2014-Ի ՄՈՆՏԻԱԼ. ԱՓՐԻԿԷԻ ՄԷՋ ԶՏՈՒՄԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻՆ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻՆ
Ափրիկէի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ այս տարեվերջին պիտի սկսին 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումները` մասնակցութեամբ 52 երկիրներու (մրցանիշ մը): Մաւրիտանիա ափրիկեան միակ երկիրն ըլլալով պիտի չմասնակցի զտումի մրցումներուն:
Այդ 52 խումբերը պիտի պայքարին Պրազիլի մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալին` 5 տոմս ապահովելու համար:
Յառաջիկայ նոյեմբերին պիտի սկսին փլէյ-օֆի մրցումները, ապա յունիս 2012-էն սեպտեմբեր 2013` խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք մրցումները:
Վերջապէս, այդ տասը խմբակներուն պարագլուխի դիրքերը գրաւողները փլէյ-օֆի մրցումներ պիտի կատարեն իրարու դէմ, ապա պիտի յստականան Պրազիլ մեկնող հինգ խումբերը:
Նշենք, որ Ափրիկէի կատարած այս յայտարարութիւնը յաջորդեց Ասիոյ, ՔՈՆՔԱՔԱՖ-ի եւ Եւրոպայի, որոնք այս ուղղութեամբ իրենց ծրագիրը հրապարակեցին վերջին քանի մը ամիսներուն:
2014-ի Մոնտիալի զտումի առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 3 յունիսին` Քարիպեան կղզիներուն մէջ, իսկ Ասիոյ մէջ զտումի Ա. հանգրուանի մրցումները պիտի սկսին 29 յունիսին: