ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՀԱՄԱՆԵՐՄԱՆ ՕՐԷՆՔԸ

Հայաստանի Ազգային ժողովը երէկ 91 թեր, 1 ձեռնպահ ձայներով ընդունեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի` «համաներում յայտարարելու մասին» առաջարկը:

Երրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունուեցաւ նաեւ համաձայնական կառավարութեան ներկայացուցած Ընտրական օրէնսգիրքը` 75 թեր եւ 14 դէմ քուէներով:

Երրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ` 75 թեր, 13 դէմ եւ 1 ձեռնպահ ձայներու համեմատութեամբ ընդունուեցաւ նաեւ «Հանրային ծառայութիւններու մասին»` կառավարութեան ներկայացուցած օրինագիծը:

 

Share this Article
CATEGORIES