Օրը Օրին. Թոյնի Կաթիլներ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Երբ ոեւէ հայրենադարձի հետ զրուցելու առիթ ստեղծուի, անխուսափելիօրէն անոր բերանէն ահաւոր պատմութիւններ պիտի լսես, թէ ինչպէ՛ս Հայաստան-հայրենիք ապրելու իր բոլոր օրերուն ան խտրական, արհամարհական, նոյնիսկ թշնամական վերաբերումի արժանացած է իր հարեւաններուն, գործակիցներուն եւ պետական-կուսակցական շրջանակներուն կողմէ: Հայրենադարձները արտագաղթի մղելու գործօններուն մէջ վստահաբար այս վերաբերումը իր կարեւոր տեղը կը գրաւէ:

Հիմա ալ, կարծես, նոյն պատմութիւնը կը կրկնուի: Դարձեալ դառն ու նոյնիսկ դաժան փորձառութիւններու մասին կը լսենք, նոր հայրենադարձները դարձեալ կ՛ենթարկուին խտրական, արհամարհական վերաբերումի, ինչ որ շուտով կրնայ վերաճիլ թշնամականի: Գործարար, թէ տակաւին իր կեանքի ու ապրուստի պայմանները նոր դասաւորելու լծուած հայրենադարձներու տխուր պատմութիւնները բերանացի կամ գրաւոր կերպով կը հասնին սփիւռք` թունաւորելով արդէն իսկ նախապաշարումներով ու թիւրիմացութիւններով այլայլուած մեր պատկերացումները հայաստանցիներու հանդէպ. միւս կողմէ` հայաստանեան մամուլին մէջ կը կարդանք վկայութիւններ, որոնք իւղ կը թափեն միջհայկական յարաբերութիւններուն վրայ` ատելութեան ու թոյնի կաթիլներ սրսկելով հայրենի մեր ժողովուրդի ենթագիտակցութեան մէջ:

Այս սփիւռքահայերը` «աղբարները», կու գան բնակարաններու արժէքները կը բարձրացնեն. նոր տուն առնող հայաստանցին ինչպէ՞ս կրնայ մրցիլ իրենց հետ. ասիկա` հարուստ հայրենադարձներու մասին:

Ես սուրիահայերուն բնակարան վարձու չեմ տար: Վաղը անկարող կ՛ըլլան վճարելու, եւ երբ ուզեմ դուրս հանել զիրենք, աղմուկ-աղաղակ, նախարարութիւններ, բարոյական ճնշում կը գործադրեն ու չեն թողուր, որ ի՛նչ որ պէտք է ընեմ. այս ալ` աղքատ հայրենադարձներու մասին:

Աւելի աւերիչ, աւելի թունաւոր պատմութիւններ կը շրջին. անոնց մասին չեմ ուզեր անդրադառնալ` չնպաստելու համար թոյնի տարածման:

Կ՛ուզեմ միայն հակաթոյն տարածել` յայտարարելով, որ հպարտ եմ, որ ունիմ անհամար հայաստանցի, սուրիահայ, լիբանանահայ, իրանահայ, իրաքահայ, ֆրանսահայ եւ բազում այլ տեղեր ապրող ընկերներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը այնքա՛ն թանկագին է ինծի համար, անփոխարինելի, զիս հզօրացնող, ամրացնող, հարստացնող, եւ որոնք հետս յարաբերելու ատեն նրբանկատ ըլլալու իսկ կարիք չունին, որովհետեւ անկեղծ է մեր փոխադարձ սէրը, յարգանքը:

Միացէք ինծի այս արշաւին մէջ եւ հպարտօրէն յայտարարեցէք ձեր ընկերական շրջանակին մէջ գտնուող այլա-հայերու մասին, գլուխ գովեցէք անոնց բազմաթիւ ըլլալուն համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES