Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 95-ամեակի Համաժողովրդային Տօնակատարութեան ընթացքին Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

Հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան մէջ եթէ Աւարայրի ճակատամարտը կը հանդիսանայ, կրօնական ենթահողէ մեկնած, հայութեան ինքնուրոյնութեան եւ գոյութեան պահպանման հիմնակէտը, Սարդարապատով, Բաշ Ապարանով եւ Ղարաքիլիսէյով կերտուած մայիս 28-ը կը հանդիսանայ հայ  ժողովուրդի լինելութեան, անոր գոյատեւման շարունակութեան եւ քաղաքական ամրակայումի անվիճելի ապառաժը:

Ու եթէ երբեք Վարդան Մամիկոնեան եւ իր զինակից նախարարները անհաւասար ճակատամարտի մը աւարտին նահատակուեցան, բայց ապահովեցին հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի գոյութիւնը, ապա, ասկէ 95 տարի առաջ, Արամ Մանուկեան ու հայկական համաժողովրդային պոռթկումի ծնունդ բանակի սպաները յաջողեցան փիւնիկի նման վերընձիւղել արեան մէջ խեղդուած ու կրակի մէջ հաշմուած հայութիւնը եւ կերտել 28 մայիս, Հայաստանի անկախութիւն, ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի յենակէտ:

Պատմական անցուդարձերը, շրջանային թէ միջազգային պայմանները, տուեալ թուականին հայութեան ապրած արհաւիրքը, մեր ներքին հակասութիւններն ու ազգային տագնապները եւ նման շարք մը այլ երեւոյթներու թուումն ու վերլուծութիւնը ձգելով պատմաբաններու եւ համապատասխան առիթներու, յետադարձ ակնարկով մը անհրաժեշտ է այսօր վեր առնել 28 մայիս 1918-ի նուաճումի պատմական որակական արժէքը ու անկէ մեկնելով` ճշդել ներկայի ակնկալութիւնները, պահանջները եւ մեր դէմ ցցուող տագնապները դիմակալելու հրամայական միջոցները:

28 մայիսով ծնած Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան ծննդոցին, կեանքին ու անկումին մասին շատ մելան հոսած է: Պատմական նենգափոխումներ կատարուած են, զայն աւանթիւր որակած են եւ` թուրքին նուէրը նկատած, արհամարհուած են անոր կերտիչները, հալածուած, բանտարկուած, սպաննուած են անոնք, ժողովուրդի թշնամի նկատուած են յաճախ, անարգուած է անոր եռագոյն դրօշը, զինանշանը, քայլերգը, եւ անզիջող պայքար մղուած է հայ ժողովուրդի զաւակներու կարգին անկախութեան ճակատամարտերուն մասնակցած եւ հանրապետութեան կազմաւորման գործին լծուած Դաշնակցութեան դէմ: Այսօր, սակայն, երբ ջուրերը խաղաղած են, երբ կարելի է շուքը վերցնել իրականութեան վրայէն, երբ սուտն ու կեղծիքը իրենց բնական գերեզմանը մտած են, իրականութիւնը ի յայտ եղած է ու կը  ճառագայթէ արեւու նման:

Առաջին հերթին, անհրաժեշտ է ընդգծել, թէ 28 մայիսի աքթը հայ ժողովուրդի գոյութեան առհաւական արժէքներու ամենաթանկագին մէկ սկզբունքին` անկախութեան ձգտումին գաղափարական դրսեւորումն էր անկասկած: Հայկական առասպելներէն մինչեւ ամենահեռու գիւղին մէջ հայ գիւղացիին անկախ ապրելու, ինքնուրոյն ապրելու, իր ազատ կամքով իր սեփական որոշումը տալու աննկուն կամքի լաւագոյն արտայայտութիւնն է ան: Ազատ ու անկաշկանդ ապրելու ապառաժեայ կամքի արտայայտութիւնը` անկասկած:

