«Ռէալ Մատրիտին Ոչ Ըսելը Քիչ Մը Դժուար Է» Կ՛ըսէ Սուարես

Լիվըրփուլի յառաջապահ Լուիս Սուարես իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իրեն համար քիչ մը դժուար պիտի ըլլայ ոչ ըսելը, եթէ Ռէալ Մատրիտ փոխանցուելու առաջարկ մը ստանայ:

Ուրուկուէյցի միջազգային մարզիկ Սուարես 10 մրցումով կախակայուեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ` Պրանիսլաւ Իվանովիչին (Չելսի) զարկած ըլլալուն համար: Անգլիական մամուլին կողմէ իր վրայ բանեցուած ճնշումը գլխաւոր պատճառներէն մէկն է, որ ան կ՛ուզէ հեռանալ «Մերսէյսատ»-ի ակումբէն:

26 տարեկան Սուարես այդքան ալ մաքուր անուն մը չէ ձգած Անգլիոյ մէջ:

Share this Article
CATEGORIES