Նազարեան. «Պատրաստ Ենք Իսլանտայի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին»

Ռաֆայէլ Նազարեան

Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականը այսօր` հինգշաբթի, 6 յունիսին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին, Եւրօ-2015-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հրազդան մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Իսլանտան:

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեան, պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն, ըսած է. «Կու գամ ըսելու, որ բաւական լաւ պատրաստուած ենք այս մրցումին: Պիելոռուսիոյ դէմ անոնց կատարած մրցումը դիտելով տեսանք, որ անոնք որոշ չափով կը կիրարկեն պաշտպանողական խաղաոճ մը, սակայն թեքնիք գետնի վրայ անոնք շատ լաւ ֆութպոլիստներ ունին: Վիրաւոր ըլլալուն պատճառով այս մրցումէն պիտի բացակայի Ալեն Համբարձումեան: Հաւաքականին մեծամասնութիւնը մաս կը կազմէ Փիւնիկի, որովհետեւ այլ ակումբներու մէջ չեն գտնուիր մարզիկներ, որոնք տարիքով համապատասխանեն հաւաքականին: Այդ իսկ պատճառով, մարզիկներ ընտրելու մէջ շատ քիչ կարելիութիւն ունիմ»:

Հայաստան, որ մաս կը կազմէ Է. խմբակին, Իսլանտայէն բացի իրեն մրցակից պիտի ունենայ նաեւ` Ֆրանսան, Պիելոռուսիան եւ Ղազախստանը:

Նշենք, որ մրցումը ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռուի Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանէն (Հ1):

Share this Article
CATEGORIES