ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ԱՍԱՏԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ «ՑՆՑՈՒՄԻ ՄԻՋՈՑՈՎ ԴԱՐՄԱՆՈՂ» ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք է կատարէ բարեփոխումներ, որոնք «ցնցումի միջոցով դարմանում» մը ըլլան, «եթէ կը յուսայ Սուրիոյ մէջ մեր ականատես դարձած տագնապին վերջ տալ»:
Տաւութօղլու նշեց, որ «այն, որուն այսօր Ասատ պէտք ունի իր ժողովուրդին սրտերը շահելու համար, կարելի եղածին չափ շուտ ցնցումի միջոցով դարմանում մըն է»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ Ասատ նկատառելի բարեփոխումներ չկատարէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ «չենք գիտեր, ուստի ցնցումի միջոցով դարմանումի մասին կը խօսինք»: «Ասատ տակաւին կրնայ բարեփոխումներ կատարել, սակայն նայինք, թէ ի՛նչ կրնայ առաջարկել», ըսաւ ան:
Տաւութօղլու գզուշացուց, որ «սուրիական կառավարութիւնը բռնարարքներու ոլորապտոյտ մը կը դիմագրաւէ»` աւելցնելով, որ «իւրաքանչիւր շաբթուան ուրբաթ օրը յաւելեալ զոհեր կ՛արձանագրուին»:
Մինչ այդ, Սուրիա, 20 հոկտեմբեր 1998-ին կնքուած Ատանայի համաձայնութեան հիմամբ, թրքական իշխանութեանց ՔԱԿ-ի երեք զինեալներ յանձնեց:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Թուրքիա շրջանին մէջ քաղաքականութեան եւ պատմութեան բնականոնացման ռահվիրայ է»` աւելցնելով, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ իր դրացիներուն նկատմամբ «զերօ խնդիրներ»ու քաղաքականութիւնը:
Պատասխանելով արաբական գարնան եւ հետագայ զարգացումներուն մասին հարցումի մը` Տաւութօղլու յայտնեց, որ «Թուրքիա դէպքերուն ճիշդ գնահատական տուաւ», իսկ այն հարցումին, թէ արաբական գարունը Թուրքիոյ աշուն կը նշանակէ՞, ան պատասխանեց, որ «ասիկա Թուրքիոյ գարունն է»: «Այնպէս ինչպէս արաբական գարուն է, նաեւ թրքական գարուն է: Ատիկա արաբական, թրքական եւ շրջանային գարուն է: Այս շրջանը տառապանքներու աւարտէն ետք ապագային աւելի լաւ ապագայ մը պիտի ունենայ», նշեց ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Թուրքիա Միջին Արեւելքի համար Եւրոպական Միութեան նման կառոյց մը կը պատկերացնէ՞, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, որ իր երկիրը Միջին Արեւելքը «օրկանական եւ մեքենայական համարկումի» տեսլականով մը չի դիտեր: