ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿԸ ԴՐՈՒԱՏԷ ՄԻՒՖԹԻ ՔԱՊՊԱՆԻԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի հետ` դրուատելով անոր ազգային դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան պահպանումին, յատկապէս սահմանադրութիւնը պահպանելու գծով անոր նախանձախնդրութիւնը:

Իր կարգին, միւֆթի Քապպանի շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանին` ընդգծելով, որ Տար էլ Ֆաթուան յանձնառու կը մնայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի անձին նկատմամբ յարգանքը պահպանելու, որովհետեւ ան է երաշխաւորը Լիբանանի գոյատեւման, ինչպէս նաեւ ան է երկրին հայրը, որ նոյն բնակարանին մէջ կը համախմբէ իր զաւակները:

Միւֆթի Քապպանի արժեւորեց նախագահին գիտակցութիւնն ու համբերութիւնը, որոնք նախագահին կողմէ կ՛որդեգրուին` լուծելու համար երկրին քաղաքական հարցերը:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ ստանձնեց շարք մը ապահովական, քաղաքական ու դիւանագիտական տեղեկագիրներ եւ այդ իմաստով տուաւ իր ցուցմունքները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ, որ նախագահին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES