբաթ, 21 մայիսին պիտի կատարէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին վերջին մրցումը, երբ անոր կազմը Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 38-րդ եւ վերջին հանգրուանին հիւրընկալէ Սեւիլլան:
35 տարեկան Տը Լա Փենիա, որ այս տարեշրջանին մեծ մասը վիրաւոր ըլլալուն պատճառով դաշտ չներկայացաւ, այս մրցումէն ետք պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ ֆութպոլիստի իր ասպարէզին աւարտը:
Ան այս տարեշրջանին մէկ անգամ միայն դաշտ ներկայացաւ, երբ տարեշրջանի 2-րդ հանգրուանին Վիարէալի դէմ դաշտ իջաւ միայն 31 վայրկեան:
Նշենք, որ նախապէս ան մաս կազմած է Պարսելոնայի, Լացիօ Ռոմայի եւ Մարսէյի:
CATEGORIES Մարզական