ԱՓՐԻԿԷ ԶՕՐԱՎԻԳ` ՊԼԵԹԸՐԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԵԱՆ
Ափրիկէի ֆութպոլի ֆետերասիոնը Գահիրէի մէջ իր գումարած ժողովէն ետք պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ զօրավիգ կը կանգնի ՖԻՖԱ-ի այժմու նախագահ Սեփ Պլեթըրի, որ իր թեկնածութիւնը առաջադրած է յառաջիկայ 1 յունիսին Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունենալիք ՖԻՖԱ-ի նոր նախագահի ընտրութիւններուն:
75 տարեկան զուիցերիացի Պլեթըր իր դէմ ունի միայն մէկ թեկնածու` քաթարցի Մոհամետ Պըն Համմամը:
Այնպէս կը թուի, որ Պլեթըր յառաջիկայ չորս տարիներուն եւս պիտի մնայ իր պաշտօնին վրայ` նկատի ունենալով, որ ան վեց ցամաքամասերէն չորսին քուէներուն այժմէն իսկ տիրացած է:
Նշենք, որ Պլեթըր նախապէս իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ չորրորդ նստաշրջանի մը համար ընտրուելու պարագային, յաջորդ ընտրութիւններուն պիտի չառաջադրէ իր թեկնածութիւնը:
CATEGORIES Մարզական