Չկայ անկախութիւն առանց պետականութեան, ու չկայ պետականութիւն` առանց ժողովուրդի խաղաղ ու ապահով ապրելու նախապայմանները ամբողջացնելու համապատասխանող հողատարածքի: 28 մայիս 1918-ը հայ ժողովուրդին տուաւ գէթ մեկնակէտ նկատուող ապահով հողատարածք ու անոր վրայ հաստատուած արդի հունտերով սերմանուած պետականութիւն, իր ամբողջական նախադրեալներով: Սկզբնական շրջանին հազիւ 12,000, իսկ իր անկման օրերուն (ներառեալ Ղարաբաղը) 70,000 քառ. քմ. հաշուող Հայաստանի Հանրապետութեան հողատարածքը իրաւական փաստն է հայապատկան հողերու այն մասին, որ աւելի ուշ պիտի ընդարձակուէր իրաւական մէկ այլ փաստաթուղթով` Սեւրի դաշնագրով:

Ընդարձակուող հողերուն վրայ պետութեան հաստատումը բնականաբար նաեւ պարտէր դիմագրաւել այն հիմնական ու գրեթէ անհակակշռելի դժուարութիւնները, որոնք կը ցցուէին հայ ժողովուրդին դիմաց: Սով ու համաճարակ, համայնական գաղթականութիւն, 180,000 մահ, տնտեսական քայքայուածութիւն, ժողովրդագրական այլազանութիւն, մաուզերիստներու սանձարձակութիւն, սահմանային վէճեր, պարենային սահմանափակումներ, ազգամիջեան խռովութիւններ եւ դեռ բազում այլազան կնճիռներու դիմաց անկախ հանրապետութիւնը յաջողեցաւ հաստատել հաստատութիւններու եւ կառոյցներու վրայ հիմնուած պետութիւն: Հաստատուեցաւ կարգ ու կանոն, կարելիութիւններու ընդարձակումով հայթայթուեցան սնունդ եւ բնակարան, կարգաւորուեցան պարէնն ու ֆինանսները, հաստատուեցան տեղական ինքնակառավարման մարմիններ, տեղի ունեցան ազգայնացումներ, հաստատուեցան դատաստանական օրինագիրք եւ կառոյցներ, տեղի ունեցաւ մասնաւոր զէնքի բռնագրաւում, անասնապահութեան, գիւղատնտեսութեան ու ջրաբաշխման ձեռնարկութիւններ հաստատուեցան, հիմնուեցան ռատիոկայան եւ հեռագրական գործակալութիւններ, 280 համագործակցականներ` 112,000 անդամներով, հիմնուեցան արհեստանոցներ, գործարաններ, արհեստակցական միութիւններ, աշխատանքի յանձնուեցան աղահանք ու պղնձահանք, ընդարձակուեցան փոխադրական միջոցները, երկաթուղին եւ ճանապարհային ուղիները:

Ու դեռ, հաստատուեցան հայկական դրամանիշ եւ դրոշմաթուղթ, մաքսային անցակէտեր: Յատուկ ուշադրութիւն ընծայուեցաւ կրթական համակարգին հիմնելով զանազան մակարդակի դպրոցներ, Երեւանի պետական համալսարան եւ մասնաճիւղեր, թատրոն, երաժշտական մարզ, յուշակոթողներու պահպանութիւն, գրադարան յատուկ հոգածութեան արժանացան, ու ստեղծուեցաւ գրողներու օժանդակութեան ֆոնտ:

Պետականութեան հիմքը նկատուող բանակը եւ անվտանգութեան մարմինները դարձան ուշադրութեան առանցքը` բանակի թիւը հասցնելով 40,000-ի: Հաստատուեցան արտաքին ներկայացուցչութիւն ու դեսպանութիւններ` դիւանագիտական հաւասարակշռուած յարաբերութիւններ մշակելով այդ օրերու որոշումներու կեդրոն մայրաքաղաքներու հետ:

Երկուքուկէս տարուան կեանք ունեցող անկախ Հայաստանի պետութիւնը եղաւ ժողովրդավար: Տեղի ունեցան խորհրդարանական ազատ ընտրութիւններ, կազմուեցան ու հրաժարեցան դահլիճներ, զանազան քաղաքական դէմքեր տարբեր հանգրուաններու եւ տարբեր պաշտօններու վրայ դերակատարութիւն ունեցան` առանց փարելու իրենց պաշտօններուն, յարգուեցան կրօնական ազատութիւնները ու քաղաքացիներու միջեւ հաւասարութիւնը, օրէնսդիր, գործադիր ու դատական իշխանութիւնները գործեցին պատասխանատուութեանց բաժանման սկզբունքով, յարգուեցաւ մամուլի, հաւաքներու եւ կարծիքի ազատութիւնը:

Այլ խօսքով, բայց մեկին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը եղաւ ցեղասպանութենէ, գաղթականութենէ, թշուառութենէ ու ներքին քայքայումէ շատ արագ դուրս եկող ու ինքզինք հաստատող պետութիւն` իրողական, իրաւական ու օրինական բոլոր նախադրեալներով օժտուած, միջազգային կանոնները յարգող ու միատարր ժողովուրդով, ազատագրուած եւ ընդարձակուած հողատարածքով պետութիւն, ուր ապրեցաւ ազատ ու հաւասար հայ քաղաքացին:

Արագօրէն կերտուող այս հանրապետութիւնը թիրախ դարձաւ Կարմիր բանակի հարուածներուն ու ինկաւ խորհրդային տիրապետութեան տակ, անուրանալի կերպով սակայն, ըլլալով անոր ենթահողը: Պարզ է, որ եթէ չըլլար անկախ Հայաստանը, պիտի չըլլար Խորհրդային Հայաստանը, թէկուզ եւ մեր համոզումներուն եւ ըմբռնումներուն խոտոր համեմատող վարչակարգով եւ գաղափարական ապազգայնական, այլ աւելի ճիշդ` հակազգային ուղղուածութեամբ: Այո՛, եթէ չըլլար տասնամեակներ ամբողջ ուրացուած Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը ու անոր համար նահատակուած հազարաւորներու արիւնը, պիտի չմնար հողատարածք ու ժողովուրդ, որ պիտի դառնար ենթակայ համայնավար իշխանութեանց: Պիտի չըլլային բոլորիս հպարտութիւն ներշնչող Բիւրական ու Հիւլէական կայան, Մատենադարան ու մարզադաշտ, թանգարան ու Ծիծեռնակաբերդ արուեստ ու մշակոյթ եւ այսօրուան անկախ Հայաստանն ու անկախ Արցախը:

Ու եթէ երբեք չպաշտպանուէր ազգային գաղափարախօսութիւնը, հայու ազատութեան եւ անկախութեան ձգտումը, դադրէինք կերտելէ հայու առնական տիպարը, թէկուզ սփիւռքեան աքսորի մէջ չծածանէր Եռագոյն դրօշը, հանրապետութեան զինանշանը դադրէր մեր կուրծքերուն հպարտանքը դառնալէ ու անկախ Հայաստանի քայլերգը չերգուէր մեր պատանիներուն ու երիտասարդներուն կողմէ, ապա շատ բնական կերպով ու ինքնաբերաբար պիտի չլսուէր Արցախի փետրուարեան պոռթկումն ու Հայաստանի սեպտեմբեր 21-ի անկախութիւնը:

Յարգանք ու պատիւ` բոլոր անոնց, որոնք ինկան ազատ ու անկախ Հայաստանի կերտման ճամբուն վրայ:

Երախտագիտութիւն` բոլոր անոնց, որոնք տառապեցան եւ լուռ կերպով իրենց հոգիներուն մէջ առկայծ պահեցին ազատ մարդու ոգին ու իրենց լուման դրին «մեր հայրենիք թշուառ անտէրը» վերածելու ազատ, անկախի:

Իսկ այսօր, Հայաստանի անկախ հանրապետութեան հիմնադրութենէն 95 տարի ետք ո՞ւր է անկախութեան պատգամը, եւ ո՞ւր ենք մենք` իբրեւ ժողովուրդ, Հայաստանի մէջ եւ արտերկրի: Ո՞ւր է հայ մարդը, հայ քաղաքացին, հայ ազատ մարդը, ազատագրուած մարդը, անկախ մտածողութեան տէր մարդը: Հայ պետական գործիչը, վարչական պատասխանատուն, տնտեսագէտն ու քաղաքագէտը, ազատ ասպարէզի հայը, ուսանողը, երիտասարդը, հայ կինն ու մայրը:

Դարերու տարածքին ազատութեան եւ անկախութեան համար պայքարած հայ ժողովուրդը 28 մայիսին անկախութիւն կերտած, ապա զայն իրողապէս կորսնցուցած, սակայն հոգեպէս զայն արթուն պահած, ու ապա 1991-ին դարձեալ անկախութեան տիրացած Հայաստանն ու հայութիւնը այսօր իր անկախ հայրենիքի պահպանման, պաշտպանութեան, ամրակայման ու զարգացման համար հսկայական մարհահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի:

Մարտահրաւէրներ, որոնք եթէ ծնունդ են արտաքին ազդակներու, շրջանային ու միջազգային քաղաքական իրադրութեանց, տնտեսական նոր համակարգերու զարգացման, ուժերու հաւասարակշռութեան վերադասաւորումի, միաժամանակ սակայն հետեւանք են ներհայկական հակասութեանց ու Հայաստանի անկախ պետութեան դիմագրաւած դժուարութեանց, մէկ հայրենիք, մէկ ազգ ըմբռնողութեան ոչ ամրակուռ գործադրման, սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու տակաւին յամեցող զգայնութեանց, Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց միատարազ պատկերացումի բացակայութեան, Հայաստանի եւ Արցախի ամրացման շուրջ ոչ համապատասխան խիզախ քայլերու, եւ դեռ, Հայաստանէն արտագաղթի, Հայաստանի ներքին քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, կեանքին մէջ երեւցող ակնառու բացթողումներուն, եւ դեռ, սփիւռքի մէջ յամեցող տկարութիւններու եւ սկզբունքային հարցերու շուրջ ոչ-յստակ կեցուածքներու:

28 մայիս 1918-ի 95-ամեակի յիշատակումը սոսկ ծիսականութիւն եւ ցուցադրամոլական քարոզչութիւն կը մնայ, եթէ այս առիթը ի սպաս չդրուի նոր հանգրուանի մը, որ մեզի` համայն հայութեան պիտի վերադարձնէ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի ոգին, ու դաստիարակիչ դարձնէ առաջին հանրապետութեան օրինակը:

28 մայիս 1918-ի նախօրեակին Արամ Մանուկեան իր բռունցքը զարնելով սեղանին, կը յայտարարէր` «Երեւանը չենք դատարկի»: Այսօր, 95 տարի ետք, ի տես Հայաստանէն բազմահազար արտագաղթի, ո՞վ պիտի դառնայ ա՛յն Արամ Մանուկեանը, որ քաջութիւնը ունենայ գոչելու` «Հայաստանը չե՛նք դատարկի»:

Պետական ո՞ր այրը քաջութիւնը պիտի ունենայ օրէնքի յարգումի պահանջը դնելու` առանց խնամի-ծանօթ-բարեկամ խորհրդային երրորդութեան տուրք տալու:

Ո՞վ կամքը պիտի ունենայ սեւշուկայական, ստուերային տնտեսութեան մենաշնորհներու եւ շահագործումներու դէմ կանգնելու, որպէսզի հայ քաղաքացին ձերբազատէ դրամի ու պաշտօնի ստրուկը դառնալէ:

Ո՞վ պիտի կարենայ, առաջին հանրապետութեան օրերուն նման, այսօր եւս պայքարիլ նոր մաուզերիստներու, օր ցերեկով սպանութիւն, կողոպուտ, գռեհկութիւններ կատարող օրինազանցներուն դէմ:

Ո՞վ պիտի կարենայ ժողովրդավարութեան քողին տակ, սակայն էապէս այդ սկզբունքներուն հակոտնեայ ենթահողի վրայ կատարուած խորհրդարանական թէ այլ մակարդակի ընտրութիւնները  նկատել ժողովուրդի կամքը ոտնակոխող աքթ:

Ո՞վ պիտի կարենայ երկրի օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական կառոյցներուն միջեւ ժողովրդավարութեան հիմքը նկատուող իշխանութեանց բաժանումը յարգել:

Ո՞վ պիտի կարենայ դասակարգային խորացող տարբերութիւնները վերացնել ու հայ քաղաքացին դուրս բերել նպաստընկալ ըլլալու հոգեվիճակէն:

Իրաւ անկախութիւնը, իրաւ ազատութիւնը կարելի կը դառնայ հաւասարութեան, արդարութեան, հաւասարակշռուած բարգաւաճման եւ ժողովրդավարութեան հիմունքներուն յարգումով, երբ քաղաքացին կը ձգտի ապրիլ իր հայրենիքին մէջ` իբրեւ յարգուած ու լիիրաւ, հաւասար պատեհութեանց արժանի քաղաքացի, որ կը ձգտի իր զաւակը պահել հայրենիքի մէջ ու անոր ապագան կապել հայրենիքի ապագային:

Հայաստանի Հանրապետութեան 95-րդ տարեդարձին չենք կրնար նաեւ չանդրադառնալ արտերկրի հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Տագնապի մէջ է դարձեալ Միջին Արեւելքի հայութիւնը, Թուրքիոյ սահմանակից Սուրիոյ հայութիւնը գոյութեան պայքար կը մղէ, շրջանին մէջ մնալու, Սուրիան հայութենէ  չպարպելու պայքար, ուր մենք բոլորս հաւասարապէս, Երեւանէն մինչեւ Պէյրութ եւ Լոս Անճելըս, Փարիզ ու Սիտնի, պարտաւոր ենք թեւ ու թիկունք ըլլալ ամուր պահելու համար մեր թշնամիին դիմաց առաջաւոր խրամի մէջ պայքարող սուրիահայութիւնը:

Օրհասական պայքարի մէջ է նաեւ սփիւռքը` իր բոլոր գաղութներով: Օտարացումը, ապազգայնացումը, հայոց լեզուի, պատմութեան ու սովորութեանց ուրացումը, օտար բարքերու ներմուծումը, արդիականութեան քողին տակ խորթ վարդապետութեանց ու ազգային շահերու վնասարար երեւոյթներու հոսքը, բացառաբար նիւթական շահաւէտութեան վրայ հիմնուած սկզբունքներու որդեգրումը, ծայրայեղ եսակեդրոնութիւնն ու արժէքներու ստորացուած համակարգի յառաջացումը, երիտասարդութեան, ուսանողութեան եւ այսպէս ըսուած ինքզինք գիտակից ու մտաւորական նկատող տարրերու աստիճանական հեռացումը մեր ազգային հասարակական կեանքէն, ազգային կառոյցներու, եկեղեցական, կուսակցական թէ միութենական ղեկավարութեանց տեղքայլն ու թանձրացեալ քաշկռտուքը հարցեր են, զորս չենք կրնար անտես թողուլ մայիս 28-ի այս տարեդարձին:

Ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի ձեռքբերումը երազ չի կրնար մնալ: Ա՛յն, ինչ որ ցարդ կատարուած է, մէկ մասն է միայն ու արժէքաւոր: Պայքարը, սակայն, կարելի չէ իր լրումին հասած նկատել:

Անկախ Հայաստանի անկախութեան, գերիշխանութեան ու ազատութեան պահպանումն ու հզօրացումը հրամայական պահանջներ են այսօր:

Անկախ Արցախի վերաբնակեցումն ու հզօրացումը եւ ազրպէյճանական ուղղակի վտանգի վնասազերծումը նուազ հրամայական չեն նաեւ այսօր:

