50 Տարի Առաջ (29 Յունիս 1963)
Խմբագրական
Կրթական Հաշուեփակ
Խրախուսիչ թափով մը երկրորդական եւ ազգային վարժարաններու ամավերջի հանդէսները կը յաջորդեն իրարու: Գրեթէ ամէն օր մամուլի սիւնակներուն մէջ կը կարդանք անունները հայ շրջանաւարտներու կամ պետական քննութեանց մէջ յաջողած հայ աշակերտներու եւ ուսանողներու: Տարուէ տարի այդ թիւը կ՛աւելնայ` կեանքի ասպարէզ նետելով հարիւրաւոր հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք իրենց ամբարած գիտութեամբ եւ արդիական դաստիարակութեամբ կը բարձրացնեն մեր ժողովուրդին կրթական մակարդակը, կը կազմեն սերունդներ` զարգացած հայորդիներու, որոնք հիմնական դեր մը ունին հանրային գետնի վրայ:
Երկրորդական վարժարաններու առաջին գծին վրայ է Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանը, որ այս տարի տուաւ իր 28-րդ հունձքը, ինչպէս կը յիշուի հաստատութեան ամավերջի հանդէսին յատկացուած մեր տեղեկատուութեան մէջ (երկրորդ էջ):
Ճեմարանը մեր կեանքին մէջ աշխատեցաւ ու կրցաւ ըլլալ այն, ինչ որ ուզեցին որ ըլլայ իր լուսահոգի հիմնադիրները` Լեւոն Շանթ եւ Նիկոլ Աղբալեան, որոնք 38 տարի առաջ այս հիւրընկալ ափերուն վրայ կը հաստատէին տոհմային դաստիարակութեան եւ հայաշունչ մթնոլորտի տէր եկրորդական վարժարան մը` համազգայինի մտահոգութիւններով եւ առաջադրանքներով:
Անծանօթ չեն այն պայմանները, դժնդակ ու անձուկ, որոնցմէ անցաւ այս հաստատատութիւնը` հասնելու համար այսօրուան նախանձելի վիճակին: Ճեմարանը ունեցաւ իր հերոսական շրջանը, որ կարելի դարձաւ շնորհիւ իր մեծանուն հիմնադիրներուն եւ անոնց անմիջական գործակիցներուն յարատեւ ջանքերուն եւ անսակարկ նուիրումին: Այդ ջանքերուն եւ նուիրումին պտուղներն են, որ կը քաղենք այսօր ազգովին, անսահման ուրախութեամբ մը, ամէն անգամ որ ներկայ կ՛ըլլանք ճեմարանի ամավերջի հանդէսներուն, ուր մեր հոգեկան արժէքներուն բարձր գիտակցութեամբ դաստիարակուած սերունդներ կը յանձնուին հայ ժողովուրդին:
Նոյն ճակատին վրայ, բայց տարբեր պայմաններով, ազգային վարժարանները եւս բոլորեցին արդիւնաւոր տարի մը` քայլ մը եւս առնելով մեր կրթական մակարդակի բարձրացման ճամբուն մէջ: Շնորհիւ Ազգային իշխանութեանց Ուսումնական խորհուրդի, թաղականութեանց, հոգաբարձութեանց տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմի միացեալ ջանքերուն, հնարաւոր դարձաւ կարելիի սահմաններուն մէջ լրացնել լիբանանեան կրթական ծրագրի պայմանները` միաժամանակ նկատի ունենալով հայեցի կրթութեան պայմանները:
Անցնող տարեշրջանի ընթացքին բարելաւուեցաւ հայ կրթական մշակներու նիւթական վիճակը, թէեւ անիկա հեռու է նախանձելի ըլլալէ: Նկատելի է երկուստեք բարեացակամութիւն մը, որուն շնորհիւ, վստահ ենք, որ ուսուցիչներու հարցը պիտի ենթարկուի արմատական լուծման մը, շնորհիւ այն եկամուտներուն, որոնց մասին կը մտածուի պատկան իշխանութեանց կողմէ:
Առաջիկայ տարիներու ընթացքին լիբանանահայ գաղութը պիտի օժտուի ազգային երկու երկրորդական վարժարաններով. մէկը քաղաքի մէջ, Ս. Նշանի հողին վրայ, ուր պիտի կառուցուի տիպար քոլեճ մը` բարերարութեամբ Պէյրութի հայ երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեանի. միւսը` Պուրճ Համուտի մէջ, ազգապատկան հողի վրայ, ուր պիտի բարձրանայ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան ազգային քոլեճը, Սոֆիա Յակոբեանի եւ Քալիֆորնիոյ Հայ կրթական հիմնարկութեան նուիրաբերած գումարներով:
Վստահ ենք, որ երբ այս երկու երկրորդական վարժարաններուն շինութիւնը աւարտի եւ կրթական ծրագիրը մշակուի` համապատասխան մարմիններու եւ ուսուցչական կազմերու ստեղծումով, լիբանանահայ կրթական կեանքը նոր թափ պիտի ստանայ եւ լայնօրէն գոհացում պիտի տրուի հայ ծնողներուն:
Լիբանան, ազգային վարժարաններու եւ երկրորդական վարժարաններու իր ցանցով, լաւագոյնս պիտի արդարացնէ այն յոյսերը, որ Սփիւռքի հայութիւնը դրած է մեր գաղութին վրայ` իբրեւ հայապահպանման պայքարի գլխաւոր կեդրոն:

