100-րդ Մոմէն Առաջ Եւ Վերջ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շատոնց վերջ գտած են 1915-ի ապրիլ 24-ի կամ Մեծ եղեռնի, աւելի ճիշդ` Հայոց ցեղասպանութեան ի յիշատակ հայութեան աշխարհատարած ցոյցերը, ոգեկոչումները, ուխտագնացութիւնները, երեկոները, գեղարուեստական յայտագիրները, հայ եւ օտար դէմքերուն` այս առթիւ արտասանած բազմաթիւ պերճախօս ճառերը, խոստումներն ու խրախուսական խօսքերը, խունկով եւ աղօթքով պարուրուած հոգեհանգստեան արարողութիւնները, ջահերթներն ու քայլարշաւները: Պատմական յուշարձաններուն, համալիրներուն, յուշակոթողներուն նուիրուած ծաղկեպսակներուն ու միլիոնաւոր մեխակներուն միայն յիշատակելի նկարները մնացած են:

Նաեւ շատոնց լռած ու մարած է աշխարհով մէկ, մարդկութեան ականջներուն հասցէագրուած հայութեան պահանջատիրութեան աղմուկը:

Ու ամէն տարի, աւանդապահօրէն նոր մոմ մը վառելով, յիշատակելի այս օրուան ոգեկոչման առիթով մեր վառած մոմերուն թիւը հասցուցած ենք 98-ի եւ վճռած ենք շարունակել…

Կը կարծեմ, որ բոլորիս պարտականութիւնն է մեր պատմութեան եզրին պահ մը կանգ առնել, ցարդ մեր աշխատանքներուն մասին հաշուեկշիռ մը ընել եւ ապա մենք մեզի հարց տալ` ի՞նչ կամ ինչե՞ր ըրինք եւ կամ ասկէ ետք ինչե՞ր պիտի ընենք կամ կրնանք ընել:

Յստակօրէն ըսեմ, որ շատերուն նման ինծի համար ալ Հայոց ցեղասպանութեան մասին գրել կամ կարդալ` կը նշանակէ դարձեալ հաղորդակցիլ մեր տառապալից անցեալին հետ:

Յուզիչ ու նոյնքան ալ` ծանր:

Բայց, միւս կողմէ, այնպէս կը թուի, թէ կարծէք ժամանակէ մը ի վեր հայկական երկնակամարին վրայ տեսանելի է անօրինակ աճապարանք մը:

Այսպէս, հայրենիքի եւ հայահոծ կարգ մը գաղութներու մէջ սկսած են Հայոց ցեղասպանութեան յատուկ մեծ ու փոքր տարողութեամբ խորհրդաժողովներ գումարել, գիտաժողովներ կազմակերպել, զանազան յանձնախումբերու ծնունդ տալ, տեսակ մը ազգային մեծ շարժում մը ծնած է:

Այս բոլորը, անշուշտ, որովհետեւ արդէն Մեծ եղեռնի յիշատակման հարիւրամեակը մօտեցած է. ընդամէնը երկու տարի:

Կարծէք կայարանը հասնելու վրայ ենք եւ հիմա ալ կը վախնանք, որ շոգեկառքը յանկարծ կրնանք «փախցնել»: Վերջին պահու քրտնաթոր աճապարանք:

Կասկածէ դուրս է, թէ հայ անմեղ նահատակներու յուշը մինչեւ հիմա կը խռովէ մեր եւ մեր իրերայաջորդ սերունդներուն հոգիները:

Գիտենք, որ ապրիլեան 98-րդ յիշատակումը հասաւ եւ անցաւ ու, բնականաբար, մեր առջեւ բացուեցան նոր օրեր, որոնք շատ հաւանաբար լեցուն պիտի ըլլան տխուր եւ ուրախ անակնկալներով:

Անշուշտ այս բոլորը, ընդունինք կամ ոչ, պայմանաւորուած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մեր հաւատքով, մեր գիտակցութեամբ, մեր գործելակերպերով եւ մեր այս առթիւ տանելիք աշխատանքներուն յարատեւ թափով եւ լրջութեամբ:

Գիտենք նաեւ, որ այս Ճանաչման հարցը այսօր աշխարհի հզօր պետութիւնները, իրենց շահերէն մեկնած, կ՛օգտագործեն իբրեւ լծակ` Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու համար: Այս մէկը բացայայտ իրողութիւն է:

Աւելի ճիշդ, նոյն այս մեծերը, կարծէք, կ՛ուզեն մեր դատը շահագործել: Տեսակ մը «քաղաքականութիւն» կը խաղան թէ՛ թուրքին եւ թէ՛ մեզի հետ: Թուրքն ալ, իր կարգին, հարկաւ, լաւ գիտէ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք հայերու յաջորդ պահանջները պիտի ըլլան հայկական հողային տարածքներու վերադարձը, ապա` նիւթական հատուցումը: Անոր համար է, որ ան յամառօրէն կառչած է իր տեսակէտին վրայ:

Անպայման քաղաքագէտ ըլլալու պէտք չկայ` հասկնալու եւ վերլուծելու համար ներկայի մեծ պետութիւններու դիւանագիտական այս խաղերը: Արդէն տասնամեակներէ ի վեր ականատես եւ ականջալուր ենք այս բոլորին: Յոգնեցանք:

Իրողութիւն է նաեւ, թէ մինչեւ այսօր Թուրքիան, Միացեալ Նահանգներու օրհնութեամբ, երբեք չէ զիջած, այլ միշտ «յաղթանակած է»: Իսկ մենք ալ ամէն յարմար առիթով մեծ պետութիւններու դռները թակած ենք` բողոքելով, թէ թուրքը «պէտք է ընդունի անցեալ դարասկիզբին կատարած իր ոճրագործութիւնը եւ հատուցէ հայ ժողովուրդին պատճառած վնասը»:

Լաւատեղեակ ենք նաեւ, որ տարիներ առաջ կաթոլիկ եկեղեցիին գործած մեղքերուն համար Հռոմի պապը համայն մարդկութեան առջեւ ներողութիւն խնդրած էր:

Այս մէկը արդէն ինքնին մարդկային խոնարհութեան մեծագոյն դրսեւորումն էր:

Զղջալն ալ ամօթ չէ, կ՛ըսենք եւ կը թելադրենք շատ յաճախ: Թուրքին համար պարզ պէտք է ըլլայ, որ այս խնդիրին առաջին եւ վերջին իրաւատէրը հայ ժողովուրդն է:

Այս իրականութիւնը ժառանգած ենք եւ մեր կարգին ալ կ՛աւանդենք մեր նոր սերունդին: Այս մէկը կասկած չ՛ընդունիր:

Ասով հանդերձ, համոզուած ենք, որ Թուրքիան, որքան ալ խուսափի, չի կրնար հերքել իր այս անմարդկային արարքը: Օր մը չէ օր մը ան պիտի ընդունի իր կատարածը` ոճիրը:

Հաւանաբար այս օրերուն ան սարսափի իր մեղքը ընդունելէ, որովհետեւ ինքն ալ քաջ գիտէ, թէ մեղքը ընդունելուն պիտի յաջորդեն անկէ ծնունդ առած իրեն համար անընդունելի եւ անախորժ շատ մը հետեւանքներ` «Արժանապատուութեան» հա՞րց. վրա՛ս գրէ:

Յաճախ կ՛ըսեմ` անցեալ մը ունինք յաւերժական: Հպարտ կամ տխուր, սակայն անիկա միայն մեզի կը պատկանի, մեր ազգին եւ մեր հայրենիքին:

Իր հողերէն տարագրուած ու տեղահանուած մեր ժողովուրդին մէկուկէս միլիոնը ջարդուած ըլլալով, հայը կ՛ունենար մեծ կորուստներ` թիւի, հողերու, նիւթական հարստութեան եւ դարերու մշակոյթին:

Ահա 20-րդ դարու մեր անցեալէն` ցաւալի, նոյնքան արիւնոտ ու մեծ պատառ մը:

Չմոռնանք սակայն, որ այս տխուր անցեալին կողքին ունինք նաեւ ներկայ մը` կապուած ժամանակին հետ:

Այդ պատճառով ապրիլեան մեր ոգեկոչումներուն ոչ միայն յարգանք կը մատուցենք, այլեւ մեր անցեալը կը յիշենք եւ կը փորձենք իրազեկ գոհունակութեամբ կարդալ մեր ներկան, որպէսզի ծրագրենք մեր ապագան:

Վստահ եմ, որ բոլորիս համար ալ Ցեղասպանութեան մասին խօսուած ճառերը եւ կամ ցարդ ձեռք բերուած յաջողութիւնները մեզի որոշ չափով մխիթարութիւն բերին:

Սակայն, յետոյ ի՞նչ:

Անկեղծօրէն ըսելով, տակաւին երկար տարիներ անձնապէս դրացնութիւն ընելէ ետք, Կլենտէյլի մեր ապրած թաղի օտար դրացիներէն շատեր անտեղեակ են մեր ժողովուրդին մասին, մեր Դատին մասին, հայու ազգային մեծ ցաւին, կորուստին ու վիշտին մասին:

Յանցաւոր չեմ փնտռեր, բայց…

Այնպէս կ՛երեւի, թէ մեր կարգին մենք ալ յոգնած ենք միեւնոյն կարգախօսները լսելէ: Մեր ճառերուն եւ յորդորներուն մէջ «պէտք է» բառին գործածութիւնը մեզ յաճախ դէպի ձանձրոյթ առաջնորդած է:

Անոր համար մեր միտքերը նոր զարթօնքի մը կարիքը ունին, իսկ մեր աշխատանքները`  նոր արշալոյսեր առաջնորդողներու. կարօտով կրկնած եմ շարունակ:

Կասկած չկայ, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը նոր էջ մը պիտի բանայ կամ կրնայ բանալ մեր ազգային պատմութեան մէջ:

Այս ձեւով, թէեւ անմեղ մեր զոհերու յուշը պիտի չխամրի, բայց կը կարծեմ, որ վերջ ի վերջոյ մեր ապագայ սերունդները պիտի կարողանան ձերբազատիլ «զոհի» բարդոյթէն:

Մեր աչքերը ուղղելով մեր նոր վաղուան` վերջ ի վերջոյ ստիպուած ենք հաշուի առնել, թէ ի՛նչ պայմաններ կը պաշարեն մեզ:

Այսօր շեշտաւորուած իրականութիւն մը կայ: Ցեղասպանութենէն վերապրողներու թիւը արդէն նօսրացած է, եթէ ոչ` գրեթէ չքացած: Երկու տարիէն դար մը պատմութիւն պիտի ունենայ մեր ազգային վիշտը:

Երկու տարի ետք պիտի վառենք յիշատակի 100-րդ մոմը: Սարսափելի է եւ փշաքաղող:

Հիմա հարց է, թէ իբրեւ սփիւռքի մէջ ապրիլ շարունակող հաւաքականութիւն` այս թուականէն ի՞նչ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուինք, որքանո՞վ լուրջ եւ առողջ է մեր գիտակցութիւնը, արդեօ՞ք պատրաստ ենք դիմաւորելու մեր ձեռք ձգելիք կամ մեզի յանձնուելիք «նորութիւնները». պատասխանը մեզմէ իւրաքանչիւրիս մօտն է:

Այս բոլորը կրկին անգամ հրապարակով հնչեցնելը անհրաժեշտ պայման կը նկատենք, որովհետեւ լաւատեղեակ ենք, թէ ներկայիս թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի տարածքին ազգովին վտանգաւոր պահեր կ՛ապրինք:

Հակառակ այս իրականութեան` տակաւին մեզմէ շատեր հեռու կը մնան հայու աղմուկէն. կը սիրեն միայն խօսիլ, երկար խօսիլ, պոռալ, քննադատել, ձեւով մը իրենց մաղձը թափել:

Սակայն մեր ժամանակը աննկատ անցընելը դաւաճանութեան համազօր է: Կը կրկնեմ` ժամանակը իր ընթացքը չի դանդաղեցներ, պէտք է ետեւէն հասնիլ: Իսկ գործնական ըլլալը եւ մենք զմեզ դիտելու քաջութիւնը ունենալը մեզի համար օդի ու ջուրի չափ կենսական են, մեր գիտակից հասունութեան կողքին:

Կենսական են նաեւ մեր թշնամին լաւ ճանչնալու եւ իրաւ դաշնակիցները ընտրելու մեր արթնութիւնն ու ողջմտութիւնը:

