Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր օրը պիտի ընթանայ բնական ընթացքով: Առողջութեան վերաբերեալ աննշան հարցեր նկատի մի՛ առնէք: Շարունակեցէք ձեր աշխատանքը` ըստ սովորականի եւ միացէք զուարթ բարեկամներու:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Նոր հանդիպումներ պիտի ունենաք, պիտի տեսնէք բարեկամական նոր դէմքեր: Ձեր տրամադրութիւնը բարձր պիտի ըլլայ: Շարունակեցէք ուրախ բարեկամներու ընկերակցութիւնը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր հոգերը մէկ կողմ դրէք եւ օգտուեցէք ազատ ժամերէն: Գործը չի պակսիր: Թեթեւ առէք օրուան հարցերը եւ զուարճացէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ժամանակը շատ յարմար է ճամբորդութիւն մը կատարելու: Կրնաք օգտուիլ այս առիթէն ձեր ծրագիրներուն իրականացման հաշուոյն: Շարժեցէք ճիշդ ժամանակին, առանց յամենալու:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դուք կը նկատուիք յարմար անձը` կարեւոր եւ պարծենալու առիթ տուող պարտականութիւն մը իրագործելու: Յաջողութիւնը պիտի ընկերանայ ձեզի: Աշխուժ եղէք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Վարձակալ ըլլաք թէ տանտէր, բոլորն ալ պիտի կարենան կարգադրութիւններ կատարել եւ համաձայնութիւն կնքել: Գործի մարդ ըլլալու պարագային յաջող ներդրում պիտի ունենաք նիւթական իմաստով:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պիտի կարենաք լաւ որոշում տալ գործնական տրամադրութեամբ: Մէկ կողմ պիտի ձգէք այն բաները, որոնք չեն յարմարիր ձեզի: Ուշադրութեամբ պիտի աշխատիք եւ արդիւնաւէտ օր մը պիտի ունենաք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Քիչ մը մարզանք ըրէք, մասնաւորաբար ուժ տուէք քալելու: Այս հարցին մէջ մի՛ ծուլանաք: Ձեր առողջութիւնը առաջնահերթ է:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կը կարօտիք օգնութեան, պիտի կարենաք ունենալ անկեղծ օգնողներ: Երախտագիտութիւն պիտի յայտնէք եւ շնորհակալ պիտի ըլլաք այս օժանդակութեան համար:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պիտի գտնէք ճիշդ բառեր` կարգադրելու համար վէճ մը: Վերջ պիտի դնէք յարձակողական տրամադրութեան երկու կողմերու միջեւ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Չէք կրնար համեղ ճաշի վարպետ մը ըլլալ, հետեւաբար մի՛ ձեւացնէք, որ կրնաք: Յայտնեցէք այն գիտութիւնը, զոր ունիք եւ կարող էք փայլիլ այդ բոլորին մէջ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ինչպէս որ կ՛ուզէք, հագուեցէք եւ յարդարուեցէք` ըստ ձեր ճաշակին: Այսպիսով հանգիստ եւ խաղաղ տրամադրութիւն պիտի զգաք:

Share this Article
CATEGORIES