Էքուատորի Դէմ Տեղի Ունեցած Մրցումին. Գերմանիա 9-րդ Երկվայրկեանին Կոլ Նշանակեց
Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Լուքաս Փոտոլսքի նշանակեց աշխարհի ամէնէն արագ կոլերէն մէկը, երբ 9-րդ երկվայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը` Էքուատորի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (4-2):
ՖԻՖԱ-ին կողմէ ճանչցուած աշխարհի ամէնէն արագ կոլին մրցանիշը կը պատկանի Տաւիտ Կուալթիերիի, որ 1993-ին Սան Մարինոյի հետ Անգլիոյ դէմ տեղի ունեցած Մոնտիալի մրցումին նշանակեց կոլ մը` մրցումին սկիզբէն 8,3 երկվայրկեան ետք:
Գերմանիա, որ Էքուատորի դէմ իր այս մրցումը կատարեց Պոքա Ռաթոնի մէջ (Ֆլորիտա, Միացեալ Նահանգներ), այլ մրցում մը պիտի կատարէ հոն այս շաբաթավերջին Եիւրկըն Քլինսմանի կազմին` Միացեալ Նահանգներու դէմ:
CATEGORIES Մարզական

