Կորիւն Արք. Պապեանի Սրտի Խօսքը` Ուղղուած Նորընծայ Սարկաւագներուն Յանուն Հօր Եւ Որդւոյ Եւ Հոգւոյն Սրբոյ. Ամէն

ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ

«Ո՜վ Տէր Աստուած, ամենակալ արարիչ ամենայն արարածոց, ընդունէ մեր բոլորին աղաչանքը եւ քու Սուրբ Հոգիիդ շնորհքը տուր այս ծառաներուդ, որոնք Սուրբ Եկեղեցիիդ սպասաւորութեան կոչուեցան» (ձեռնադրութեան աղօթք):

Սիրելի՛ հաւատացեալներ,

Առաջին հերթին փառք կու տանք Աստուծոյ, որ Հոգեգալստեան կիրակիի այս առաւօտեան անգամ մը եւս փառաւորուեցաւ Հայաստանեայց եկեղեցին. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի այս սրբազան կամարներուն տակ կատարուեցաւ դպրեվանքի վեց կիսասարկաւագներու ձեռնադրութիւնը. մեր սրբազան հայրապետներու աղօթքներով եւ հոգեզմայլ շարականներով անոնք կիսասարկաւագութեան աստիճանէն կոչուեցան սարկաւագութեան աստիճանին:

Այսօր մեր եկեղեցին ցնծութեամբ կը տօնէ Պենտեկոստէի` Հոգեգալստեան մեծ տօնը: Պենտեկոստէ յունարէնով կը նշանակէ հրէական Պասէքի` Զատիկի տօնէն ետք 50¬րդ օրը: Պենտեկոստէի տօնը հրեայ ժողովուրդին համար երկու բան կը խորհրդանշէր: Առաջին` Սինայի անապատին մէջ տասնաբանեայ պատուիրաններու, Աստուծոյ օրէնքին ստացումը, Մովսէս մարգարէի միջոցով: Երկրորդ` ան կը նշուէր որպէս Առաջին հունձքի տօն, այն հունձքը, որուն երախայրիքը` այսինքն առաջին պտուղները կ՛ընծայուէին Աստուծոյ:

«Գործք առաքելոց»-ի 2¬րդ գլուխին առաջին երեք համարներուն մէջ կը կարդանք. «Երբ Պենտեկոստէի օրը հասաւ, բոլոր հաւատացեալները միասնաբար մէկտեղուած էին: Յանկարծ սաստիկ հովի սուլոցի նման ձայն մը հնչեց երկինքէն եւ լեցուց ամբողջ տունը, ուր անոնք նստած էին: Յետոյ անոնք հրեղէն լեզուներ տեսան, որոնք տարածուեցան եւ հանգչեցան իւրաքանչիւրին վրայ»:

Սուրբ Հոգիին առաքեալներուն վրայ իջնելով, հրէական Պենտեկոստէն վերածուեցաւ Հոգեգալստեան տօնին, այսինքն Սուրբ Հոգւոյն ստացման տօնին: Այդ պատճառով Նոր Կտակարանին մէջ Հոգեգալուստը վերածուեցաւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան տօնին. միաժամանակ, խորհրդանշական կերպով, քրիստոնեայ հաւատացեալներու առաջին հունձքի տօնին, որովհետեւ միայն այդ օր, Պետրոս առաքեալի նշանաւոր քարոզէն ետք, երեք հազար հոգի ընդունեցին քրիստոնէութիւնը եւ հաւատացին, որ խաչեալ եւ յարուցեալ Քրիստոսը ի՛նք Աստուծոյ Որդին է, խոստացուած Մեսիան` Փրկիչը աշխարհին:

Այս օրը կրկնակիօրէն սիրելի եւ ուրախառիթ տօն մըն է մեզի համար: Նախ անոր, համար որ այս առաւօտ սուրբ պատարագի ընթացքին Սուրբ Հոգին կ՛իջնէ բոլորիս վրայ եւ առատօրէն կը բաշխէ իր շնորհները մեզի: Ապա կաթողիկոսարանի դպրեվանքը կու տայ այս տարուան իր առաջին հունձքը, բերքահաւաքի առաջին քաղցր պտուղները` ընծայուած Աստուծոյ եւ հայ ժողովուրդի ծառայութեան սուրբ խորանին:

Մեր ժողովուրդի հաւատացեալ ընտանիքներէն դպրեվանք եկած այս սաները դպրեվանքի քրիստոնէական¬հայեցի դաստիարակութեամբ աճեցան եւ հասակ առին, ծլեցան ու ծաղկեցան ու ոսկի հասկեր կազմեցին:

