ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆԻ ՄԻՋԵՒ
Վերջերս Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի հետ: Ըստ zham.am կայքէջի աղբիւրին, հանդիպումը ընթացաւ ընդգծուած ջերմ եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ եւ տեւեց աւելի քան երեք ժամ:
Քոչարեանի գրասենեակի ղեկավար Վիքթոր Սողոմոնեան հաստատեց այս տեղեկութիւնը, սակայն ձեռնպահ մնաց որեւէ մեկնաբանութիւն կատարելէ:
«Ես միայն կրնամ այս տեղեկութիւնը հաստատել, սակայն ոչինչ կրնամ աւելցնել», նշեց ան:
Քոչարեան- Փութին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ վարչապետին Նովօ Օկարիովայի նստավայրին մէջ: Գրասենեակային քննարկումներէն ետք անոնք դուրս ելած են եւ զրոյցը շարունակած են զբօսնելով:
CATEGORIES Հայկական


