– ՄԵԾ ԲԱԽՈՒՄ` ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՀԱՒԱՔԻ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻՆ ՄԻՋԵՒ – ԶԻԱՏ ՊԱՐՈՒՏ ԻՆՔԶԻՆՔ ԱԶԱՏ ԿԱՑՈՒՑԵՑ ԻՐ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ
Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան պատկանող Թանգարանի յատուկ կեդրոնին մէջ երէկ ծագեցաւ հարց մը, երբ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը, որ իր հարիւրաւոր զինեալ ոստիկաններով ողողած էր կառոյցը, արգիլեց հաղորդակցութեան միջոցներու գործավար նախարար Շարպել Նահհասին մուտքը կառոյցէն ներս, ինչպէս նաեւ արգիլեց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէններուն գործունէութիւնը` արգիլելով գործադրել նախարար Նահհասի որոշումները:
Տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ոստիկաններուն պատասխանատու սպան, որ նախարար Նահհասի հետ դէմ առ դէմ խօսակցութիւն մը ունեցաւ, հաստատեց, որ «Օժերօ»ի տնօրէն խորհուրդը իրենցմէ պահանջած է հսկել բջիջային հեռաձայնի երրորդ ցանցին գործունէութեան:
Նշենք, որ հակառակ նախարար Նահհասի կողմէ կատարուած հաստատումներուն, որ ինք պետութեան ներկայացուցիչն է այդ կառոյցին մէջ եւ ինքն է պատասխանատուն այդ կառոյցին ապահովութեան ու լիբանանեան պետութեան շահերուն իրականացման, տեղեկահաւաքի բաժանմունքի սպան մնաց անդրդուելի եւ չհեռացաւ այդ կառոյցէն:
Հետեւաբար, նախարար Նահհաս եւ անոր ընկերակցող նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնները վերադարձան նախարարութեան կեդրոն` «ենթարկուելով» ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիի հրահանգներուն, մինչդեռ Թանգարանին մէջ գտնուող հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան կեդրոնին մէջ ոստիկաններուն թիւը բարձրացաւ:
Միւս կողմէ, տեղեկահաւաքի բաժանմունքը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ սարքը օրինական է եւ ան լիբանանեան պետութեան ընծայուած նուէր մըն է ` չինական պետութեան կողմէ, իսկ անոր ստանձնումը եւ բանեցումը վստահուած է «Օժերօ»ի խորհուրդին:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նախարար Նահհաս եւ անոր ընկերակցող մասնագիտական անձնակազմին նպատակն էր կասեցնել այդ սարքին աշխատանքը եւ փոխադրել զայն, եւ իբրեւ արդիւնք անոր փոխանցուեցաւ, թէ «Օժերօ»ի խորհուրդը պահանջած է այդ սարքերուն պաշտպանութիւնը եւ արգիլած է այդ սարքերուն դպչիլը` բացի իր արտօնութեամբ:
Հաղորդագրութիւնը բողոքեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան դէմ` նշելով, որ նախարարութիւնը տեղեկահաւաքի բաժանմունքին ոչ մէկ տեղեկութիւն կը փոխանցէ 26 ապրիլ 2011-էն ի վեր:
Իր կարգին, զօր. Աշրաֆ Ռիֆի իր խօսքը ուղղելով Նահհասին յայտնեց, որ նախարարութեան կողմէ սարքերը անջատելու փորձը արգիլուած է «Օժերօ»ի խորհուրդին ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ:
Ռիֆի յայտնեց, որ այդ սարքերուն անջատումը կառավարութեան որոշումի կարիք ունի: Անդրադառնալով այն ժապաւէնին, որուն մէջ յստակ կ՛երեւի, թէ զինեալներ կ՛արգիլեն նախարարին մուտքը խնդրոյ առարկայ կառոյցէն ներս, զօր. Ռիֆի յայտնեց, որ անիկա շինծու ժապաւէն է եւ աւելցուց ըսելով. «Թող ծովը սալահատիկով պատեն»:
Զօր. Ռիֆի ընդգծեց, որ նախարար Նահհասի հետ հարցը շատ աւելի լուրջ է եւ խոր. ան դիտել տուաւ, որ աւելի քան մէկ ամիսէ ի վեր նախարար Նահհաս կը մերժէ մեզի տեղեկութիւններ փոխանցել, «տեղեկութիւններ, որոնց կարիքը ունինք հետապնդելու համար առեւանգուած 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն հարցը», յայտնեց ան:
Զօր. Ռիֆի ուղղակի Նահհասին ակնարկելով շեշտեց, որ ըստ երեւոյթին, նախարարը իր ազգային պատասխանատուութեան զգացումը կորսնցուցած է: Ան շեշտեց, որ իրենց միջեւ հարցը վերածուած է իրարմէ լեցուած սրտերու հարցի` նշելով, որ նախարար Նահհաս բոլորը անպատասխան կը ձգէ:
«Եթէ նախարար Նահհաս կը կարծէ, որ այս ձեւով կրնայ մեր վրայ ազդել եւ մեզի տակնուվրայութեան մատնել, ապա մենք անոր կը յիշեցնենք, թէ մենք առանց դողալու իսկ կռուած ենք Շաքեր Ապսիի եւ Ֆաթհ Իսլամի հետ», եզրափակեց Նահհաս:
Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան կեդրոնին մէջ Նահհաս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ գործող բջիջային հեռաձայնի երրորդ ցանցը ապօրինի կերպով կը գործէ:
Նահհաս խստիւ դատապարտեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնին յայտարարութիւնները եւ յայտարարութիւն կատարելու յանդգնութիւնը` նկատի ունենալով, որ ան իրաւունք չունի առանց ներքին գործոց նախարարին արտօնութեան յայտարարութիւններ կատարելու:
Նահհաս շեշտեց, որ երբ օրինական ապահովական ուժեր կ՛ըմբոստանան եւ կը մերժեն գործադրել իրենց պատասխանատու քաղաքական իշխանութեան հրահանգները, այդ արարքը կը կոչուի յեղաշրջում: «Այս պատահարը ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կողմէ կատարուած յեղաշրջում մըն է, որ տեղի կ՛ունենայ պետական հաստատութեան մը մէջ», ըսաւ Նահհաս:
Ան աւելցուց, որ ինք դիմած է լիբանանեան բանակին, որպէսզի միջամտէ եւ նախարարութեան կառոյցը դատարկէ ըմբոստ ոստիկաններէն, ինչպէս նաեւ տէր կանգնի կառոյցին պարունակած սարքերուն, «որովհետեւ իմացանք նաեւ, որ պայուսակներ դուրս կը բերուին հաղորդակցութեան նախարարութեան պատկանող Թանգարանի կեդրոնէն», աւելցուց ան:
Նահհաս ընդգծեց, որ նախարարութեան մտավախութիւնը մեծ է, որովհետեւ երբ հարիւրաւոր զինեալներ իրենց հակակշիռը կը բանեցնեն քաղաքացիական ծառայութեան պատկանող հաստատութեան մը վրայ, ապա այդ մէկը կը նշանակէ, թէ մտահոգիչ բան մը կայ:
Նշենք, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան աղբիւրները հաստատեցին, որ այդ կառոյցին մէջ կը գտնուի գաղտնի լսումներու կեդրոն մը, ինչպէս նաեւ կը պարունակէ այնպիսի սարքեր, որոնք Լիբանանի տարածքին կատարուած հեռաձայնային բոլոր հաղորդակցութիւններուն հիմնական կեդրոնը կը նկատուին:
Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ «Օժերօ»ի ընդհանուր տնօրէն Ապտել Մենեմ Եուսեֆին պարտականութիւն տրուած էր սարքերը տեղաւորել եւ ոչ թէ այդ սարքերուն տիրութիւն կատարել ու զանոնք բանեցնել:
Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան պատկանող աղբիւրները ընդգծեցին նաեւ, որ բջիջային հեռաձայնի երրորդ ցանցը կը գործէր Լիբանանի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջանին մէջ:
Այս ծիրին մէջ, ներքին գործոց գործավար նախարար Զիատ Պարուտ իր կարգին
պահանջեց տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ուժերէն հեռանալ հաղորդակցութեան նախարարութեան կառոյցէն, սակայն նախարարին հրահանգները չգործադրուեցան եւ ոստիկանները յամառօրէն մնացին իրենց դիրքերուն վրայ:
Ներքին ապահովութեան ուժերուն այս անհնազանդութիւնը Պարուտը մղեց ինքզինք ազատ կացուցելու` նախարարութեան մէջ ստանձնած իր պարտականութիւններէն:
Այս առիթով, Զիատ Պարուտ նախարարութեան կեդրոնին մէջ կայացուց մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ան հաստատեց, որ ինք չի փափաքիր սուտ վկայ ըլլալ անտրամաբանական արարքներու եւ կը մերժէ այն իրականութիւնը, որ իր իշխանութեան տուած իրաւունքները պարզապէս թուղթերու վրայ գրուած կանոններ են, իսկ գետնի վրայ գործնական աշխատանքները այլ եղանակով կ՛ամբողջանան:
Պարուտ շեշտեց, որ ինք կը մերժէ սահմանադրութեան դէմ աշխատիլ եւ կը մերժէ այս կամ այն քաղաքական կողմին պատկանիլ:
«Լիբանանցի ժողովուրդին կ՛ըսեմ, որ պէտք է վերջ տան մեզի գերեվարելու գործողութեան եւ կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին, որ տրամաբանական ու իմաստուն քայլերով փրկեն լիբանանեան պետութեան մնացորդացը` պահպանելով երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը, որով շատ մտահոգ եմ», ընդգծեց Պարուտ: