ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

«ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ ԹԱՅՄԶ» օրաթերթին համաձայն, Ուաշինկթըն ճնշումներ կը բանեցնէ Լիբանանի վրայ` զայն հեռացնելու համար Սուրիայէն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Միշել Սըմահա շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու օգնական Ճեֆրի Ֆելթման Լիբանան ժամանած է ներքին քայքայումի եւ պառակտումի նպատակով:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ռոպըրթ Կէյց Հըզպալլան ամբաստանեց քիմիական զէնքեր ունենալու յանցանքով:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը թշնամի Իսրայէլի դէմ պայքարելու միակ միջոցն է:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ գործավար նախարար Իպրահիմ Նաժժար յայտնեց, որ կարելի չէ ձերբակալել եւ արգելափակումի ենթարկել իւրաքանչիւր գաղթական, որ լիբանանեան քաղաքացիութիւն ստանալու դիմում կը ներկայացնէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի անդամ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն երեսփոխանները իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի պիտի ենթարկեն խորհրդարանի նախագահին կողմէ հրաւիրուելիք օրէնսդրական նիստին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութեան ոչ մէկ միտում կայ` աւելցնելով, որ նման նպատակ մը չըլլալուն պատճառով է, որ այս ուղղութեամբ խորհրդակցութիւնները կանգ առած են:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը միակ միջոցն է, որ կրցած է դէմ դնել թշնամի Իսրայէլին ահաբեկչութեան:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ շեշտեց, որ արաբ ժողովուրդը եւ արաբական աշխարհը այս հանգրուանին կը վկայեն Դիմադրութեան եւ պաղեստինեան հարցին դէմ նիւթուած ամէնէն վտանգաւոր դաւադրութիւնը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ բանակի սպայակոյտի  նախկին պետ Կապի Աշքենազի յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակին համար Հըզպալլա կը ներկայանայ իբրեւ մեծագոյն մարտահրաւէրը:

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ մէջ Լիբանանի դեսպան Միշել Խուրի յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ապահովական որեւէ խախտումի պարագային Լիբանան պիտի ըլլայ առաջին ազդուողը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ կը մշակէ պատկերացում մը` շրջանցելու համար կառավարութեան կազմութեան դիմագրաւած խոչընդոտը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES