Հայաստան – Իսլանտա Մրցումին Մուտքը` Ձրի
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն` PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ 6 յունիսին տեղի ունենալիք Հայաստան – Իսլանտա մրցումին մուտքը պիտի ըլլայ ձրի:
Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Ժ. խմբակին, իր այս մրցումը պիտի կատարէ Հրազդան մարզադաշտին վրայ:
Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ 2015-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Հայրենի կազմը զտումի իր առաջին մրցումը կը կատարէ, մինչ Իսլանտա իր առաջին մրցումին յաղթած է Պիելոռուսիոյ:
Վերոնշեալ երեքէն բացի, Ժ. խմբակին մաս կը կազմեն նաեւ Ֆրանսա եւ Ղազախստան:
CATEGORIES Մարզական

