ԿՈՉ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼՈՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՈՉ ԹԷ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ

Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահները, ֆրանսական Տովիլ քաղաքին մէջ գումարուած «Մեծ ութնեակի» վեհաժողովին ծիրին մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ միացեալ յայտարարութիւն հրապարակելով` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն կոչ ուղղած են` իրենց երկիրներու հասարակութիւնները պատրաստելու խաղաղութեան եւ ոչ թէ պատերազմի, ինչպէս նաեւ յունիսին տեղի ունենալիք հանդիպումին ժամանակ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութեան աշխատանքները աւարտելու:

«Երբ համաձայնութիւն գոյանայ, մենք պատրաստ ենք մեր միջազգային գործընկերներուն հետ ընդունելու այդ սկզբունքները, աջակցելու խաղաղ համաձայնագիրի մշակման եւ գործադրութեան», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Share this Article
CATEGORIES