Եուրօ-2012-ի 21 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Սպանիա Աւարտականին Պիտի Մրցի Իտալիոյ Դէմ
Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան (21 տարեկանէն վար) աւարտական մրցումին իրարու դէմ պիտի ճակատին Սպանիա եւ Իտալիա, որոնք յաջորդաբար յաղթեցին Նորվեկիոյ եւ Հոլանտայի:
Տիտղոսակիր Սպանիա 3-0 արդիւնքով յաղթեց Նորվեկիոյ, մինչ Լիվըրփուլի յառաջապահ Ֆապիօ Պորինիի նշանակած կոլին շնորհիւ Իտալիա յաղթեց Հոլանտայի:
Աւարտական այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` Երուսաղէմի մէջ:
Անոնք երկուքը նախապէս իրարու դէմ յանդիման եկած են երկու անգամ: 1996-ին Իտալիա եղած է ախոյեան, իսկ 1986-ին` Սպանիա:
1978-ին այս ախոյեանութեան սկսումէն ետք Իտալիա 5 անգամ հանդիսացած է ախոյեան, իսկ Սպանիա` 3:
CATEGORIES Մարզական

