«ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՐԱՒԻ ԱԶԱՏԱԳՐՄԱՆ ՏՕՆԸ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՅ ԲՈԼՈՐԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՐԱԲ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՏՕՆԸ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ

Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած ճառին ընթացքին

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նախանցեալ օր արտասանեց հեռասփռուած ճառ մը` հարաւային Լիբանանի ազատագրման 11-ամեակին եւ Դիմադրութեան տօնին առիթով:

Սէյիտ Նասրալլայի ճառը սփռուեցաւ Պեքաայի Նապի Շիթ գիւղաքաղաքին մէջ Հըզպալլայի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած կեդրոնական ձեռնարկին ընթացքին:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը նկատել տուաւ, որ այդ ձեռնարկը Պեքաայի մէջ տեղի կ՛ունենայ, որովհետեւ Պեքաա հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է հարաւային Լիբանանի ազատագրման մէջ: Ան ըսաւ, որ 25 մայիսը պէտք է ըլլայ բոլոր լիբանանցիներուն, պաղեստինցիներուն եւ արաբ ժողովուրդին տօնը, որովհետեւ անիկա ազգային տօն է եւ այդ պատճառով Լիբանանի մէջ կացութիւնը փոխուած է, իսկ շրջանին մէջ նոր հաւասարակշռութիւն պարտադրուած:

Սէյիտ Նասրալլա դիտել տուաւ, որ արաբ ժողովուրդը պէտք ունի յաղթանակներու, որպէսզի վերջ տայ աղէտի ոգեկոչումներուն, «իսկ յաղթանակները կերտելու միակ ձեւը եւ իսկական ու իրապաշտ ընտրանքը զինեալ Դիմադրութիւնն է», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ դիւանագիտութիւնը եւ բանակցութիւնները անտրամաբանական ձեւեր են, որոնք մուրացկանութեան համազօր են:

Սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ 2000-ին Դիմադրութեան կողմէ հարաւային Լիբանանի ազատագրումը պատճառ դարձաւ, որ Իսրայէլի կացութիւնը խախտի, իսկ 2006-ի յուլիսեան պատերազմէն արդէն իսկ Իսրայէլ սարսափած է եւ մնայուն կերպով հաշուի կ՛առնէ Հըզպալլան ու անոր մարմնացուցած ուժը:

Այս ծիրին մէջ ան խստիւ դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի վերջերս կատարած յայտարարութիւնները` շեշտելով, որ անոնք միայն Իսրայէլի եւ Ուաշինկթընի շահերուն մասին կը խօսին:

Միւս կողմէ, ան դիտել տուաւ, որ Նեթանիահուի աչքերուն մէջ վախ նշմարած է, երբ ամերիկեան քոնկրեսին մէջ իր խօսքը արտասանած է եւ ակնարկութիւն կատարած Հըզպալլային:

«Հըզպալլայի դէմ ամերիկեան եւ իսրայէլեան ատելութիւնը մեզի հպարտութիւն կը ներշնչէ եւ մենք զմեզ շատ աւելի հզօր կը զգանք, երբ մեր մասին կը խօսին` վախնալով մեզմէ: Այո՛, կը հաստատենք, որ Դիմադրութիւնը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը, պիտի պահպանէ իր զօրութիւնը եւ անվախ պիտի պայքարի Իսրայէլի դէմ` պարտութեան մատնելով անոր բանակը, որուն օր մը կու տային «անյաղթ» որակումը: Մենք Օպամայէն եւ Նեթանիահուէն չենք վախնար, մենք պարտութեան կը մատնենք զանոնք եւ մեր հրթիռները պատրաստ ու գործուն կը պահենք թշնամի Իսրայէլին դէմ», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա` հաստատելով, որ Հըզպալլայի հրթիռներու թիւին մասին Նեթանիահուի ունեցած տեղեկութիւնները հին են:

