Ճատրակ. Արոնեան Յաղթեց Գերմանիոյ Երիտասարդներու Հաւաքականին
Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականին մաս կազմող կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան Գերմանիոյ Մայսըն քաղաքին մէջ ժամացոյցներով միաժամանակ մրցում կատարած է Գերմանիոյ ճատրակի երիտասարդներու հաւաքականին մաս կազմող վեց խաղացողներու դէմ:
Մէջբերելով Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջին (Armchess.am) հրապարակած լուրը` «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը շարունակէ նշելով, որ Արոնեան առաւելութեան հասած է 4,5-1,5 արդիւնքով` յաղթելով երեք մրցում:
Արոնեանի մրցակիցներէն չորսը եղած են միջազգային վարպետներ:
CATEGORIES Մարզական