Արեւմտեան Հայաստանի վերատիրացումը համայն հայութեան տարրական իրաւունքն է ու պարտաւորութիւնը, անկասկած: Ցեղասպանութեան ճանաչումին կողքին ու անկէ անդին` Թուրքիայէն հատուցումներու ձեռքբերումը ու սեփականութեանց վերադարձը քայլեր են պարզապէս Հայ դատի հետապնդման վիթխարի գործին մէջ:

Ջաւախքի ու Նախիջեւանի առնչուած պատմական սխալներու սրբագրութիւնը անզիջելի բաժինն է մեր պահանջատիրութեան:

Ու համայն հայութիւնը, մէկ ու միակ, ամբողջական Հայաստանի մէջ պարփակումը դափնեպսակն է մեր պայքարին:

Այսպէս կը տեսնենք Հայաստանի անկախութեան խորհուրդը:

95-ամեակի պանծալի այս առիթին բոլորէս պահանջուած է բռնցքուիլ ի խնդիր այս Դատին:

Ու առաջին հերթին` ձեզմէ, սիրելի՛ երիտասարդներ եւ ուսանողներ, սիրելի՛ տղաք ու աղջիկներ, դուք կոչուած էք փոփոխութիւն յառաջացնելու մեր կեանքին մէջ, դուք ալիքն էք լճացումի դէմ, դուք ձայնն էք բարձր, համրացող բերանները բացող ու խլացող ականջներուն լսելի դարձող: Դուք չսակարկող, չզիջող սկզբունքները բարձր պահող, սխալող ու սխալէն սորվող այն բանակն էք, որ վաղը պիտի ստանձնէք սխալները սրբագրելու, բացթողումները ուղղելու, ջուրը իր հունին վերադարձնելու սրբազան պարտականութիւնը:

Սիրելի՛ ներկաներ,

Անկախութիւնը ամէն բանէ առաջ հոգիի ու մտքի, սրտի ու թռիչքի անկախութիւն է:

Անկախութիւնը մեր հայու նկարագրի անքակտելի մէկ մասնիկն է:

Անկախութիւնը խօսք չէ սոսկ, այլ` գործ անպայման:

Ու այդ գործին մէջ շատեր ինկան ու դեռ շատեր կրնան իյնալ: Սակայն 28 մայիս 1918 մեզի սորվեցուց, որ հաւաքական գործը մնայուն է ու արմատները խոր:

Վերջին հարիւրամեայ պատմութիւնը մեզի սորվեցուց, որ մենք կը յաղթենք այն ատեն միայն, երբ բացառաբար կ՛ուղղուինք հայկական շահերով, երբ կը մերժենք օտարը ու կը դադրինք ներքին հալածանքէ:

Մեր պատմութիւնը վկա՛յ, որ ամենադաժան վայրկեաններուն իսկ հրապարակ կու գայ հայ մարդուն հոգիին մէջ բանտարկուած Արտաւազդը ու կը քանդէ շղթաները:

Այս շղթաները քանդուեցան 28 մայիսին Թուրքիոյ դէմ, քանդուեցան 1988 փետրուարին Արցախի մէջ, ազերիին դէմ, քանդուեցան 21 սեպտեմբերին` խորհրդային վարչակարգին դէմ ու պիտի քանդուին մեզ հարուածել փորձող ամէն տեսակի ներքին թէ արտաքին թշնամիներու դէմ:

Թող ոչ ոք մտահան ընէ ա՛յն, թէ հայը ծնած է ազատ, ապրելու համար ազատ ու անկախ, ու եթէ հարկ է` մեռնելու նաեւ ազատ, բայց` մի՛շտ ոտքի, անխոնա՛րհ:

Մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ, մենք շարունակենք սպասել Վարուժանի նոր վարդահեղեղ արշալոյսը:

Բոլորիս Հայաստանը:

Արարատի գագաթին ծածանող եռագոյնով, ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը:

Share this Article
CATEGORIES