«12 հազար հրթիռի ձեր տեղեկութիւնները սխալ են, որովհետեւ ներկայիս Դիմադրութիւնը շատ աւելի հրթիռներ ունի եւ այդ հրթիռները ոչ ոք` ո՛չ Լիբանանի մէջ եւ ո՛չ ալ անկէ դուրս, պիտի կարենայ խլել, այլ` անոնք մնայուն կերպով հաւատարիմ պիտի մնան նահատակներուն թափած արեան եւ ցցուած պիտի ըլլան Իսրայէլի դէմ», ըսաւ ան:

Ակնարկելով Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան` սէյիտ Նասրալլա ջրեց բոլոր այն տեղեկութիւնները, թէ Հըզպալլա իր կառավարութիւնը ունի եւ յեղաշրջում կատարած է:

Ան նկատել տուաւ, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին պատասխանատուութիւնը միայն խորհրդարանական մեծամասնութիւնը կազմող քաղաքական ուժերը չեն ստանձներ, այլ նաեւ հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը:

Այս ծիրին մէջ սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ արտաքին ճնշումներու եւ ներքին տարակարծութիւններու պատճառով կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշանայ` շեշտելով նաեւ, որ Հըզպալլա ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ եւ ճիգ պիտի չխնայէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին տագնապը լուծելու իմաստով:

«Մենք կը փափաքինք, որ ամէնէն արագ միջոցին կազմուի պատասխանատու եւ հզօր կառավարութիւն մը, որ հաստատ կերպով քաղաքական կառավարութիւն պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ մասնագէտներու», ըսաւ ան:

Արաբական աշխարհին եւ մասնաւորի Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա դատապարտեց ամբողջ այն ապատեղեկատուութիւնը, թէ Պահրէյնի, Եմէնի եւ Լիպիոյ մէջ Հըզպալլան դերակատարութիւն ունի: Ան շեշտեց, որ արաբական յեղափոխութիւններուն զօրակցելու առումով Հըզպալլա հիմնական երկու չափանիշ ունի. անոնք են.- ա) Ի՞նչ է տուեալ երկրին կեցուածքը Իսրայէլի նկատմամբ եւ բ) Բարեկարգումներու գործադրութեան հրամայականէն ի՞նչ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի այդ երկրին պետութիւնը:

Սուրիոյ մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց հետեւեալը. «Մենք Սուրիան եւ անոր ղեկավարը` նախագահ Պաշշար Ասատը, ինչպէս նաեւ սուրիացի ժողովուրդն ու բանակը կը յարգենք, որովհետեւ անոնք արգիլեցին Լիբանանի բաժանումը, կասեցուցին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եւ օժանդակեցին Դիմադրութեան` ազատագրելու Լիբանանը եւ կերտելու 2006-ի յուլիսեան յաղթանակը: Հետեւաբար, մենք յանձնառու ենք սուրիական վարչակարգին ու ժողովուրդին նկատմամբ եւ կը զգուշանանք անոնց դէմ նիւթուող դաւադրութիւններէն»:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց նաեւ, որ այնքան ատեն որ Սուրիոյ իշխանութիւնները համաձայն են եւ պատրաստակամութիւն կը յայտնեն` բարեկարգումներ կատարելու, եւ այնքան ատեն որ սուրիացիներուն մեծամասնութիւնը երկրին վարչակարգին կը զօրակցի, ապա տեղի ունեցածը Դամասկոսի դէմ ամերիկեան իսրայէլեան դաւադրութիւն է, որովհետեւ սուրիական վարչակարգի փոփոխութիւնը միայն Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի շահերուն կը համընկնի:

Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց Սուրիոյ ժողովուրդին եւ վարչակարգին` պահպանելու երկիրն ու պետութիւնը եւ երկխօսութեան ճամբով լուծելու թիւրիմացութիւններն ու տարակարծութիւնները, միւս կողմէ կոչ ուղղելով բոլորին մերժելու Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու երեւոյթը եւ Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներու որդեգրումը:

 

Share this Article
CATEGORIES