ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱՍՐԻ ԽՈՒՐԻՆ

Նասրի Խուրի եւ խորհրդարանի նախագահը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան- սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ Պըրրիի հետ քննարկած է շրջանային զարգացումներն ու լիբանանեան-սուրիական յարաբերութիւնները` ընդգծելով ներկայիս երկկողմանի գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Խուրի դիտել տուաւ, որ Պըրրիի վերլուծումներուն մէջ ինք շօշափած է ամբողջական եւ համապարփակ հայեացք մը, որուն շնորհիւ կարելի է ամրապնդել երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը:

«Բոլորին ծանօթ է, որ այսօր Սուրիա կը դիմագրաւէ հսկայ մարտահրաւէրներ եւ լուրջ դաւադրութիւններ, որոնք թիրախ կը դարձնեն Սուրիոյ հզօրութիւնը եւ կեցուածքները: Այսօր Սուրիոյ վրայ ամէն տեսակի ճնշում կը բանեցուի` սանձելու համար անոր ազգային կեցուածքները եւ Դիմադրութեան շարժումներուն նկատմամբ անոր զօրակցութիւնը: Մենք լաւ գիտենք, թէ Սուրիա ի՛նչ զոհողութիւններ մատուցած է` պահպանելու համար Լիբանանի անկախութիւնը, արաբականութիւնը եւ միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ օժանդակելու համար Դիմադրութեան` հարաւային Լիբանանի ազատագրման նպատակով, իսկ այսօր լիբանանցի բարձրաստիճան պատասխանատուներուն որդեգրած Սուրիոյ զօրակցութեան կեցուածքները մաս կը կազմեն երկու երկիրներուն գործակցութեան եւ եղբայրական յարաբերութիւններուն», ըսաւ Խուրի:

Ան նաեւ շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները անպայման իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան Լիբանանի վրայ, որովհետեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կախեալ է Սուրիոյ կայունութենէն եւ փոխադարձաբար:

Խուրի ընդգծեց, որ Դամասկոս բարձր կը գնահատէ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն, յատկապէս հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն ցուցաբերած զօրակցական կեցուածքները Սուրիոյ նկատմամբ` աւելցնելով, որ այս հանգրուանին փոխադարձ գործակցութիւնը եւ համադրումը շատ կարեւոր են:

Share this Article
CATEGORIES