Արթուր Սարգիսով Պաշտօնապէս Փոխանցուեցաւ Ուրալի
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Լոքոմոթիւի ֆութպոլիստ` Արթուր Սարգիսով երէկ պաշտօնապէս փոխանցուեցաւ Ուրալի:
«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ Եքաթերինպուրկի Ուրալի «Թուիթըր» ընկերային ցանցին պաշտօնական էջը հրապարակեց այդ լուրը` աւելցնելով, որ ան երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ուրալի հետ:
Նշենք, որ նոր տարեշրջանին Ուրալ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ռուսիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի ախոյեանութեան:
Սարգիսով, որ մինչ այդ ելոյթ կ՛ունենար Վոլքայի հետ, դարձած էր 3 կոլի հեղինակ:
CATEGORIES Մարզական