Կրկնելու գնով ըսեմ, որ նման միտքերու շարունակութիւնը միմիայն կախեալ է մեզմէ, մեր խիղճէն եւ իմացականութենէն:

Ազգային յանձնառութիւն կը քարոզուի, ազգային դիմագիծի պահպանում կը շեփորուի: Նման պարագաներու հարկաւոր է ամէն գաղութի մէջ տեսնել ներկայութիւնը ուխտապահ հայորդիներու հաւաքականութեան, կը կարծեմ: Առանց նման երիտասարդութեան` մեր հարցերը իրենց արդար լուծման չեն յանգիր: Երիտասարդութիւնն է մեր ապագան:

Անցեալին կրցած էինք յաւերժանալ: Յաջողած էինք չմեռնիլ եւ մահուան յաղթել ու վերապրիլ: Ահա մեր ազգային ուրիշ մէկ դրամագլուխը,  օգտուի՛նք:

Կը կարծեմ, որ ներկայիս ո՛չ ոք պարկեշտօրէն կոչուած է փրկելու մեզ: Ո՛չ մէկը նպատակ ունի անկեղծօրէն մեզի ձեռք երկարելու: Ո՛չ մէկը մտահոգ է մեր փոքր ածուին ճակատագիրով: Ամէն մարդ նախ իր շահը կը փնտռէ: Բոլոր մեծերը իրենց գերագոյն շահերէն մեկնած` մեզի խոստումներ կու տան եւ կամ` «կը խաղցնեն»:

Հաստատօրէն գիտենք, որ սուգը, լացն ու հեծկլտուքը տասնամեակներով մեզ տեղ մը չհասցուցին: Հրապարակային դժգոհութիւնը եւ դատապարտումը ոչինչ փոխեցին մեր էութենէն ու այսքան տարիներ ետք թերեւս մազաչափ մը նպաստեցին մեր Դատին:

Հայ դատ մը ունինք: Շատեր նոյնիսկ այս մէկը պատահականօրէն կը յիշեն: Այդ պատճառով տեւաբար կը յիշեցնենք, կը պատմենք, կը պոռանք: Ցոյցեր կը կազմակերպենք: Կը թելադրենք եւ կը շեշտենք, որ Հայ դատը իրեն հետ թէեւ կը բերէ ցեղի մը բարբարոսութեան պատկերը, բայց միւս կողմէ ալ մեր ժողովուրդին ապրելու կամքն ու վճռակամութիւնը կ՛արտացոլացնէ:

Դատ ըսի, սակայն ո՞ւր է դատարանը: Ո՞վ է դատուողն ու արդարութիւն ճշդողը:

Ո՞ւր մնաց Սեւրի դաշնագիրը: Ո՞վ է զայն հետապնդողը: Ո՞ւր են եւ ո՞ւր մնացին այս պատմական դաշնագիրը ստորագրող գրիչներուն տէրերը: Այս բոլորը թշնամիին դրօշակը այրելով չենք կրնար իրականացնել: Հաստատօրէն նոր Վուտրօ Ուիլսըն մը պէտք է փնտռենք:

Միւս կողմէ ալ, ամէն առիթով պոռալով, մեր թշնամիէն մեր հողերը կը պահանջենք, կը պոռանք, բարձրաձայն կը բողոքենք` առանց սակայն անդրադառնալու, որ ամէն օր մեր հայրենի հողերէն կամովին կ՛արտագաղթենք: Ո՞վ է ասոնց մասին մտածողը:

Ո՞ւր ենք մենք այս աշխարհին մէջ` հայրենիք եւ սփիւռք, հաւասարապէս:

Ազգովին ո՞ւր կ՛երթանք կամ կ՛ուզենք երթալ, ի՞նչ ընել կ՛ուզենք, ի՞նչ կ՛ընենք:

Կարծէք «անգլուխ» ենք, սարսափելի է, չէ՞:

Ամէն ազգ իր ախորժակը ունի: Մենք ալ մեր ախորժակը պէտք է ունենանք:

Ուստի ստիպուած ենք հաշուի առնել նման բաներ ու մեր աչքերը ուղղելով վաղուան` մեր քայլերը գաղտնապահօրէն գործնականացնելով:

Ամէն անգամ եւ ամէն առիթներով մտքիս մէջ նոյն եւ անպատասխան հարցումը կը յայտնուի ցցուելով. «Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ յետոյ ի՞նչ…»:

Ցեղասպանութեան մասին թշնամիին հետ հաշուի նստիլ, սրբագրել տալ պատմական սխալը. յետոյ ի՞նչ:

Ինծի նման շատեր ալ այլ հարցեր կու տան անմեղօրէն. «Արդեօ՞ք Ցեղասպանութեան փաստի ճանաչումը Հայ դատին վերջնական պատասխանը կը դառնայ: Արդեօք ո՞րն է ելքը: Արդեօք այդ ելքը հայկական հողերու ազատագրումն ու մեր ժողովուրդի դէպի իր հայրենի օճախը վերադա՞րձն է: Ի՞նչ են մեր առաջնահերթ պահանջները: Հո՞ղ, դրա՞մ, ճանաչո՞ւմ, թէ ոչ` այս բոլորը: Հապա՞ մեր հայրենիքէն արտագաղթի ներկայ ամօթալի իրավիճակը: Ինչպէ՞ս կասեցնել»:

Չմոռնանք նաեւ, որ ամէն առիթով, զանազան շահերէ մեկնած, քաղաքագէտներ, ըլլան անոնք նախագահներ կամ ծերակուտականներ, մեզի նեցուկ կանգնելու քիչ կամ առատ խոստումներ կատարած են եւ տակաւին կը շարունակեն կատարել, մեր ձայները, մեր քուէները կ՛ուզեն: Կը խմբուինք իրենց շուրջ, մեծ յոյսեր հիւսելով` մեր ձայնը իրենց կու տանք: Կ՛ուրախանանք, երբ անոնք բառ մը հայերէնով արտայայտուին, մեր դէմքերուն վրայ կը գծենք գոհունակութեան ժպիտներ եւ կը կարծենք, որ երկար ու մութ փապուղիէն լոյսի նշոյլներ կրցած ենք տեսնել:

Բայց… մնացեալը գիտէք. սին եւ պարապ, միամտութիւն, աղտոտ խաղ:

Թէեւ իրաւազրկուած եւ սփիւռք դարձած է մեր ժողովուրդը, սակայն հաստատապէս հաւատացէք, որ նոյն այս սփիւռքը տակաւին իր մէջ պահած է իր երկիրը վերադառնալու յոյսն ու հաւատքը:

Ուրեմն, մեզի կ՛իյնայ նկատի ունենալ եւ իմաստութիւնն ու ողջմտութիւնը ունենալ այս պարզ իրականութիւնները հաշուի առնել:

Տասնամեակներ սպասեցինք եւ, ես կը կարծեմ, թերեւս ալ աշխարհի քաղաքականութեան կամ դիւանագէտներու խաղերէն մեկնած` թերեւս ալ երկար սպասենք: Բայց իրականութիւն է, որ այսօր երէկուընէ աւելի տարբեր օր է, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքային երթի կարեւոր հանգրուաններէն մէկուն մէջ կը գտնուինք ազգովին:

Ահա թէ ինչո՛ւ մենք բոլորս ալ, մեծով ու պզտիկով, պատասխանատու ենք պատմութեան եւ, մանաւանդ, մեր երկրին առջեւ:

Երբեմն նման ճշմարտութիւններ ճակատաբաց պէտք է երեւան բերել, արեւու լոյսին յանձնել, որպէսզի մարդիկ կարենան զայն լաւապէս տեսնել:

Ուստի, ապրիլեան անմեղ զոհերու յիշատակին մեր վառելիք 100-րդ մոմէն առաջ, կը կարծենք, որ նախապայման է ամրապնդուած պահել Հայաստանի անկախ պետականութեան ազգային դիմագիծը, միաժամանակ արթուն պահելով մեր ազգային արժանապատուութիւնը:

Մէկ խօսքով, ամէն բանէ առաջ ազգովին պէտք է ձգտինք ե՛ւ իրաւ, ե՛ւ դրական, ե՛ւ անհաշիւ միասնութեան:

Ահա այն լուցկին, որով պիտի ուզէինք վառել այդ սպասուած մոմը:

Ուրիշ դեղատոմս չունինք:

 

 

Share this Article
CATEGORIES