Ճատրակ. Կարէն Ասրեանի Անուան Յուշամրցաշարք. 2-րդ Հանգրուանէն Ետք 9 Մասնակցողներ Ապահոված Են 2-ական Կէտ
Ջերմուկի մէջ տեղի ունեցող Կարէն Ասրեանի անուան ճատրակի 6-րդ յուշամրցաշարքին, 2-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք այժմ 9 մասնակցողներ ապահոված են 2-ական կէտ:
Երկուքական յաղթանակներ արձանագրած են Յովհաննէս Կապուզեան, Լեւոն Փապուճեան, Արթուր Ջերբուխչեան, Հրանդ Մելքումեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Դաւիթ Յարութիւնեան (Վրաստան), Ռոպերթ Աղասարեան եւ Արման Միքայէլեան:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 55 ճատրակ խաղացողներ:
CATEGORIES Մարզական

