Ըստ Քարվալիոյի. «Մուրինիօ Պիտի Վերադառնայ Չելսի»
Փորթուգալի ազգային խումբի նախկին յետսապահ Ռիքարտօ Քարվալիոյի համաձայն, Ժոզէ Մուրինիօ պիտի վերադառնայ Չելսի եւ ստանձնէ իր մարզիչի նախկին պաշտօնը` լոնտոնեան կազմին հետ:
Նախապէս 35 տարեկան Քարվալիօ իրեն մարզիչ ունեցած է Մուրինիոն, երբ անոնք երկուքը կը գտնուէին «Սթեմֆըրտ Պրիճ»:
Նախքան Ռէալ Մատրիտ իր փոխանցումը (2010-ին), Քարվալիօ վեց տարի մաս կազմած է Չելսիի` 181 մրցումի ընթացքին նշանակելով 10 կոլ:
Քարվալիօ, որ այժմ ազատ մարզիկ մըն է, արդէն իսկ համաձայնած է եւ պիտի միանայ Մոնաքոյի իշխանապետական կազմին, որ այս տարեշրջանին աւարտին վերստին բարձրացաւ Ա. դասակարգ:
CATEGORIES Մարզական

