Փինկ Փոնկ. Ատել Հաքիմի Անուան Միջազգային 3-րդ Մրցաշարք. Արձանագրութեան Վերջին Պայմանաժամ` Երեքշաբթի, 4 Յունիսին

Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ 6-8 յունիսին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունենալիք Ատել Հաքիմի անուան փինկ փոնկի 3-րդ միջազգային մրցաշարքին գծով պատրաստութիւնները կը շարունակուին:

Մինչեւ երէկ 57 խաղացողներ (37 լիբանանցի եւ 20 արաբական ու եւրոպական երկիրներէն) իրենց անունները արձանագրեցին հետեւեալ երկիրներէն` Սուրիա, Յորդանան, Պուլկարիա, Պաղեստին, Իրաք, Սէուտական Արաբիա, Չեխիա եւ բնականաբար Լիբանան:

Ֆետերասիոնը նշեց, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամն է երեքշաբթի, 4 յունիս:

Իսկ վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 5 յունիսին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Մոն լա Սալի մէջ:

Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին այս մրցաշարքին մասնակցիլ, կրնան հեռաձայնել հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 03-099427 եւ 03-999969:

 

Share this Article
CATEGORIES