Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 95-ամեակի Համաժողովրդային Տօնակատարութեան ընթացքին Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ, Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի Արտասանած Խօսքը

Սարդարապատի Ողջ Պատմութիւնը

Յաղթանակի տօներ եւ տօնակատարութիւններ կը ծառայեն առնուազն երեք ազգակերտ նպատակներու.

Դաստիարակութիւն
Յիշողութեան զարթնում եւ
Զգացումներու խանդավառութիւն

Այս է պարագան մայիս 28-ի Հայաստանի Ա. հանրապետութեան պանծալի օրուան առիթով, որուն անմիջական եւ հերոսական կերտումը իրականութիւն դարձաւ յատկապէս Սարդարապատի յաղթանակով:

Առաջինը` Դաստիարակութիւն.

Այս պարագային, դաստիարակել` կը նշանակէ անցեալի տուեալները, գիտելիքները, եւ եղելութիւնները դասաւորել ու ներկայացնել այնպիսի ամուր համակարգով մը, որ արդի մարդը անցեալի մշակոյթով բարօր եւ հաւասարակշռուած ապագայ կերտէ, եւ հինը դառնայ նոր եւ առողջ ապագայի մշակոյթ: Այսինքն` անցեալի իմաստը պատահականութեան չձգել, ոչ ալ` այլոց օգտագործումին, մանաւանդ որ պատմութեան մատակարարման առարկայական մօտեցում գոյութիւն չունի: Օրինակ` Աւարայրի եւ Սարդարապատի կապը:

Երկրորդը` Յիշողութեան զարթնում

Ինչո՞ւ: Որովհետեւ նորութիւններն ու շրջապատի ազդեցութիւնները կրնան առաջնորդել չափանիշներու խախտումի, իսկ մեզ շրջապատող խառնաբնդոր վիճակները կրնան վրիպեցնել մեր կեդրոնացումը էականէն ու օգտակարէն, կը քայքայուին արմատները, եւ այս բոլորին որպէս հետեւանք` անգէտ ու թոյլ եզրակացութիւններու կրնանք յանգիլ մենք մեր մասին, մեր պատմութեան մասին, մեր նախնիներուն մասին, ոսոխին մասին եւ յիշողութիւնը կը դառնայ յուսահատութեան բանալի: Եւ հոս հարկ է նշել, թէ ազգեր երբ կը խօսին յիշողութեան զարթնումի մասին, նիւթը միայն եւ պարզապէս անձնական, ընտանեկան կամ հատուածական չի կրնար ըլլալ: Հաւաքական յիշողութիւնը իմաստ ունի եւ զարթօնք կ՛արձանագրէ միայն եթէ սերունդներու, ժամանակներու եւ տեղերու սահմանէն անդին անցնի եւ պատկանելու հաւաքական եւ յարաբերաբար միասնական ու յաղթարար զգացում  ստեղծէ (Սերունդներ, դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից):

Իսկ երրորդը` Զգացումներու խանդավառութիւն

Զգալը ընտրանք չէ ողջերուն համար: Ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս զգալն է նիւթը, եւ այո՛, կայ նաեւ ընտրանք` նոյնիսկ զգացումի կալուածին մէջ:

Զգացումը միայն տրուած եւ բնածին իրականութիւն չէ. ան կը զարգանայ նաեւ կամովին, նիւթի, ժամանակի, ընկերոջ, փորձի եւ մտքի ընտրանքով, եւ կրնայ մշակուիլ ասեղնագործութեան քնքուշ հիւսուածքի նման եւ առաջնորդել խանդի ու վայելքի:

Ուստի հայեցի դաստիարակութիւնը, հայկական յիշողութիւնը եւ հայաշունչ զգացումը պատահական նիւթեր չեն. կայ այն, որ բնականօրէն կը փոխացենք, բայց մեր նիւթը այսօր մեր գիտակցաբար եւ ծրագրով փոխանցելիքն է:

Այսքանը` բարի եւ ընդհանուր:

Հապա ի՞նչ մայիս 28-ի պատգամ քաղել եւ փոխանցել մեր երիտասարդներուն: Ի՞նչ դաստիարակութիւն, յիշողութեան կոչ եւ զգացումի հուր:

Ահաւասիկ`   չորս պատգամներ.

Կամք ու պատիւ

Եթէ ժողովուրդ մը կամի ապրիլ եւ գին վճարելու պատրաստ ըլլայ, բախտը չէ, այլ Աստուած, եւ պատմութիւնը անպայման պիտի ընդառաջեն, եւ նոյնիսկ թշնամիները պիտի յարգեն: Մեր ժողովուրդի Արեւելահայաստանի հատուածը կամեցաւ սահմաններ գծել ցեղասպանին ու տակաւին` արիւնարբու անարդար ուժին, օսմանեան թուրքին առջեւ եւ պատուաբեր կամքով յաղթանակեց: Ծանօթ է, որ յաղթանակի հիմնական պատճառը այդ անսակարկ կամքն էր ազատութեան եւ զոհաբերութիւնը հայ ժողովուրդի պատիւը բարձր պահելու: Իսկ եթէ ժողովուրդ մը ուզէ, որ դրացիները իրեն ազատութիւն հրամցնեն, եւ մեր ազատ կամքին ու կեանքին գինը իրենք վճարեն, ահաւասիկ այն ատեն ժողովուրդ մը կնքած կ՛ըլլայ իր մահկանացուն կը դառնայ անցեալի պատկեր: Այս դասերը մեզի սորվեցնող առիթները անպակաս եղած են, իսկ թէ ո՛վ ի՞նչ սորված է, ես կարող պիտի չըլլամ դատել:

