Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Գոյատեւող Ժողովուրդ
Ա. ԳԷՈՐԳԻ ՄՈՆՈՖԱՐԵԱՆ
«Այսքան չարիք թէ մոռնան մեր որդիք,
Թող ողջ աշխարհն հայուն կարդայ նախատինք»:
ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
Ապրիլ 24-ը ամէն տարի եկող ու անցնող թուական մըն է, սակայն` ոչ հայութեան համար, որովհետեւ անիկա մեզի համար սովորական օր մը չէ…
Արդարեւ, 24 ապրիլ 1915-ին գործադրուած Ցեղասպանութեան պատճառով մէկուկէս միլիոն հայեր նահատակուեցան թուրք սուլթանին անմարդկային հրահանգով:
Անարիւն սուլթանին կանխամտածուած վայրագ հրահանգը գործադրուեցաւ: Անմեղ հայեր անբացատրելի պատիժներով մահացան: Տարագրուեցան սեփական հողերէն եւ ինչքերէն զրկուեցան: Պատասխանատուները չմտածեցին հետեւանքին մասին: Նախորդ դարուն ամբողջ Եւրոպան, Միացեալ Նահանգները չուզեցին կասեցնել այս սխալ քայլը` իրենց երկիրներուն շահերուն մասին մտածելով: Հայը քշուեցաւ անապատները, աննկարագրելի պայմաններու մէջ հասաւ անծանօթ վայրեր, ապրեցաւ օտար հողի վրայ:
Արեւմտեան Հայաստանը կ՛երկարէր Անատոլուէն մինչեւ Արեւելեան Հայաստան: Հայերը կ՛ապրէին իրենց սեփական հողերուն վրայ, ունէին սեփական բնակարաններ, այգիներ, պտղատու պարտէզներ, կ՛աշխատէին ճակտի քրտինքով եւ ուրախ էին իրենց արգասաբեր աշխատանքով: Ունէին ժառանգներ, եկեղեցիներ, վարժարաններ եւ տպարաններ, ինչպէս նաեւ` մամուլ: Թուրքը տարբեր առիթներով թափանցած էր հայոց սահմաններէն ներս` «բարի դրացնութեան» կեղծ մօտեցումով: Այս պատկերը հետզհետէ ընդհանրացաւ հայկական բոլոր շրջաններուն մէջ` Զէյթուն, Ուրֆա, Մարաշ, Հաճըն, Ատանա եւ այլն: Այլ խօսքով` ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Թուրք ժողովուրդը սկսաւ շարունակել ապրիլ այնպէս, կարծես իրենց հայրենիքին մէջ էին: Հայերը յաճախ կը կորսնցնէին իրենց արդար իրաւունքը, խնդիրներ կը յարուցէին, վէճեր կը ստեղծուէին եւ նախկին հայ ու թուրք դրացիները կը վերածուէին թշնամիներու: Կազմուեցան յեղափոխական խումբեր` պայքարելու անիրաւութեան դէմ. շրջեցան գաւառէ գաւառ ու հոն եւս կազմաւորուեցան պայքարողներու կորիզներ, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմադրել սուլթանի դիւային ծրագիրներուն: Կացութիւնը հետզհետէ կը լարուէր, անորոշութիւնը տիրական կը դառնար:
Հայրս իր յուշագրութիւններուն մէջ կը գրէր. «Ուրֆայի քաղաքացի եմ, վերապրած: Ծնողներս, երկու քոյրերս եւ հինգ եղբայրներս կորսնցուցած եմ: Հետագային իմացայ, որ երկու եղբայրներս` Արմէնը եւ Խաչիկը յեղափոխական շարքերու ծառայած են եւ Մարաշի մէջ` կախաղան բարձրացուած. փրկուող Տիգրան Գաղթացեանը պատմեց այդ մասին: Եղեռնի 1915-ի ատեն թրքական բանակին մէջ պարտադիր զինուորութիւն կատարող հայը միայն ջուր կը խմէր, ճաշ չունէր, իսկ թուրք զինուորին մօտ ամէն բան առատ էր: Հայը կը խմէր միայն այն ատեն, երբ տակառներուն մէջ ջուր աւելնար: Փորձեցի եւ յաջողեցայ անցնիլ գերմանական բանակ. այդ օրերուն զգացի, որ մօրս պատրաստած ճաշերէն կ՛ուտեմ: Այդ օրերուն կը յիշէի մանկութեան տարիներս: 1890¬ական թուականն էր, երեխաները կը խաղային փողոցը, ուրախ էինք: Յանկարծ սուլոց լսեցինք, անոր յաջորդեցին զօրաւոր պայթումներ. խաղը դադրած էր, վազեցինք հրապարակ, տեսանք, որ գետինը փռուած արիւնլուայ մարդիկ կային, ոմանք քաղաքացիական հագուստով, նաեւ թուրք զինուորներու դիակներ կային` ութէն տասը անձեր. մենք սարսափած էինք: Սահմռկեցուցիչ տեսարան էր: Տարեց մարդիկ մեզ հեռացուցին` դէպի մեր տուները առաջնորդելով: Ատկէ ետք մեզի արգիլուեցաւ տունէն դուրս ելլել: Երկաթեայ դռները փակուեցան, փողոցին մէջ ոչ մէկ ձայն կը լսուէր, ոչ մէկ անցորդ կը տեսնուէր: Այս դէպքէն ետք հարիւրաւոր մանուկներ որբացան: Եւրոպացի տոքթոր Եոհաննէս Լեփսիուսը հոգաց այդ որբերուն եւ անոնց խնամեց Միլլեթ խանին մէջ: Անոր ընկերացան Ճաքոպ Քունցլըրն ու Քարէն Եփփէ մեծ բարերարը, դանիացի օրիորդը:
«Տոքթ. Լեփսիուս կը հոգար, կը խնամէր հարիւրաւոր որբեր: Եւրոպացիներուն հետ կապ պահելով` ունեցան գործակից նուիրեալներ, ինչպէս` տոքթ. Ճ. Քունցլըր, դանիացի Քարէն Եփփէ նուիրեալ դեռատի օրիորդը»:
Սուլթանը ձախողեցաւ իր առաջին փորձով կոտորել հայ ժողովուրդը: 1915 թուականին ան կատարեց իր երկրորդ եւ յաջող փորձը: Դիմեց օտար երկիրներու, ինչպէս Գերմանիոյ, որ երեք հազարապետ ղրկեց` իրենց բանակով: Այսպէս կոտորուեցաւ հայ ժողովուրդը, մնացորդացը հետիոտն հասաւ Սուրիոյ, Յորդանանի անապատներ, անոնցմէ ոմանք խառն ամուսնութիւններով ձուլուեցան արաբ ժողովուրդին մէջ:
Ուրֆացին ամփոփած է իր յուշերը հաստափոր յուշապատումի մը մէջ, հոն «կ՛ապրին» անմահ հերոսներ: Անոնք կռուեցան, թէեւ հալածուեցան, բայց տոկացին: Թուրք զինուորը անծանօթ ըլլալով քաղաքին` տանիքներէն վար ցատկելով յաճախ կը մահանար: Կը հայհոյէին ուրֆացի մարտիկին ճարպիկութեան, որովհետեւ անոնք երդիքէ երդիք կ՛ոստոստէին առանց իյնալու: Ուրֆացիներուն պայքարի ներկայացուցիչ մարտիկը Մկրտիչ Եօթնեղբայրեանն էր` խիզախ ու քաջարի անձնաւորութիւն մը: Զինուած օրիորդներ փամփուշտ կը հայթայթէին կռուողներուն. Յարութիւն Ռասթկելենեան յայտնի դիմադրող եղած է, անմահ հերոս: Օրիորդներ Մարիամ Չիլինկիրեանն ու Խանըմ Քեթեճեանն ալ զինուորներուն փամփուշտ կը հասցնէին քաջարի կերպով:
Արմէն Անոյշը գրած է «Այրուած քաղաքի մը պատմութիւնը», հոն կը ներկայացուի, թէ ինչպէս խեղճ ժողովուրդէն մաս մը ապաստանած էր եկեղեցւոյ մէջ, երբ անբարոյ, անհաւատ թուրքը հրդեհ յառաջացուց եկեղեցւոյ մէջ, ուր ապաստանած ուրֆացիները խեղդուեցան…
Այս մասին գրած է նաեւ Արամ Սահակեանը իր «Դիւցազնական Ուրֆա» գիրքին մէջ, ուր նաեւ նշած է, թէ ուրֆացի տղամարդիկ պարկեշտ ու խիզախ կ՛ըլլան: Պայքարող հայրենազուրկ հերոսներուն մասին գրած է նաեւ բանաստեղծ Գէորգ Էմին, որ «Եդեսիացիներուն պահանջատիրական գովքը» կատարած է հինգ տուներու մէջ:
Այս տարուան ապրիլ 24-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը յայտարարեց, որ պէտք է յիշել, յիշեցնել ու պահանջել: Ասիկա ներկայ սերունդին խթան է` շարունակելու երթը, մինչեւ որ տիրանանք մեր հարազատ հողերուն:
«Վանայ ձայն»-էն յաճախ կը հետեւինք «Ատանայի ողբ»-ին, փափաքելի է նաեւ, որ լսենք «Եդեսիոյ գովք»-ը` որպէս պահանջատէր:
Կը խոնարհինք մեր հերոսներուն յիշատակին առջեւ:

