Քոնկրեսական Սմիթ Օպամայի Վարչակազմէն Խնդրած Է Պատմել Սուրիահայերուն Տրամադրուող Օգնութեան Մասին
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան արտաքին կապերու ենթայանձնախումբի անդամները միացած են ենթայանձնախումբի ղեկավար քոնկրեսական Քրիս Սմիթին, որ դիմած է նախագահ Օպամայի վարչակազմին` հարցնելով սուրիահայերուն, ինչպէս նաեւ երկրին միւս բոլոր քրիստոնեաներու բարեկեցութեան մասին:
Սուրիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններու խնդիրներուն նուիրուած քննարկումներու ընթացքին քոնկրեսական Սմիթ դիմած է արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչին` հարցնելով, թէ Օպամայի վարչակազմը որոշակի ի՛նչ քայլերու ձեռնարկած է երկիրը լքած հայ գաղթականներուն օգնութիւն ցուցաբերելու համար:
Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Թոմաս Մելիա յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնեաները կապի մէջ են հայ համայնքի եւ հայկական եկեղեցւոյ առաջնորդներուն հետ: Ան նշեց, որ մանրամասնութիւնները պիտի ճշդէ եւ զանոնք պիտի ներկայացնէ ենթայանձնախումբին:
Իր կարգին, Հատսոնի համալսարանին կից Կրօնական ազատութեան կեդրոնի տնօրէն Նինա Շէան ներկայացուց քանի մը փաստեր, երբ քրիստոնեաները, որոնց շարքին` սուրիահայերը, յարձակումներու թիրախ դարձած են:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց Քրիս Սմիթին եւ անոր գործընկերներուն` Սուրիոյ մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու խնդիրին վերաբերող քննարկումներ կատարելու վերաբերեալ:


