Ամերիկեան Արտաքին Քաղաքականութիւնը Ոչ Մէկ Լաւ Ընտրանք Ունի
ՌՈՊԸՐԹ ՔԱՓԼԱՆ
Մարդ կրնայ միայն կարեկցանք զգալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հանդէպ. ի՛նչ ալ ընէ Սուրիոյ մէջ` դատապարտուած է… Եթէ տարի մը առաջ միջամտէր Սուրիոյ մէջ, ինչպէս կը պահանջէին բազմաթիւ վերլուծաբաններ, հիմա պիտի ըլլար ահաւոր ճահիճի մը մէջ, եւ աւելի մեծ թիւով վերլուծաբաններ զայրացած` պիտի դատապարտէին այդ սխալը, եւ վիճակագրական տուեալները աւելի ցած ցուցանիշներ պիտի տային իր ժողովրդականութեան: Եթէ հիմա միջամտէ, հետեւանքները կրնան ա՛լ աւելի գէշ ըլլալ: Լրագրողները յաճախ իշխանաւորներէն կը պահանջեն ինքնանպատակ քայլեր առնել` ձեւացնելով, որ չեն գիտեր, թէ միջազգային հարցերէն շատերը անլուծելի են` նկատի առած Ուաշինկթընի ուժի սահմանները: Միացեալ Նահանգներ ուժ եւ կարողութիւն ունին տապալելու վարչակարգեր, բայց անզօր են նուազագոյն չափով իսկ փոխելու կամ վերաձեւաւորելու ընկերութիւնները, բացի եթէ կրկին յանձն առնեն այնքան ժամանակ եւ գումարներ յատկացնել, ինչպէս որ ըրաւ յետաշխարհամարտեան Գերմանիոյ եւ Ճափոնի մէջ:
Իսկապէս Օպամա ծանրաբեռնող հաշուարկներ կ՛ընէ. «Եթէ միջամտեմ, ո՞ր խմբակը պիտի զինեմ. վստահ պիտի ըլլա՞մ, թէ զէնքերը սխալ ձեռքերու մէջ պիտի չիյնան. կրնա՞մ վստահ ըլլալ, որ այն խմբակը կամ խմբակները, որոնց պիտի օգնեմ, իսկապէ՛ս ընդունելի են Արեւմուտքին համար. եւ նոյնիսկ եթէ ընդունելի են Արեւմուտքին համար, անոնք երկար տեւողութեան վրայ ազդեցիկ պիտի ըլլա՞ն Դամասկոսի մէջ: Հապա՞ եթէ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի ստեղծումով յաջողիմ տապալել Սուրիոյ ղեկավար Պաշշար Ասատը, եւ ատիկա պատճառ դառնայ աւելի մեծ քաոսի մը, եւ վատթարանայ մարդկային իրաւանց վիճակը. կ՛ուզե՞մ պատճառը եւ տէրն ու պատասխանատուն ըլլալ այդ խառնաշփոթութեան. նոյնիսկ եթէ այդ բոլորէն յաջողութեամբ դուրս գալիք ըլլամ, կ՛ուզե՞մ նախագահութեան երկրորդ շրջանս ամբողջութեամբ նուիրել Սուրիոյ, որովհետեւ ասիկա պիտի ըլլայ անխուսափելի հետեւանքը զինուորական յաւելեալ միջամտութեանս»:
1990-ականներուն նախկին Եուկոսլաւիոյ մէջ ամերիկեան միջամտութիւնը չգրգռեց շրջանին մէջ գտնուող միւս մեծ պետութիւնները, օրինակի համար` Ռուսիան, որովհետեւ Ռուսիա Պաղ պատերազմին յաջորդած առաջին տասնամեակին տկար էր, քաոսի մէջ ինկած պետութիւն մը, որ անկարող էր գործածելու Պալքաններուն մէջ իր պատմական ազդեցութիւնը: Բայց Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն մը պատերազմի պիտի տանի Միացեալ Նահանգները` ընդդէմ Ռուսիոյ եւ Իրանի, թէկուզ այդ պատերազմը մղուի իսկական կողմերը փոխարինող ուժերու ձեռամբ:
Լրատուամիջոցներով առաջնորդուող աշխարհի մը մէջ իշխանաւոր ըլլալը իսկապէս ապերախտ գործ է: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հակըլի պաշտօնավարութիւնը պիտի գնահատուի միայն երեք տուեալներու լոյսին տակ.
Աֆղանիստանէն հեռացում, պաշտպանական (զինուորական) պիւտճէի կրճատում եւ արտասահմանի մէջ որեւէ ահազանգային կացութեան իր ցուցաբերելիք հակազդեցութեամբ: Առաջին երկու առաջադրանքները լաւ ձեւով իրականացնելու ոչ մէկ միջոց կայ, իսկ երրորդ առաջադրանքի պարագային միշտ կը ներկայանան նոյն այդ ահաւոր ընտրանքները, զորս ամերիկեան վարչակազմը կը դիմագրաւէ այսօր Սուրիոյ մէջ: Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի աշխուժօրէն կը բանակցի Իրանի եւ Աֆղանիստանի, նաեւ` Իսրայէլի եւ պաղեստինեան իշխանութեան հետ: Ան այդ բանակցութիւնները կը վարէ ո՛չ թէ որովհետեւ այդպէս կ՛ուզէ, այլ որովհետեւ ստիպուած է: Եթէ այդ բանակցային գործընթացները դադրին, ապա այդ պիտի նշանակէ, թէ Ուաշինկթըն հրաժարած է մեծ պետութեան իր պատասխանատուութենէն: Այնուհանդերձ այդ գործընթացներէն որեւէ մէկուն մէջ դրական ելքի յոյսերը չնչին են:
Ամէնէն ակնբախ երեւոյթը այն է, որ զանգուածային լրատուամիջոցները միշտ կ՛ենթադրեն, որ ամերիկեան քաղաքականութեան վարիչները նշանակալից հակակշիռ ունին արտասահմանի մէջ դէպքերուն վրայ, մինչ իրականութեան մէջ անոնց հակակշիռը յաճախ աննշան է: Սուրիոյ, Իրանի եւ Աֆղանիստանի մէջ գետնի վրայ պատերազմի եւ քաղաքականութեան բարդ ու խառնաշփոթ իրականութիւնները Ամերիկայի ղեկավարները չեն, որ հիմնականօրէն պիտի ձեւաւորեն (բացի եթէ օդուժի եւ ծովուժի ռմբակոծումներուն եւ գետնի վրայ բիւրաւոր զինուորներու ներկայութեան դիմուի):
Պաղ պատերազմի օրերուն, երբ քաոսը բաղդատաբար աւելի սահմանափակ էր եւ աշխարհի մեծ մասը բաժնուած էր երկու գաղափարական զօրակայաններու, առնուազն կարելի էր մշակել ստեղծագործ դիւանագիտական նախաձեռնութիւններ` ձեռնածութեամբ իրարու դէմ լարելով այս եւ այն երկիրները կամ երկիրներու խումբերը: Բայց այսօրուան տկար ու կոտորակուած ժողովրդավարութիւններու, համատարած անիշխանութեան եւ անջիղ ու անարիւն դաշինքներու աշխարհին մէջ շատ աւելի դժուար է ձեռնածութիւններով ձեւաւորել իրականութիւնները: Գիշերապահ չկայ, իշխող ու հակակշռող չկայ, իսկ լրատուամիջոցները երբեւէ այսքան անողոք, աշխուժ ու ազդեցիկ չեն եղած: Փաստօրէն, մէկը կրնա՞յ երեւակայել Հենրի Քիսինճըր մը կամ Ճէյմս Պէյքըր մը, որոնք անցեալին իրենց ըրածին պէս այսօրուան լրատուական մթնոլորտին մէջ ալ կը յանդգնին շինիչ ու խիստ ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ:
Անողոք լրատուութիւն մը կը նշանակէ, թէ քաղաքականութիւնները շատ քիչ ժամանակ ունին հասուննալու եւ արդիւնաւորուելու, որովհետեւ արդիւնքներու ուշացման պարագային, շուտով ձախողած պիտի հռչակուին: Անողոք լրատուութիւն մը կը նշանակէ, թէ նուազ գաղտնապահութիւն կայ, որովհետեւ սպրդումները այդքան շատ եւ յաճախակի են, եւ որովհետեւ այսքան շատ տեղեկութիւններ կը սպրդին, պետական պաշտօնատարները քիչ դրդապատճառներ ունին ըլլալու անկեղծ, եւ ստիպուած են զգուշանալու նոյնիսկ անձնական հանդիպումներու ընթացքին կատարուած իրենց արտայայտութիւններէն, որովհետեւ պէտք է ենթադրեն, որ ոչ մէկ ատենագրութիւն յաւիտեանս գաղտնի պիտի մնայ: Հետեւաբար կառավարութեան ժողովներուն ընթացքին քննարկումներուն որակը կը տուժէ, իսկ պետական քաղաքականութեան հանրային քննարկումի մթնոլորտը կը վատթարանայ: Այս բոլորին հանգանակն այն է, որ կէս անիշխան – յետպաղպատերազմեան աշխարհը կը սահմանափակէ ու կը դժուարացնէ մեծ պետութեան մը արտաքին քաղաքականութեան յաջողութիւնը եւ միեւնոյն ատեն պատճառ կը դառնայ այդ արտաքին քաղաքականութեան որակի անկումին:
Այս երկսայրաբանութիւնը վատթարացնող իսկապէս դժուարին հարցեր ալ կան, զորս ամէնէն ստեղծագործ դիւանագիտութիւնն իսկ չի կրնար լուծել. օրինակի համար, տասնամեակներէ ի վեր բոլոր նախագահները կը ձախողին Հիւսիսային Քորէայի գծով. այնուհանդերձ, իւրաքանչիւր նոր նախագահի վարչակազմ նորէն կը մեղադրուի ձախողութեան համար:
Այսպիսի կլիմայի եւ միջավայրի մէջ արտաքին գործոց նախկին նախարար Հիլըրի Քլինթըն կը նկատուի օրինակելի դիւանագէտը, կամ` դիւանագիտութեան պետը: Ան ընդհանրապէս կը գործէր գործունէութիւն ցոյց տալու սիրոյն. անընդհատ կը շրջէր երկրագունդը` դիւթելով համայուած լուսանկարիչները, մեծ խօսքեր արտասանելով երբեմն, բայց` առանց որեւէ դիւանագիտական իրագործում արձանագրելու: Այնուհանդերձ, լրատուամիջոցները դրականօրէն կը ներկայացնէին անոր աշխատանքը, ինչպէս որ ներողամիտ կ՛ըլլան հռչակաւոր «աստղ»-երու հետ: Այնուհանդերձ, Քլինթըն յաջողեցաւ յառաջ տանիլ մէկ օգտակար գաղափար մը. շրջադարձ մը կատարել Միջին Արեւելքէն դէպի Ասիա-Խաղաղական թատերաբեմ. հաւանաբար միայն ասոր համար պիտի յիշուի անոր պաշտօնավարութիւնը: Այդ շրջադարձը փայլուն միտքի մը ճառագայթումին արգասիքը չէր, այլ` բնական եւ օրկանական եղափոխութիւնը քաղաքականութեան մը, որ տեսաւ երկու միջինարեւելեան պատերազմներու մեղմացումը եւ Խաղաղականի տնտեսական ու ռազմավարական նշանակութեան աճը: Այդ շրջադարձը վիճայարոյց եւ խնդրայարոյց չէր նկատուեր, բայց քննադատուեցաւ մամուլին կողմէ, թէ` «շատ տկար էք. ինչո՞ւ Ասիոյ շրջանին յատուկ մարտանաւերը քիչ են» կամ` «ասիկա անտեղիօրէն շատ յարձակողապաշտ ու խնդրայարոյց է Չինաստանի նկատմամբ»:
Ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը այսպիսի պայմաններու մէջ: Ինչպէ՞ս կրնայ մէկը յաջողակ պետական գործիչ ըլլալ, երբ նահանջած է ամերիկեան հեղինակութիւնն ու ազդեցութիւնը, աշխարհին կէսը դարձած է անիշխան, իսկ լրատուութիւնը` անբնական աստիճանի պահանջկոտ:
Պատասխանը ճիշդ Օպամայի` Սուրիոյ մէջ ըրածն է. համեստօրէն օգնել ըմբոստ խմբակներէն ոմանց, բայց վճռականօրէն խուսափիլ այնքան մը միջամուխ ըլլալէ, որ այնուհետեւ պատասխանատու պիտի դառնայ գետնի վրայ զարգացումներուն: Այլ խօսքով, Օպամա կը թողու, որ Իրանը եւ ո՛չ Միացեալ Նահանգները, աւելի եւ աւելի խորասուզուի սուրիական ճահիճին մէջ. քայքայուող Սուրիա մը կանգուն պահելու գինը անընդհատ պիտի աճի եւ ծանրաբեռնէ Իրանը, որ նաեւ կը կորսնցնէ մեծ մասը այն ազդեցութեան ու հեղինակութեան, զորս կը վայելէր Ասատի վարչակարգի ուժեղ եղած օրերուն: Օպամա ճիշդ կ՛ընէ նոյն պահուն աւելցնելով իր` Յորդանանի մատուցած տնտեսական եւ դիւանագիտական օգնութիւնը, որովհետեւ այդ երկիրը, բաղդատած միւսներուն, փոքր է, եւ անոր բնակչութիւնը սակաւաթիւ է, իսկ տնտեսութիւնը փոքր, ուստի հնարաւոր է զայն փրկել: Սուրիան, Լիբանանը, Իրաքը, Եմէնը եւ միւսները դատապարտուած են մնալու տկար, կէս քաոսային եւ կէս անիշխան պետութիւններ, եւ Միացեալ Նահանգներ հոն ոչինչ կրնան բարեփոխել առանց վիթխարի ներդրումներու եւ ճիգի, որոնք կրնան ականահարել ամերիկեան կարողութիւններն ու շահերը` թէ՛ աշխարհի միւս շրջաններուն, թէ՛ ալ իր սահմաններէն ներս:
Վերոյիշեալներուն լոյսին տակ հաւանական կը թուի, որ յաջող ամերիկեան վարչակարգերը սիրուած պիտի չըլլան իրենց իշխանութեան օրերուն, եւ քիչ հաւանականութիւն կայ, որ հետագային յարգանքով յիշուին անոնց իրագործումները: Յաճախ այդպէս եղած է ամերիկեան պատմութեան մէջ: Բայց նկատի առած լրատուութեան դաշտն ու արտերկրի պայմանները` ասիկա բնորոշ եւ մնայուն երեւոյթ կրնայ դառնալ: Պէտք չէ մոռնալ, որ Ճորճ Ու. Պուշ իր առաջին նախագահութեան օրերուն հանրութեան մեծ համեմատութեան զօրակցութիւնն ու հաւանութիւնը կը վայելէր եւ այդպէս մնաց նոյնիսկ 11 սեպտեմբերի արարքէն եւ Աֆղանիստան ու Իրաք ներխուժումներէն ետք: Ան այդ զօրակցութիւնը վայելեց, որովհետեւ լրատուամիջոցները կը դրուատէին իր շղթայազերծած ռազմական արշաւները, բայց նոյն այդ գործողութիւններուն պատճառով վերընտրուելէ ետք ան դարձաւ ողբերգականօրէն ձախողած նախագահ մը:
Հետեւեալ դասը պէտք է քաղել այս բոլորէն. երբ հարցը կը վերաբերի արտաքին գործերուն, սովորաբար դրուատիքի արժանանալու ձեւ չկայ. բայց անգամ մը որ Ամերիկայի ղեկավար մը հաշտուի այս ճշմարտութեան հետ, ան կրնայ սկսիլ մշակելու այնպիսի մարտավարութիւն մը, որ թէ՛ պատուաբեր պիտի ըլլայ, թէ՛ ալ պատճառ պիտի ըլլայ, որ դրականօրէն յիշուի:
«Սթրաթֆոր»