Միասին եւ հզօր

Սարդարապատի պատգամներէն ամէնէն գեղեցիկը կը սեպեմ այն, որ ժողովուրդը կը զինուորագրուի երիտասարդով ու ծերով, կղերով ու աշխարհականով, հարուստով ու աղքատով, այրով ու կինով: Ժամանակ չկար, որ ամէն մէկը միւսէն ակնկալէ, միւսին սպասէ, միւսը կամ պայմանները այպանէ: Երբ նիւթը հրատապ է, երբ կացութիւնը ճակատագրական է, անմիտ է ան, որ իր տեսակին ու խումբին, չափին ու կշիռին կը նայի, կամ ժամացոյցը կը դիտէ: Ո՛վ որ կարողութիւն ունի, հոգի ունի, տեսիլք ունի, ազատ կամք ունի, նկարագիր ունի եւ նուիրում ունի, ան է մեծը ազգերու պատմութեան մէջ: Այսօր ալ նոյնն է մեր ազգային ու մարդկային մթնոլորտին մէջ. ո՛վ որ տալիք ունի, ի՞նչ կը սպասէ, իսկ երբ մարդիկ կը կամին, կը սորվին միասին գործել եւ միացնել իրենց ջանքերը` միայն դիտելով ժողովուրդին ներկային ու նորանոր սերունդներուն ապագայի շահերը, այն ատեն մեզ սահմանափակող պատերը կը վերածուին Սարդարապատի:

Ազատ ապրելու կոչում եւ իրաւունք

Աստուծոյ ստեղծած այս աշխարհին մէջ բարիին հականիշը կը կոչուի մեղք: Այսօր, սակայն, բարիին հականիշը պիտի կոչեմ ստրկութիւն: Հոն, ուր հանգիստը կը դառնայ արժանիք, դիրքը կը դառնայ դիւանագիտական արուեստ, այլասիրութիւնը կը դառնայ գործնական լուծում, բարոյական մակարդակի անկումը կը դառնայ նոր ժամանակներու արհեստ ու հաւատքը կը դառնայ սովորութիւն, այդ բոլոր ստրկութեանց ստրկութիւնը ի՞նչ պիտի կոչէին առաքեալները, եթէ ոչ` մեղք:

Սիրելինե՛ր, մենք հետզհետէ կը վերածուինք գործնականին գերին ամէն մարզի մէջ, եւ կ՛անհետանան` իտէալը, բարձրը, ուղղութիւն ճշդողը:

Մարդ արարածը  ստեղծուած չէ, որպէսզի դառնայ ստրուկը ընկերոջ կամ թշնամիին, ծանօթին կամ օտարին, դրացիին կամ աշխարհի այս կամ այն ուժին:

Ազատութեան աստուածային կամքին գաղտնիքը նախ սրտին մէջ է, եւ նուիրեալ սրտով է, որ կ՛ամրապնդուի արտաքին ազատութիւնը:

Զանգերու ղօղանջին անսացողներ

Վերջապէս, անցնինք աւելի զգացականին:

Հաւանաբար Սարդարապատի յաղթանակին ստեղծած եռանդին ու յաղթերգներու գործօնին կողքին եւ անոնցմէ առաջ, միտք պէտք է բերենք, որ ճակատամարտի կոչը հասաւ նաեւ մեր ժողովուրդին խաւերուն եկեղեցիներու զանգերու ղօղանջին միջոցով: Ղօղանջը ազդանշան էր, գործնական միջոց էր, այո, բայց`  շատ աւելին: Եկեղեցիին զանգի ղօղանջը ժողովուրդի բազկերակը ճշդողն ու անոր կեանքին ու մահուան նշանն էր: Զանգը ժամացոյց չէր, ժամանց չէր, ռոմանթիկ ֆոլքլոր չէր:

Մեր օրերու աշխարհագրութիւնն ու պատմութիւնը, պայմաններն ու տուեալները տարբեր են բնականաբար: Բայց հարց պէտք է տանք: Ի՞նչ են եւ ո՞ւր են նոր զանգերը, արդի միջոցները: Ո՞վ պիտի հնչեցնէ զանոնք եւ ե՞րբ: Իսկ տղաք, աղջիկներ, ո՞վ պիտի զիջի իր հանգիստէն, իր արձակուրդէն, իր ծրագրէն, երբ մեր ժողովուրդը ազատութեան ու պատիւի երգը փնտռէ: Իսկ մենք պաշտօն ստանձնած եկեղեցական, կրթական ու քաղաքական անձեր, ի՞նչ տեսիլք պիտի փոխանցենք տղոց, ի՞նչ պատգամ, ի՞նչ բարի օրինակ նորանոր մարտահրաւէրներու դիմաց, թէ ոչ մեր մեծագոյն ասպարէզը պիտի մնայ գոյութեան պահպանումի շրջագիծը:

Հանրապետութիւն կերտելու աստիճանին հասած ժողովուրդ մը, նուիրեալ ու ձեռնհաս սփիւռքով, մանաւանդ ազատ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնով, այսօր եւ վաղը պիտի ունենայ նոր առիթներ`  ամրապնդելու անկախութիւնը, բարձրացնելու պատիւը, պահելու եւ աւելիով մշակելու ինքնութիւնը, եթէ շարունակենք քաղել դասերը` դաստիարակելու, յիշողութիւնը արթնցնելու, եւ յաղթանակը զգացումով մեր Հայաստան աշխարհի երգը երգելու սարդարապատեան կշռոյթով, կամքով ու հաւատքով:

Զանգեր ղօղանջէք:

Share this Article
CATEGORIES