Ակնարկ. Հեռակառավարումը Եւ Լիբանանեան Իրականութիւնը

Հարաւային Լիբանանի մէջ պատահած դէպքերը լիբանանեան համատարած լարուածութեան ընդհանուր պարունակէն դուրս պէտք չէ դիտարկել անշուշտ: Բանակին դէմ կատարուած յարձակումը պետական խորհրդանիշի դէմ ոտնձգութիւն է. մանաւանդ որ միջադէպի իբրեւ արդիւնք չէ, այլ ուղղակի կատարուած հրահրում է. պատահարը` մթնոլորտ եւ կացութիւն ստեղծելու համար:

Բանակին հասած ծանր հարուածին համարժէք հակազդեցութիւնը զինուորական հաստատութեան կամ պետական կարեւորագոյն խորհրդանիշերէն մէկուն վերահեղինակաւորումը կ՛ենթադրէր, որ պէտք է կայանար արագ, արհեստավարժ գործողութիւններով յագեցած եւ զինեալ խմբաւորումներու կեդրոններու չէզոքացման արդիւնքով աւարտէր: Այդպէս ալ եղաւ:

Ի հարկէ նոյն տարողութիւնը չէր, այսուհանդերձ զուգահեռը Նահր Պարետի հետ անտեղի չէր: Ի վերջոյ բանակին դէմ կատարուած զինեալ ծայրայեղական խմբաւորումներու ոտնձգութիւններուն դէմ համարժէք պատասխան տալու գործողութիւններ  էին երկուքն ալ, որոնք կը միտէին արմատապէս չէզոքացնել նման ահաբեկչական նախաձեռնութիւններու ետին կանգնած ուժերը:

Խնդիրը սակայն, գէթ իբրեւ հարցական կը շարունակէ մրճահարել ընդհանրապէս լիբանանցի քաղաքացին կամ շրջանի քաղաքական գործընթացներուն հետեւողները: Երբ հարաւի մէջ թէ հիւսիսի, անցնելով Պէյրութէն, զանազան միջադէպերու առիթով, քաղաքացին ականատես կ՛ըլլայ նման խմբաւորումներու հրապարակ իջնելուն, զինեալ անարգել երեւոյթներու, յայտարարողական մակարդակի վրայ ոչ մէկ հաստատութիւն հաշուի առնող ելոյթներու, հրահրումի բնոյթ ունեցող սուր ամբաստանութիւններու եւ վերջնագիրի տեսքով հրապարակուող մօտեցումներու, կը տարուի մտածելու, որ ապահովական գետնի վրայ պայթիւնավտանգ կացութեան մը հասունացման բոլոր ճիգերը ի գործ կը դրուին  համակողմանիօրէն:

Խմբաւորումներու գոյառումը, անոնց զինումն ու ֆինանսաւորումը, զինեալ երեւոյթներու հետզհետէ անարգել արմատաւորումն ու տարածումը եւ միջադէպի առիթով կամ հրահրումի իբրեւ անմիջական արդիւնք` զինեալներու անարգել շրջագայութիւնը, այդ ուղղութեամբ կը զարգացնեն մտածողութիւնը:

Իսլամական հարթութեան վրայ միջդաւանական մրցակցութեան, իրար հանդէպ հակակշիռ գործողութիւններու  յարաբերութեամբ կարելի է մեկնաբանել նման երեւոյթներու տարածումը: Յայտնապէս` ոչ միայն Լիբանանի,  այլեւ ընդհանրապէս տարածաշրջանին մէջ իսլամ դաւանանքները իրար հակադրելու աշխարհաքաղաքական ծրագիրներու առկայութեան լոյսին տակ:

Այս հանգամանքն է առաւելաբար, որ մտածել կու տայ, որ նման հրահրումներ, բախումներ, յարձակման գործողութիւններ կրնան իրենց շարունակութիւնը ունենալ: Միեւնոյն ժամանակ կայ յստակ իրականութիւն, որ անոնք բոլորը կը շարունակեն մնալ սահմանափակ բախումներու օղակներու մէջ: Փաստը այն է, որ մեծ կողմերը կը մերժեն ներքաշուիլ նման գրգռութիւններու ծրագիրներուն եւ կը շարունակեն պահել զսպուածութիւն: Այս մէկը անշուշտ կրնայ զուտ ներլիբանանեան որոշումներով չբացատրուիլ: Լիբանանը ոչ միայն քաղաքական հետախուզութեան բաց հրապարակ է, այլ նաեւ զինուորական, աւելի ճիշդը զինեալ խմբաւորումներու:

Այս թոհուբոհին մէջ կրնայ տարօրինակ չթուիլ քաղաքական բանակցութիւններու յանկարծակի վերսկսման կանաչ լոյսերու վառիլը. այնպէս ինչպէս յանկարծակի կոճակներու սեղմումով արագ համախոհութիւն գոյացաւ նոր նշանակուած վարչապետի անձին շուրջ: Նոյնքան վճռակամութեամբ սակայն անորոշութեան մատնուեցաւ նոր կառավարութեան կազմութեան հարցը, կանաչ-կարմիր լոյսերու (ան)տրամաբանութեամբ:

Լիբանանեան քաղաքական կեանքի հեռակառավարման այս գործընթացը ինքնին լուրջ հարուած է այս երկրի ինքնիշխանութեան եւ ինքնուրոյն ղեկավարման: Այստեղ, ինչպէս տարբեր հանգրուաններու, մեծ բացական համալիբանանեան կամքն է` երկիրը փակուղիներէ դուրս բերելու: Հատուածայնութիւնը, դաւանական մօտեցումներու գերակայութիւնը պարզապէս գործիքներն են հեռակառավարման համակարգի գործունէութեան ծաւալման համար:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )