Ամալ Շարժումի Մարզական Խաղեր. Մարատա Հոսանքը Տիրացաւ Մինի-Ֆութպոլի Մրցաշարքին Տիտղոսին
Կազմակերպութեամբ Ամալ շարժումի Պէյրութի կազմակերպութեան, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով տեղի ունեցան մարզական խաղեր` Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով, Ժընահի մէջ (Պէյրութ) գտնուող «Էքսթրա թայմ»-ի դաշտերուն վրայ:
Մինի ֆութպոլի աւարտականին Մարատա հոսանքը 7-2 արդիւնքով յաղթեց Պաաս կուսակցութեան:
Փակման հանդիսութեան ներկայ էր երեսփոխան Հանի Քպայսի, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ այլ անձնաւորութիւններ:
Աւարտին այս խաղերուն մասնակցող բոլոր մրցանակակիրները իրենց մրցանակները ստացան Քպայսիէն եւ այլ անձերէ:
CATEGORIES Մարզական



