ՄԻՔԱԹԻ. «ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԱՌՈՒՄՈՎ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԵԼՔ ԸՍՏ ՕՐԷՆՔԻ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻ»

Միքաթի` Պէյրութի առեւտրականներու միութեան պատուիրակութեան հետ

Նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան- իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Միքաթի ընդունեց նաեւ Պէյրութի առեւտրականներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Նիքոլա Շամմասի:

Հանդիպումէն ետք Շամմաս հաստատեց, որ վարչապետ Միքաթի զիրենք ընդունելու ընթացքին նշած է հետեւեալը. «Կառավարութիւնը կազմելու իմ մօտեցումս է կառչած մնալ երկրին ապահովական կայունութեան, արգիլել սադրանքները, անշեղ մնալ բոլորին երաշխիքը նկատուող սահմանադրութենէն եւ ամրապնդել երկրին ազգային տնտեսութիւնը»:

Միքաթի նկատել տուած է նաեւ, որ ինք տեղեակ է, թէ լիբանանցիները հարց կու տան կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի ուշացումին պատճառին մասին, եւ աւելցուցած, որ այդ առնչութեամբ ինք ըստ օրէնքի պիտի քննարկէ իւրաքանչիւր ելք կամ լուծում:

«Երբ կարելի ըլլայ կառավարութիւնը կազմել, պիտի կազմենք զայն եւ ստանանք խորհրդարանի վստահութեան քուէն: Իսկ մեր ընտրանքը պիտի ըլլայ բոլորին հետ գործակցութիւնը` ամրապնդելով երկրին ապահովական կայունութիւնը», նշած է Միքաթի:

Իր կարգին, Շամմաս շեշտեց, որ իրենք կը զօրակցին վարչապետին` աւելցնելով, որ 2005-ի անոր փորձառութիւնը բաւական յաջող եղած է, «իսկ այսօրուան դրութեամբ ստեղծուած անիշխանութիւնը կը սպաննէ Լիբանանի տնտեսութիւնը», ըսաւ ան:

Շամմաս աւելցուց, որ իրենք վարչապետը հրաւիրած են ներկայ գտնուելու Պէյրութի առեւտրականներու միութեան 90-ամեակի հանդիսութեան որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 12 յունիսին: Ան մաղթեց նաեւ, որ մինչեւ այդ թուականը կառավարութիւնը կազմուած ըլլայ:

 

Share this Article
CATEGORIES