Ուստի դպրեվանքը այսօր կ՛ըսէ մեզի` «զքոյս ի քոյոց քեզ մատուցանեմք»:

Սիրելի՛ հաւատացեալ եղբայրներ եւ քոյրեր, դուք ձեր զաւակները վստահեցաք մեզի, մենք գուրգուրացինք անոնց վրայ եւ ահա զանոնք կրկին կ՛ընծայենք ձեզի` ի սպասաւորութիւն Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ եւ ի ծառայութիւն մեր բազմաչարչար ժողովուրդի բազում կարիքներուն:

Ինչպէս գիտէք, սարկաւագութեան պաշտօնը կեանքի կոչուեցաւ, երբ յունախօս հրեաներ գանգատեցան եբրայախօս հրեաներու դէմ, որովհետեւ ամէնօրեայ նպաստի բաշխման մէջ իրենց այրիները կ՛անտեսուէին: «Գործք Առաքելոց»-ի 6¬րդ գլուխի առաջին վեց համարներուն մէջ կը տեսնենք- ինչպէս առաքեալներն ու հաւատացեալները յարմար նկատեցին Սուրբ Հոգիով եւ իմաստութեամբ լեցուած եօթը անձինք ընտրել եւ ձեռնադրել սարկաւագ, որպէսզի անոնք զբաղին, հոգան հաւատացեալներուն մարմնաւոր կարիքները. իսկ իրենք կարենան ամբողջութեամբ նուիրուիլ Աստուծոյ խօսքին քարոզութեան:

Ուստի, այդ եօթը ընտրեալները բերուեցան առաքեալներուն առջեւ, նախ անոնց համար աղօթեցին եւ ապա ձեռք դրին անոնց վրայ, այսինքն զանոնք ձեռնադրեցին` փոխանցելով անոնց այն, ինչ որ իրենք ստացած էին Յիսուսէ Քրիստոսէն:

Հետագային, երբ սարկաւագները դադրեցան մարմնաւոր կարիքները հոգալու պարտաւորութենէն, անոնք դարձան եկեղեցւոյ սուրբ խորանին սպասաւորները:

Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ կան նուիրապետական հիմնական երեք կարգեր: Առաջին` սարկաւագութիւն, երկրորդ` քահանայութիւն (ամուսնացեալ թէ կուսակրօն), երրորդ` եպիսկոպոսութիւն: Ուրեմն այսօր մեր դպրեվանքի սաները ձեռնադրուելով սարկաւագ` ստացան մեր եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգերէն առաջինը: Անոնք կիսասարկաւագութենէն բարձրացան աւագ սարկաւագութեան աստիճանին: Սարկաւագական ձեռնադրութեամբ անոնք ստացան Սուրբ Հոգին, այլ խօսքով` հաւատքի զօրութիւն, երկնային իմաստութիւն եւ շնորհք:

Մեր Փրկիչը` Յիսուս Քրիստոս, իր յարութենէն ետք նախ երեւաց իւղաբեր կիներուն եւ ապա քանիցս` իր աշակերտներուն, վերնատան մէջ, Եմմաւուսի ճամբորդներուն, Գալիլիոյ ծովակի ափին եւ մեծ թիւով հաւատացեալներու` Երուսաղէմի մէջ: Անոնց մէջ ամրապնդեց իր յարութեամբ մահուան վրայ տարած յաղթանակի հաւատքը:

Իր յարութենէն 40 օր ետք համբարձաւ երկինք, սակայն նախքան այդ յանձնարարեց առաքեալներուն` սպասել Երուսաղէմի մէջ, մինչեւ Սուրբ Հոգւոյ ստացումը: Այնուհետեւ անոնց դողդոջ քայլերը ամրապնդուեցան, թոյլ ու կասկածոտ սրտերը զօրացան, անոնք լեցուած Սուրբ Հոգւոյ շնորհներով` սկսան անվախօրէն քարոզել խաչեալ եւ յարուցեալ Քրիստոսը եւ մկրտել նորադարձները` Հօր, Որդւոյն եւ Սուրբ Հոգւոյն անունով:

Սիրելի՛ սարկաւագներ, այսօրը ձեր կեանքին մէջ անկիւնադարձային օր է: Յառաջիկայ տարիներուն միշտ պիտի յիշէք այս նուիրական օրը, երբ ծնկաչոք բարձրացաք խորան եւ ստանալով Սուրբ Հոգւոյ շնորհները` ընծայաբերեցիք ձեր անձերը Աստուծոյ եւ հայ ժողովուրդին:

Ձեր հասկի հատիկները տակաւին կաթնային են: Յառաջիկայ տարիներուն պիտի աշխատիք առաւել գիտութիւն, առաւել մտքի պաշար ամբարել: Պիտի ջանաք խորանալ Սուրբ Գրոց գիտութեան մէջ, պիտի սորվիք ընդարձակել ձեր մտքի հորիզոնը` ծրագրուած ընթերցումներով: Պէտք է ապայման հաղորդակից դառնաք մեր մատենագիր հայրերու մեզի աւանդ թողած սրբազան գրականութեան: Որքան աւելի լաւ ճանչնաք մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին պատմութիւնը, որքան որ աւելի ծանօթանաք մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ մշակութային գանձերուն, այնքան աւելի պիտի սիրէք մեր եկեղեցին եւ պիտի ուզէք հաստատակամ քալել մեր լուսապսակ սուրբերու գծած ուղիէն:

Դուք պիտի ստանաք ձեր հոգեւոր սնունդը մեր եկեղեցւոյ ժամերգութիւններէն, ձեր ներշնչումը` մեր շարականներէն ու տաղերէն, ձեր տեսիլքը` մեր աղօթանուէր եւ ազգասէր եկեղեցական հայրերէն ու հայրապետներէն: Վերջապէս, երջանիկ օր մը, երբ արդէն վերածուած էք ատոք ու ոսկի հասկերու, Աստուծոյ կամքով պիտի կանգնիք այս խորանին դիմաց` ձեռնադրուելու եւ օծուելու որպէս կուսակրօն քահանաներ:

Սիրելինե՛ր, 55 տարիներ առաջ, երբ մեր սերունդը ծնկաչոք կը բարձրանար խորան, տարբեր էր աշխարհը, տարբեր էր նաեւ Միջին Արեւելքի հայահոծ գաղութներուն վիճակը: Հիմա ողջ աշխարհը իր լաւ ու վատ, դրական ու ժխտական երեւոյթներով խուժած է մարդուն անհատական ու ընկերային կեանքէն ներս: Իմ հայրական յորդորս է` հեռու մնալ մակերեսային եւ փուճ հաճոյքներէն: Ձեր պատանեկան եւ երիտասարդական տարիներուն արժէքը գիտցէք, ձեր ժամանակը` կեանքը լեցուցէք մնայուն արժէքներու հետապնդումով:

Այս ուրախ առիթով մեր սրտագին խնդակցութիւնները կը յայտնենք առաջին հերթին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ մեր Սուրբ Աթոռի միաբանակից եղբայրներուն: Ներկաներէն գուցէ շատ քիչեր գիտեն, որ մեր սիրելի վեհափառ հայրապետը, ո՛չ թէ միայն իր աչքի լոյսին պէս կը պահէ ու կը պահպանէ դպրեվանքը, այլ հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին` կը դասախօսէ դպրեվանքի Ընծայարանի աշակերտներուն` իր ծով գիտութենէն եւ փորձառութենէն շատ բան փոխանցելով անոնց:

Ի մասնաւորի կը շնորհաւորենք դպրեվանքի տեսչական եւ ուսուցչական կազմերը, որոնք իրենց երկարամեայ վաստակով իրենց կարեւոր նպաստը բերին ձեր դաստիարակութեան եւ հոգեմտաւոր կազմաւորման մէջ:

Յատուկ շնորհաւորութիւններ` ձեր ծնողներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն, որոնք, վստահ եմ, այս պահուն ձեզի նման հոգեկան հրճուանքի պահեր կ՛ապրին: Իմ վերջին շնորհաւորութիւններս ուղղուած են ձեզի, սիրելի՛ սարկաւագներ, որ քաջութիւնը ունեցաք ընդունելու Քրիստոսի «քաղցր լուծը»:

Մեր բոլորին աղօթքն է, որ Աստուած ձեզ ողջ եւ առողջ պահէ ու պահպանէ բոլոր տեսակի փորձանքներէ եւ Իր Ս. Աջը միշտ հովանի ըլլայ ձեր վրայ:

«Հունձք բազում են եւ մշակք սակաւ»: Եկէք` բոլորս միասին աղօթենք, որ ձեր նման ժիր մշակներու թիւը Աստուած աւելցնէ, որպէսզի կիլիկեան մեր դարաւոր ու պատմական Սուրբ Աթոռը առաւել չափով ծաղկի ու բարգաւաճի եւ կարենայ շարունակել` վեհափառ հայրապետին իմաստուն առաջնորդութեամբ եւ Աստուծոյ օգնութեամբ, իր ծառայութեան սրբազան առաքելութիւնը, յօգուտ եւ ի պայծառութիւն Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս ամէն:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES